2026.06.06 Viaggio Apostolico in Spagna - Partenza da Fiumicino

Սկիզբ առաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին չորրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը

Ան Սպանիա կը մեկնի տեղական քրիստոնեայ համայնքը հաստատելու հաւատքին մէջ եւ յոյս ներշնչելու բոլորին։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապէն ետքը Լեւոն Պապը կը հանդիսանայ երրորդ Քահանայապետը որ կ՛այցելէ երկիրը տրուած ըլլալով` որ Ֆրանչիսկոս Պապը երբեք առիթը չէ ունեցած այցելելու զայն։ Վերջին այցելուն եղած է Պենետիկտոս ԺԶ. 2011 Թուականին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ` 6 Յունիս 2026-ի առաւօտեան սկիզբ առաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին չորրորդ միջազգային ճամբորդութիւնը, որ զինք կ՛առաջնորդէ Սպանիա, հանդիսանալով երրորդ Քահանայապետը, որ կ՛այցելէ այս եւրոպական երկիրը` վերջին Քահանայապետի մը այցելութենէն 15 տարիներ ետքը։

Առաջին Քահանայապետը որ այցելութիւն տուած էր Սպանիա եղած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. որ հինգ անգամ եղած է այնտեղ, ապա Պենետիկտոս ԺԶ.ը որ երեք անգամ այցելած է Երկիրը` մինչ Ֆրանչիսկոս Պապը երբեք չէր այցելած զայն։

Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան կանուխ Վատիկանէն մեկնելով՝ ուղղուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան որտեղէն իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին մեկնեցաւ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտ՝ ուր կը ժամանէ երկու ու կէս ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք։

Ճամբորդութեան այս առաջին օրը կը ներառէ պաշտօնական հանդիպումներ, տեսակցութիւններ բարեգործական աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ եւ աղօթքի մեծ հսկում մը՝ հազարաւոր երիտասարդներու մասնակցութեամբ։

Լեւոն ԺԴ. Պապը փոխադրող «ITA Airways»-ի օդանաւը Հռոմի «Լէոնարտօ տա Վինչի-Ֆիումիչինօ» միջազգային օդակայանէն թռիչք առաւ առաւօտեան ժամը 8:13 անց։

Ատոլֆօ Սուարես Մատրիտ-Պարախաս» օդակայան ժամանելուն Քահանայապետը պիտի դիմաւորուի Ֆելիփէ Զ. թագաւորին եւ Լեթիցիա թագուհիին կողմէ՝ զինուորական պատիւներու, պատուիրակութիւններու ներկայացման եւ օդակայանի Պատուոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած կարճատեւ առանձնազրոյցի արարողակարգով։

Նորին Սրբութիւն հուսկ կ՛ուղղուի Մատրիտի Թագաւորական պալատ` սպանական միապետութեան խորհրդանիշ ու երկրի պատմութեան սիրտը ուր նախատեսուած է պաշտօնական դիմաւորման արարողութիւնը։

Սրբազան Պապին այսօրուան օրակարգը կը նախատեսէ ապա այց «CEDIA 24 horas» Միացման եւ ընդունելութեան կեդրոն ապա աղօթքի հսկում սպանացի երիտասարդներու մասնակցութեամբ։

Լեւոն ԺԴ. Պապին սոյն ճամբորդութեան կարգախօսն է Alzad la mirada (Յովհ. 4,35), որ հրաւէր է հայեացքը վեր բարձրացնելու վերստին գտնելու համար Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ բացուելու ուրիշներուն:

Նորին Սրբութեան ճամբորդութիւնը կ՛ընգրկէ Մատրիտ, Պարսելոնա եւ Քանարեան կղզիները երկու հանգրուաններով` Կրան Քանարիայի եւ Թեներիֆէ։

Ճամբորդութիւնը պիտի աւարտի յառաջիկայ ուրբաթ 12 Յունիսին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/06/2026, 08:13