Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Քանարեան Կղզիներուն մէջ. Առաքելական ճամբորդութեան վեցերորդ օրը

Լեւոն ԺԴ-ի այցելութիւնը Քանարեան կղզիներ կը հաստատէ մօտիկութեան զօրաւոր պատգամ մը գաղթականներուն, աջակցութիւն՝ տեղական Եկեղեցւոյ, և յոյս՝ այնպիսի տարածաշրջանի մը համար, որ կը հանդիսանայ արդի աշխարհի գլխաւոր խաչմերուկներէն մէկը։ Լեւոն ԺԴ. առաջին Քահանայապետն է որ կ՛այցելէ այս արշիպեղագոսի մայրաքաղաքը` բազմամշակութայնութեան, գաղթականական երեւոյթի եւ այնպիսի Եկեղեցիի ու ժողովուրդի մը երկիր, որոնք իրենց ուժը կը գտնեն հիւրընկալութեան եւ համերաշխութեան մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

11 Յունիս 2026-ին Լեւոն ԺԴ Պապին Սպանիա կատարած քահանայապետական առաքելական ճամբորդութիւնը յատկանշուեցաւ անոր Լաս Փալմաս Տէ Կրան Քանարիա փոխադրումով։

Լեւոն ԺԴ. առաջին Քահանայապետն է որ կ՛այցելէ այս արշիպեղագոսի մայրաքաղաքը` բազմամշակութայնութեան, գաղթականական երեւոյթի եւ այնպիսի Եկեղեցիի ու ժողովուրդի մը երկիր, որոնք իրենց ուժը կը գտնեն հիւրընկալութեան եւ համերաշխութեան մէջ։

Քահանայապետը 11 Յունիսի առաւօտեան հրաժեշտ առնելէ ետք Պարսելոնայի Արքեպիսկոպոսարանէն, որ երկու օրուան տեւողութեամբ եղած էր իր բնակավայրը, կ՛ ուղղուի Պարսելոնայի միջազգային օդակայան ուրտեղէն «Իպերիա»  օդանաւային ընկերութեան թռիչքով կը մեկնի դէպի ճամբորդութեան երրորդ հանգրուան հանդիսացող` Լաս Փալմաս տէ Կրան Քանարիա, սաւառնելով Սպանիոյ, Մարոքի և Փորթուկալի օդային տարածքներու վրայէն։ 

Քանարեան կղզիները

Քանարեան կղզիները, Սպանիոյ ինքնավար համայնք մըն են, հրաբխային արշիպեղագոս Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ՝ հիւսիս-արեւմտեան Ափրիկէի ափերուն բացերը։ Եօթը գլխաւոր կղզիներուն մէջ, Կրան Քանարիան ծանօթ է որպէս «պզտիկ ցամաքամաս»՝ իր բնապատկերներու մեծ բազմազանութեան պատճառով։

Կղզիին կեդրոնատեղին՝ Լաս Փալմաս տէ Կրան Քանարիան, կը գտնուի կղզիին հիւսիս-արեւելքը։ Անոր պատմական կեդրոնը՝ Վեկուեթան, կը հիւրընկալէ կարեւոր յուշարձանային շէնքեր, որոնց կարգին՝ Սանթա Անայի Մայր Եկեղեցին եւ ուշագրաւ այլ պատմական կառոյցներ։

Հիմնադրուած 1478-ին՝ Խուան Ռեխոնի կողմէ, քաղաքը դարձաւ կարեւոր կայան մը դէպի Ամերիկաներ տանող ուղիներուն վրայ։ 1599-ին հոլանտացի ծովահէններու կողմէ կողոպտուելէ ետք, ան արագօրէն վերականգնեցաւ եւ յաջորդող դարերուն ընդունեց բազմաթիւ եւրոպացի գաղթականներ։ 1852-էն ի վեր, շնորհիւ ազատ նաւահանգիստի իր կարգավիճակին, ան հաստատուեցաւ որպէս Սպանիոյ գլխաւոր նաւահանգիստներէն մէկը։

Ժամանում

Մօտ երեք ժամ տեւած ճամբորդութենէ մը ետք, Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կը կատարէ Կրան Քանարիա-Կանտօ ռազմաօդային խարիսխ, տեղական ժամով մօտ 10,38-ին որ Հռոմի Ժամանակով կը համապատասխանէ 11,38-ին։

Սրբազան Քահանայապետը կը դիմաւորուի տեղական իշխանութիւններուն կողմէ։

Արկինեկինի նաւահանգիստը

Օրուան առաջին հանդիպումը տեղի կ ՛ունենայ Արկինեկինի (Arguineguín) նաւահանգիստին մէջ, որ վերջին տարիներուն արշիպեղագոսը յուզող գաղթականութեան տագնապի խորհրդանշական վայրն է եւ ծանօթ է որպէս «ամօթի նաւահանգիստ», մինչ այժմ կ՛ուզէ դառնալ յոյսի նաւահանգիստ։

