Լեւոն ԺԴ.Թեներիֆէէն Հռոմ վերադարձաւ՝ Սպանիոյ Ֆելիփէ Զ. Թագաւորին օդանաւով
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկանի
Լեւոն ԺԴ. որ երէկ կէսօրէն ետքը աւարտեց իր Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը վերջին պահուն ստիպուած եղաւ Հռոմ վերադառնալ Սպանիայի Թագաւոր Ֆելիփէ Զ. Թագաւորին անձնական զինուորական օդանաւով, զոր Թագաւորը ազնուութեամբ դրաւ Քահանայապետի տրամադրութեան տակ, տրուած ըլլալով որ Iberia ընկերութեան Airbus A320 օդանաւը որ զինք Թեներիֆէէն Հռոմ պիտի վերադարձնէր, արհեստագիտական հարցեր ունեցաւ։
Քահանայապետը եւ իր մօտիկ համագործակիցները փոխադրող Օդանաւը Թեներիֆէն մեկնեցաւ 18:08-ին (տեղական ժամանակով, Իտալիոյ ժամով՝ 19:08-ին) եւ Հռոմ հասաւ մօտաւորապէս ժամը 23:06-ին (Հռոմի ժամանակով), ինչպէս հաղորդած էր Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակը։ Սուրբ Աթոռի անձնակազմն ու Պապական թռիչքի լրագրողները աւելի ուշ վերադարձան IBERIA-ի կողմէ տրամադրուած այլ օդանաւով մը։ Այս իսկ պատճառաւ Թռիչքի ընթացքին նախատեսուած Քահանայապետը լրագրողներուն հետ ասուլիսը կարելի չեղաւ։
Այսպէս 7 օր ետք, Թեներիֆէ Նորթէ – Լոս Ռոտէոս օդակայանին մէջ աննախադէպ կերպով աւարտեցաւ Լեւոն ԺԴ-ի չորրորդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը։ Ճամբորդութիւն մը, որ զինք Սպանիա տարած էր յունիս 6-էն 12-ը։
Յայտնենք որ Իպերիա ընկերութեան Թռիչքի ընթացակարգը սկսած էր տեղական ժամանակով ժամը 16:15-ի սահմանները (իտալական ժամով՝ 17:15-ին), արդէն իսկ աւելի քան մէկ ժամուան ուշացումով. Սակայն կարճ ժամանակ անց օդանաւի սանդուխը ետ բերուեցաւ եւ Ֆելիփէ Զ Թագաւորը, որ պահ մը առաջ բարի երթ մաղթած էր Քահանայապետին, օդանաւ բարձրացաւ ու Քահանայապետին ընկերացաւ օդակայանի VIP սրահ։ Ապա օդանաւէն վար իջան Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը եւ Պապական պատուիրակութեան միւս կարդինալներն ու եպիսկոպոսները։
Մինչ Պապը թռիչքի մէջ էր, հրապարակուեցան այն հեռագիրները, որոնք ուղղուած էին Սպանիոյ եւ Քահանայապետական օդանաւի թռիչքի ուղիին վրայ գտնուող երկիրներու պետական ղեկավարներուն։ Ֆիլիփ Զ. թագաւորին ուղղուած նամակին մէջ, Քահանայապետը դարձեալ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց միապետին, «իշխանութիւններուն եւ սպանացի ժողովուրդին՝ այս այցելութեան ընթացքին իրեն ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան եւ առատաձեռն հիւրընկալութեան համար»։ Թագաւորին ու բոլոր սպանացի ժողովուրդին Ազգի խաղաղութեան ու միասնութեան համար իր շարունակական աղօթքները ապահովելով՝ Լեւոն ԺԴ.ը աստուածային առատ օրհնութիւններ հայցեց իւրաքանչիւրին վրայ։
Մարոքի Մոհամմետ Զ. թագաւորին եւ անոր ժողովուրդին՝ Քահանայապետը վերստին յղեց իր լաւագոյն մաղթանքները՝ վստահեցնելով իր աղօթքները «Թագաւորութեան բարօրութեան համար»։ Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլային ուղղուած նամակին մէջ Պապը գրած է, թէ Սպանիոյ մէջ ուրախութիւնը ունեցած է «զգալու այդ սիրելի ժողովուրդին կենդանի հաւատքը, որ արմատաւորուած ըլլալով աւետարանական արժէքներուն մէջ, այսօր ալ կը յատկանշուի հիւրընկալութեան ոգիով եւ քրիստոնէական եղբայրութեամբ»։ Ան նաեւ հաւաստիացուցած է իր մշտական աղօթքը «սիրեցեալ իտալական ժողովուրդին»։
Պապին պատգամը Քանարեան կղզիներուն մէջ
Պետրոսի Յաջորդը, Սպանիա կատարած իր ճամբորդութեան վերջին երկու օրերուն՝ Կրան Քանարիա եւ Թեներիֆէ կատարած այցելութիւններով, ուզեց իրականացնել Ֆրանչիսկոս Պապին արտայայտած ճամբորդութեան փափաքը՝ դառնալով իր քահանայապետութեան կարեւորագոյն հանգրուաններէն մէկը։ Գաղթականներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին ան շեշտեց, թէ այս չքաւոր եղբայրներէն յափշտակուած դրամը ո՛չ խաղաղութիւն պիտի տայ, ո՛չ պատիւ եւ ո՛չ ալ ապագայ։ Ան զգուշացուց մարդոց վաճառքով զբաղող մաքսանենգները՝ յղում ընելով Սուրբ Պօղոսի՝ Կորնթացիներուն ուղղուած երկրորդ նամակին, թէ ամէն կորսուած կեանքի, ամէն խաբուած ընտանիքի, ամէն ենթարկուած մարմնի, ամէն սպառնալիքի ենթարկուած կնոջ եւ ամէն շահագործուած աշխատաւորի համար «պիտի ներկայանաք աստուածային արդարութեան առջեւ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
