Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապին հանդիպումը Գերմանիոյ ուսանողականներու միութեան անդամներուն հետ Լեւոն ԺԴ. Պապին հանդիպումը Գերմանիոյ ուսանողականներու միութեան անդամներուն հետ  (@VATICAN MEDIA)

Լեւոն ԺԴ. Պապ. «Ուսումն ու աշխատանքը պէտք է դիտարկել ոչ թէ պարզապէս մասնագիտութիւն, այլ՝ կոչում»

Լեւոն ԺԴ. Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ կաթողիկէ ուսանողական միութիւններու անդամները, որոնք իրենց պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տարեկան համագումարը կը գումարեն Հռոմի մէջ։ Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտեց կաթողիկէ հաւատքի, քրիստոնէական մարդասիրութեան ու մարդու էկոլոգիայի կարեւորութիւնը՝ յորդորելով երիտասարդները իրենց ուսումն ու աշխատանքը դիտարկել իբրեւ կոչում եւ ըլլալ ընդհանուր բարիքի վկաներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 5 յունիսին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Գերմանիոյ կաթողիկէ ուսանողական միութիւններու անդամները, որոնք իրենց պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տարեկան համագումարը՝ «Cartellversammlung»-ը, կը գումարեն Գերմանիոյ սահմաններէն դուրս՝ Հռոմի մէջ։

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը բարձր գնահատեց ուսանողներու ուխտագնացութիւնը դէպի Սուրբ Պետրոսի Աթոռ՝ անդրադառնալով անոնց ինքնութիւնը բնորոշող երեք հիմնական առանցքներուն՝ կաթողիկէ հաւատքին, եղբայրական համակեցութեան եւ մշակութային գործունէութեան։

Կաթողիկէ ինքնութիւն եւ արժէքներ

Լեւոն ԺԴ. Պապը յատուկ շեշտեց միութեան ուղեցոյց հանդիսացող չորս սկզբունքները՝ կրօնք, գիտութիւն, բարեկամութիւն եւ հայրենիք։ Ան նշեց, որ անցեալի բռնատիրութիւններու եւ գաղափարախօսութիւններու դիմաց կաթողիկէ հաւատքը երբեք պիտակ մը չէ եղած, այլ՝ կենսակերպ, որ կը խմորէ համալսարանական ու արհեստավարժ միջավայրերը՝ ի նպաստ Գերմանիոյ եւ համայն Եւրոպայի։ «Բռնատիրութեան եւ անցեալի գաղափարախօսութիւններուն դիմաց, կաթողիկէ հաւատքը երբեք սոսկ երեսպաշտութիւն կամ պիտակ մը չէ եղած, այլ՝ համալսարանական ու գործնական միջավայրերու մէջ բաժնեկցուելու կենսակերպ մը» ըսաւ Ան

Քահանայապետը յորդորեց ներկաները արհեստավարժական յեղափոխութեան դարաշրջանին կեդրոնանալ մարդկային անձի վրայ, որ ստեղծուած է որպէս արու եւ էգ, եւ կոչուած է ըլլալու յանձնառութիւն ու նուէր դիմացինին համար։

«Արհեստավարժական յեղափոխութեան մարտահրաւէրներուն դիմաց, դուք պէտք է յատուկ ուշադրութիւն նուիրէք մեր հասարակաց մարդկութեան ուսումնասիրութեան ու արժեւորման։ Իր արական կամ իգական անփոխարինելի արտայայտութեամբ, մարդ անհատը իրողապէս միշտ յարաբերական է ու սահմանափակ, եւ այս պատճառով կոչուած է ըլլալու յանձնառութիւն մը իր անձին համար եւ պարգեւ մը՝ ուրիշին։ Ճիշդ ինչպէս բանականութեան կիրարկումը, այնպէս ալ հաւատքի լոյսը կը լուսաւորէ ներկայ ժամանակի խոստումներն ու պատրանքները՝ հրաւիրելով իւրաքանչիւր անձ իր լաւագոյնը ընելու՝ արդար եւ խաղաղ ընկերութեան մը կերտման նպաստելու համար»։

Միութիւն եւ քրիստոնէական մարդասիրութիւն

Անդրադառնալով միութեան «Անհրաժեշտ հարցերու մէջ՝ միութիւն, կասկածելի հարցերու մէջ՝ ազատութիւն, բոլոր հարցերու մէջ՝ սէր կարգախօսին՝ Սրբազան Հայրը ընդգծեց, որ հաւատքը կը զօրացնէ համագործակցութիւնը՝ առանց տեղի տալու ժամանակակից նորոյթներուն կամ անհատապաշտական հակումներուն։

«Դուք կը ներկայացնէք կաթողիկէ արժէքները հասարակութեան մէջ ոչ թէ որպէս կուսակցական դրօշակակիրներ, այլ՝ որպէս մարդկութեան ընդհանուր բարիքի ներկայացուցիչներ»,- ըսաւ Պապը։

Մասնագիտութենէն դէպի կոչում

Իր պատգամի աւարտին Լեւոն ԺԴ. յորդորեց ուսանողները ուսումն ու աշխատանքը դիտարկել ոչ թէ պարզապէս իբրեւ մասնագիտութիւն , այլ՝ կոչում։ Ան կոչ ուղղեց ըլլալու քրիստոնէական մարդասիրութեան վկաները՝ յատկապէս տկարներու, աղքատներու եւ հիւանդներու կողքին։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ ակնարկեց Ֆրանչիսկոս Պապի Laudato si’ շրջաբերականին՝ հաստատելով, որ մարդ արարածը լոկ մասնիկներու պատահական հաւաքածոյ մը չէ, այլ՝ վերամբարձութեան ձգտող էակ։

Իր պատգամը Քահանայապետը փակեց Գերմանիոյ լուսաւորիչ Սուրբ Բոնիփակիոսի բարեխօսութեամբ, գերմաներէնով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ շնորհեց իր Առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

05/06/2026, 11:50