2026.06.06 Viaggio Apostolico in Spagna - Nunziatura - saluto gruppo malati e disabili

Բարելաւել հիւանդներու խնամքը եւ բուժել տառապողներուն վէրքերը

Լեւոն ԺԴ Պապին պատգամը՝ ստորագրուած Պետական քարտուղար Կարդինալ Փարոլինի կողմէ, Միջազգային Քարիթասի (Caritas Internationalis) առողջապահական հաւաքին առթիւ՝ «Ամբողջական մօտեցում մը առողջութեան՝ Քարիթաս համադաշնակցութեան մէջ» թեմայով

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

«Նոր թափ՝ գործակցութեան եւ համերաշխութեան համար՝ հիւանդներու առողջապահական խնամքը բարելաւելու ձեր ջանքերուն մէջ, հիմնուած աւետարանական արժէքներուն վրայ»։ Այս է այն արդիւնքը, զոր Լեւոն ԺԴ Պապը կը մաղթէ, որ յառաջանայ Միջազգային Քարիթասի կողմէ Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ (Castel Gandolfo) յունիս 23-էն 25-ը կազմակերպուած Առողջապահութեան խորհրդաժողովին, որուն թեման է՝ «Ամբողջական մօտեցում մը առողջութեան՝ Քարիթաս համադաշնակցութեան մէջ»։

Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ, Քահանայապետը կը յիշեցնէ Սուրբ Գիրքը, որ յաճախ Յիսուսը կը ներկայացնէ «իբրեւ աստուածային բժիշկ, որ փրկութիւն/առողջութիւն կը բերէ հիւանդներուն՝ բուժելով մտային, ֆիզիկական եւ հոգեւոր բազմատեսակ հիւանդութիւններ, որոնք անոնց ցաւ, նուաստացում եւ մեկուսացում կը պատճառէին»։

Իւրաքանչիւր մարդ էակի արժանապատուութիւնը

Պատգամին մէջ կը յիշատակուի նաեւ Magnifica humanitas շրջաբերականի մէկ հատուածը, ուր կը հաստատուի, թէ «գոյաբանական արժանապատուութիւնը կը պատկանի իւրաքանչիւր մարդ էակի՝ պարզապէս անոր գոյութիւն ունենալուն, Աստուծոյ կողմէ կամեցուած, ստեղծուած ու սիրուած ըլլալուն փաստով», հետեւաբար «ան կը գերազանցէ անհատին անձնական պարագաները»։ «Անոնց առողջութիւնը վերականգնելով՝ Յիսուս կը յայտնէ այս բնազդական արժանապատուութիւնը եւ այսպիսով ցոյց կու տայ մեր յաւիտենական փրկութիւնը Աստուծոյ մէջ», կը հաստատէ Պապը։

Գթասիրութիւն եւ բարիք բերել կարօտեալներուն

Այդ իսկ պատճառով, ան կը քաջալերէ Խորհրդաժողովի պատուիրակները՝ «շարունակելու իրենց նպաստը բերել Եկեղեցւոյ առաքելութեան, մինչ ան կը հռչակէ Աստուծոյ Արքայութիւնը՝ հիւանդներուն միջեւ իր ներկայութեամբ, փաստելով, որ փրկութիւնը վերացական գաղափար մը չէ, այլ կը սկսի տառապողներուն վէրքերը բուժելու շօշափելի գործով»։

Հռոմի Եպիսկոպոսին մաղթանքն է, որ այս աշխատանքը «միշտ ուղղուած ըլլայ Աստուծոյ գթասիրութիւնն ու բարութիւնը ամենէն աւելի կարօտեալներուն հասցնելու»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

24/06/2026, 16:32