Pope Leo XIV visits Spain

Լեւոն Պապը տարբեր հանդիպումներ ունեցաւ Պարսելոնայի մէջ

Քահանայապետը հանդիպեցաւ Քաթալոնիայի Ժեներալիթաթի (Կառավարութեան) նախագահ Սալվատոր Իլլա ի Ռոքայի հետ, ապա Կազմակերպիչ Յանձնախումբին հետ, հանդիպեցաւ «Միջերկրականեան Հանդիպում MED26»-ի շուրջ 200 մասնակիցներուն հետ ապա խումբ մը օգոստինեան միաբանութեան անդամներուն հետ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը ինը Յունիսի յետմիջօրէին իր «թելեկրամ» յարթակի միջոցաւ տեղեկացուց` որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը որ  Մատրիտէն փոխադրուեցաւ Պարսելոնա քաղաք` այս վերջինիս մէջ ունեցաւ զնազան հանդիպումներ տարբեր անձնաւորութիւններու եւ խումբերու հետ։

Հանդիպում Քաթալոնիայի Ժեներալիթաթի նախագահին հետ
Հանդիպում Քաթալոնիայի Ժեներալիթաթի նախագահին հետ   (@Vatican Media)

Հանդիպում Քաթալոնիայի Կառավարութեան նախագահին հետ

«Այսօր կէսօրէ ետք, Պարսելոնայի Արքեպիսկոպոսարանին մէջ, Լեւոն ԺԴ Պապը կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթալոնիայի Ժեներալիթաթի (Կառավարութեան) նախագահ Սալվատոր Իլլա ի Ռոքայի հետ, որուն հետ զրուցեց շուրջ 15 վայրկեան։ Աւարտին, Պապը ողջունեց նախագահի քանի մը աշխատակիցները» կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի Թելեկրամ ալիքին վրայ։

Ճամբորդութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին հետ

«Յաջորդիւ, Լեւոն Պապը համառօտ խօսքով մը դիմեց Կազմակերպիչ Յանձնախումբին՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իր առաքելական ճամբորդութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ թափուած ջանքերուն համար։ Յանձնախումբի անդամներուն իր օրհնութիւնը տալէ ետք, Սրբազան Պապը հանդիպեցաւ «Միջերկրականեան Հանդիպում MED26» շուրջ 200 մասնակիցներուն, որ այս օրերուն կը գումարուի Պարսելոնայի մէջ» նշուած է միշտ Թելեկրամ ալիքին վրայ։

«Միջերկրականեան Հանդիպում MED26»
«Միջերկրականեան Հանդիպում MED26»   (@Vatican Media)

«Միջերկրականեան Հանդիպում MED26»

«Լեւոն Պապը ողջոյնի խօսք ուղղեց անոնց՝ յորդորելով ճամբորդութեան՝ թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ՛ հոգեւոր իմաստով, հասնելու այն նաւահանգիստները, ուր մարդիկ եւ կիներ կը սպասեն բարի լուրին։ Ան ակնարկեց այն բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն, որոնց առջեւ կը գտնուի Միջերկրականի տարածաշրջանը, յատկապէս Միջին Արեւելքը, եւ իր երախտագիտութիւնն ու քաջալերանքը յայտնեց այն աշխատանքին համար, որ կը միտի աշխարհը աւելի լաւ վայր մը դարձնել, երկխօսութիւն կառուցել եւ տեսնել, որ «բազմազանութեան մէջ հարստութիւն կայ, եւ բազմազանութեան մէջ կարելի է միացած ըլլալ»։

Հանդիպման աւարտին, Պապը հրաւիրեց մասնակիցները միասնաբար աղօթելու «Հայր Մեր»-ը։

Հանդիպում Քաթալոնիայի Օգոստինեան ընտանիքի անդամներուն հետ
Հանդիպում Քաթալոնիայի Օգոստինեան ընտանիքի անդամներուն հետ   (@Vatican Media)

Օգոստինեան Միաբանութեան անդամները

«Վերջապէս, Լեւոն Պապը առանձնացաւ Քաթալոնիայի Օգոստինեան ընտանիքի շուրջ 25 անդամներուն հետ՝ անոնց հետ զրուցելու համար։ Ջերմ ու մտերիմ մթնոլորտի մը մէջ, Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները չփակուելու իրենց համայնքներուն մէջ, այլ իրենց հոգեւոր կեանքի հարստութիւնը տանելու բոլորին՝ այն վայրերուն մէջ, ուր կ՚ապրին։ Իր օրհնութիւնը տալէ ետք, ան անհատապէս ողջունեց ներկաները»։

Ներկաներու շարքին էին նաեւ Պարսելոնայի Ռավալ թաղամասին մէջ գործող օգոստինոսեան միջազգային համայնքի անդամները։ Ֆիլիփիններէն եւ Թանզանիայէն եկած այս կրօնաւորները հովուական, կրթական եւ ընկերային գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր ծուխերու մէջ՝ յատկապէս ընկերակցելով գաղթականներուն, ընտանիքներուն, երիտասարդներուն եւ դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն։
Պարսելոնայի մէջ օգոստինոսեաններու դարաւոր ներկայութիւնը, սկիզբ առած է ԺԴ դարուն, եւ կ՛ընդգծէ օգոստինոսեան ընտանիքի մեծ մասնակցութիւնը Պապին դէպի Սպանիա կատարած հովուական ճամբորդութեան, որուն մէջ ներգրաւուած են աւելի քան 8.000 հաւատացեալներ։
Ի վերջոյ, օգոստինոսեան կուսանոցներու քանի մէջ համայնքներ իրենց սէրն ու յարգանքը արտայայտցին Քահանայապետին հանդէպ՝ պատրաստելով խորհրդանշական նուէրներ, ինչպէս՝ թեւնոցներ եւ աւանդական «pastas de San Alonso» թխուածքաբլիթները, որոնց ընկերակցած է ողջոյնի եւ մտերմութեան նամակ մը։

Պապին հանդիպումը իր եղբայրակիցներուն հետ
Պապին հանդիպումը իր եղբայրակիցներուն հետ   (@Vatican Media)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

09/06/2026, 18:59