in Barcelona aerial shots ahead of Pope's visit

Լեւոն ԺԴ. Առաքելական Ճամբորդութեամբ կը մեկնի Սպանիա

Սրբազան Հօր Սպանիա այցելութեան նշանաբանը կազմուած է շարժման մէջ գտնուող բաց շրջանակի մը ձեւով, որ յառաջացած է իրարու միացած եւ դէպի վեր ուղղուած մարդկային կերպարներէ: Այս համադրութիւնը կը յայտնէ համայնք, հանդիպում եւ փոխադարձ աջակցութիւն. հարցը միայն միասին ըլլալը չէ, այլ միասնաբար դէպի ընդհանուր նպատակակէտ մը քալելը: Մարիամ Աստուածածինը, որ զետեղուած է նշանաբանին կեդրոնը, կը ներկայացնէ շարժումին սիրտը. մայրական ներկայութիւն մը, որ կ'ընդունի եւ հայեացքները կ'ուղղէ դէպի Աստուած՝ միութեան եւ յոյսի
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2026 Յունիս 6-էն 12 Սպանիան պիտի հիւրընկալէ Լեւոն ԺԴ. Պապը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի հինգ այցելութիւններէն (1982, 1984, 1989, 1993 եւ 2003) եւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի հետ երեք հանդիպումներէն (2006, 2010 եւ 2011) ետքը: Անցեալ մայիս 26-ին, Սպանիոյ կառավարութիւնը վաւերացուց արքայական օրէնսդրական հրամանագիր մը, որով այս այցելութիւնը կը յայտարարէ որպէս «բացառիկ եւ յատուկ հանրային հետաքրքրութիւն ներկայացնող իրադարձութիւն»:

Քահանայապետը պիտի այցելէ Մատրիտ, Պարսելոնա եւ Քանարեան կղզիները՝ երկու հանգրուաններով` Կրան Քանարիայի եւ Թեներիֆէի մէջ:

Պարսելոնայի մէջ ան պիտի կատարէ Sagrada Família (Սուրբ Ընտանիք) պազիլիքայի նոր եւ ամենաբարձր աշտարակին բացումը, որ կը զուգադիպի Անթոնի Կաուտիի մահուան հարիւրամեակին, որուն գործը կը շարունակէ հիացմունք պատճառել հաւատքին ծառայող իր գեղեցկութեամբ:

Սրբազան Հօր ներկայութիւնը Քանարեան կղզիներուն մէջ՝ գաղթականութեան իրականութեամբ դրոշմուած հողի մը վրայ, վերստին պիտի արծարծէ ուշադրութիւնը իւրաքանչիւր մարդ էակի արժանապատուութեան հանդէպ:

Ճամբորդութեան նշանաբանը

Սրբազան Հօր Սպանիա այցելութեան նշանաբանը կազմուած է շարժման մէջ գտնուող բաց շրջանակի մը ձեւով, որ յառաջացած է իրարու միացած եւ դէպի վեր ուղղուած մարդկային կերպարներէ: Այս համադրութիւնը կը յայտնէ համայնք, հանդիպում եւ փոխադարձ աջակցութիւն. հարցը միայն միասին ըլլալը չէ, այլ միասնաբար դէպի ընդհանուր նպատակակէտ մը քալելը: Մարիամ Աստուածածինը, որ զետեղուած է նշանաբանին կեդրոնը, կը ներկայացնէ շարժումին սիրտը. մայրական ներկայութիւն մը, որ կ'ընդունի եւ հայեացքները կ'ուղղէ դէպի Աստուած՝ միութեան եւ յոյսի նշան բովանդակ ժողովուրդին համար:

Կարգախօսը

Ընտրուած կարգախօսն է՝ Alzad la mirada (Յովհ. 4,35), հրաւէր` հայեացքը վեր բարձրացնելու ամէնօրեայ մտահոգութիւններէն անդին՝ վերստին գտնելու համար Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ բացուելու ուրիշներուն: Անիկա յոյսի եւ խոկումի հրաւէր մըն է, որ կը յորդորէ չփակուիլ սեփական անձին մէջ, այլ վերագտնել միութիւնը, գեղեցկութիւնն ու սէրը՝ որպէս համատեղ կեանքի շօշափելի նշաններ: «Հայեացքը բարձրացնելու» այս արարքին մէջ կ'արտայայտուի նաեւ այն կեցուածքը, որով Սպանիոյ Եկեղեցին կ'ընդունի Սրբազան Հօր այցելութիւնը. բաց սրտով եւ պատրաստ՝ միասին քալելու:

Սպանիոյ Առաքելական Ճամբորդութեան համար ստեղծուած է նաեւ պաշտօնական օրհներգ մը՝ Alza la mirada, որ կը կատարուի Կաթողիկէ ձայներու մեծ երգչախումբին կողմէ: Այս երգչախումբը ստեղծուած է յատուկ այս առթիւ եւ կազմուած է աւելի քան 1700 կամաւորներէ, որոնք կու գան Մատրիտէն, Պարսելոնայէն, Կրան Քանարիայէն եւ Թեներիֆէէն: Փապլօ Սեպրիանի (Pablo Cebrián) գեղարուեստական եւ երաժշտական ղեկավարութեամբ ու VIVAFE հարթակի աջակցութեամբ, ստեղծագործութիւնը իրականացած է սպանական կաթողիկէ երաժշտութեան տարբեր բնագաւառներէ եկած տասնըմէկ երգահաններու համագործակցութեամբ:

Ճամբորդութեան թեմաները

Սպանիոյ մէջ, Լեւոն Պապը պիտի շնչէ պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը ու պիտի հանդիպի Եկեղեցւոյ եւ պետական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հազարաւոր երիտասարդներու, ընտանիքներու, մարզական, մշակութային եւ շարժապատկերի ու թատրոնի աշխարհի դէմքերու, որոնցմէ ոմանք հանդէս պիտի գան հրապարակային ձեռնարկներու ընթացքին:

Եկեղեցւոյ, քաղաքականութեան եւ մշակոյթի միջեւ երկխօսութեան թեման՝ որպէս «բեւեռացումները յաղթահարելու միջոցներ», ինչպէս նաեւ արհեստագիտական ու մարդկային յառաջդիմութեան շուրջ խորհրդածութիւնը՝ Magnifica Humanitas շրջաբերականին լոյսին տակ, պիտի ըլլան Սպանիոյ մէջ Պապին 23 ելոյթներուն (ճառեր, ողջոյնի խօսքեր եւ քարոզներ) հիմնական առանցքները:

Բնականաբար, առանցքային տեղ կը գրաւէ նաեւ «խաղաղութեան» թեման՝ պատերազմներու եւ հակամարտութիւնները վերականգնելու փորձերու դարաշրջանի մը մէջ, եւ նոյն հունով՝ զինաթափման թեման, «զէնքի գործածութեան արդարացման ժամանակաշրջանի մը մէջ»։ «Այս իմաստով, թերեւս կարելի է խօսիլ նաեւ Սպանիոյ եւ աւելի ընդհանուր առմամբ եւրոպական Եկեղեցւոյ դերին մասին՝ իր պատմութեան, իր ամբողջ պատմութեան լոյսին տակ, որպէս թանկագին գանձ՝ ինչպէս վերելքի, այնպէս ալ տագնապի պահերուն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/06/2026, 10:48