Հոն Լեւոն ԺԴ. կը հանդիպի գաղթականներու ընդունելութեամբ զբաղող կառոյցներուն հետ՝ մտիկ ընելով ծովային փրկարարներու, «Քարիթաս»ի կամաւորներու, մարդկային առեւտուրի զոհերու և այնպիսի անձերու վկայութիւնները, որոնք Քանարեան կղզիներ հասնելէն ետք կրցած են նոր կեանք մը կերտել։

Ներկայացուած բարի գալուստի խօսքերէն եւ վկայութիւններէն ետքը Լեւոն Պապը ներկաներուն կ՛ ուղղէ իր պատգամը, որուն աւարտին ծաղկեպսակ մը կը զետեղուի ի յիշատակ ծովային ճամբով գաղթի զոհերուն՝ լռութեան և աղօթքի մթնոլորտի մը մէջ, կը յաջորդէ Քահանայապետի կողմէ ովկիանոսը կտրելու համար գաղթականներուն օգտագործած նաւակի մը փայտէն շինուած խաչի մը օրհնութիւնը։

Հանդիպում Քանարեան Կղզիներու Եկեղեցւոյ հետ

Նորին Սրբութիւնը ապա կը փոխադրուի պատմական Սրբուհի Աննայի Մայր Տաճար, որ կը գտնուի Լաս Փալմաս տէ Կրան Քանարիայի հինաւուրց սիրտը հանդիսացող Վեկուեթա (Vegueta) թաղամասին մէջ։

Ճամբու ընթացքին ան քաղաքապետին ձեռամբ կը ստանայ Լաս Փալմասի «Ոսկեայ Բանալին»՝ իբրև քաղաքին և Պետրոսի Յաջորդին միջև գոյութիւն ունեցող կապի խորհրդանիշ։

Մայր տաճար ժամանելուն Լեւոն Պապը կը դիմաւորուի տեղւոյն Եպիսկոպոսի կողմէ ինչպէս նաեւ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Աւագերէցին կողմէ ապա նախ քան կեդրոնական խորան ուղղուիլը պահ մը լռելեան աղօթք կը կատարէ Սուրբ Հաղորդութեան խորանին մօտ։

Տաճարին մէջ Սրբազան Պապը հանդիպում կ՛ ունենայ կղզեխումբի բոլոր կողմերէն ժամանած եպիսկոպոսներու, քահանաներու, սարկաւագներու, կրօնաւորներու, կրօնաւորուհիներու, նորընծաներու և հովուական խնամատարութեան սպասաւորներուն հետ։

Քանարեան Կղզիներու եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Խօսէ Մասուելոս Փերեսի ողջոյնի խօսքէն եւ Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետքը Քահանայապետին կը ներկայացուին մի քանի վկայութիւններ, որոնց կը յաջորդէ Լեւոն Պապին ճառը, ապա առաքելական օրհնութիւնը։

Սուրբ Պատարագը՝ Կրան Քանարիայի մարզադաշտին մէջ

Հանդիպման աւարտին Սրբազան Պապը կ՛ուղղուի Լաս Փալմասի Առաջնորդարան ուրտեղէն ուշ կէսօրէն ետքը  կ՛ ուղղուի Կրան Քանարիայի մարզադաշտ, ուր զինք կը դիմաւորեն կղզեխումբի բոլոր կղզիներէն խուռներամ ժամանած հաւատացեալներու ցնծագին բազմութիւնը։

Արարողութեան վայր ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով կը շրջեցի մարզադաշտին մէջ՝ ողջունելով ներկաները ապա մարզադաշտին մէջ պատրաստուած կեդրոնական ամպիոնէն կը մատուցէ Սուրբ Պատարագը որուն ընթացքին Հաւատացեալներու աղօթքները կը հնչեն տարբեր լեզուներով՝ սպաներէն, անգլերէն, ֆրանսերէն և ուոլոֆերէն (Wolof)՝ ի վկայութիւն Եկեղեցւոյ տիեզերական չափանիշին և Քանարեան կղզիներու յատուկ կոչումին՝ իբրև Եւրոպայի, Ափրիկէի և Ամերիկայի միջև հանդիպման վայր։

Արարողութեան աւարտին, Քանարեան Կղզիներու եպիսկոպոսը երախտագիտութեան խօսք կ՛ ուղղէ Սրբազան Հօր՝ անոր ներկայութեան և կղզեխումբի ընկերային ու հովուական մարտահրաւէրներուն հանդէպ ցուցաբերած ուշադրութեան համար։

Օրը կը փակուի Քահանայապետին Լաս Փալմասի Եպիսկոպոսարան վերադարձով։

Լեոն ԺԴ-ի այցելութիւնը Քանարեան կղզիներ կը հաստատէ մօտիկութեան զօրաւոր պատգամ մը գաղթականներուն, աջակցութիւն՝ տեղական Եկեղեցւոյ, և յոյս՝ այնպիսի տարածաշրջանի մը համար, որ կը հանդիսանայ արդի աշխարհի գլխաւոր խաչմերուկներէն մէկը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/06/2026, 08:00