Սպանիոյ Պատգամաւորները եօթը վայրկեանէ աւելի ծափահարութեամբ ողջունեցին Լեւոն Պապին ճառը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի 8 Յունիսին Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը օրը սկսաւ առաւօտեան` Պապական Նուիրակութեան մէջ մատուցած պատարագով, որմէ ետքը նոյն վայրին մէջ ընդունեց Սպանիոյ կառավարութեան նախագահ Փետրօ Սանչես Փերես-Քասթեխոնը՝ անոր հետ ունենալով առանձնազրոյց մը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ուղղուեցաւ Մատրիտի Քորթեսներու պալատին մէջ գտնուող Պատգամաւորներու Ժողով` որ Սպանիոյ խորհրդարանի Ստորին Պալատն է եւ ունի համամասնական ընտրակարգով ընտրուած 350 պատգամաւոր։ Սենատին հետ միասին ան կը կազմէ Ընդհանուր Քորթեսը (Cort Cortes Generales)՝ Սպանիոյ օրէնսդիր մարմինը։
Հանդիպման վայր ժամանելուն Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Քոնկրեսի նախագահ Ֆրանսինա Արմենկոլի եւ Ծերակոյտի նախագահ Փետրօ Ռոլան Օխետայի ու այլ բարձրաստիճան քաղաքական ղեկավարներու կողմէ որոնք` երկու Երկիրներու քայլերգերու կատարումէն ետքը, Քահանայապետը առաջնորդեցին «Փալասիօ տէ լաս Քորթես»-ի Լիագումար նիստերու դահլիճ, ուր Ան ստորագրեց Պատուոյ գիրքը եւ ստացաւ «Ժամագիրք»-ի մը վերատպութիւնը։
Մարդկային անձի արժանապատուութիւնը` կեդրոն
Ապա նոյն վայրին մէջ Պատգամաւորներու Ժողովի Նախագահը ողջոյնի խօսք ուղղեց Քահանայապետին, որուն յաջորդեց անոր երկարաշունչ պատգամը, որուն մէջ, Լեւոն Պապը զօրաւոր կոչ մը ուղղեց սպանական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն, որպէսզի մարդկային անձի արժանապատուութիւնը դնեն քաղաքական եւ օրէնսդրական գործունէութեան կեդրոնը:
Յիշեցնելով Սպանիոյ մշակութային եւ իրաւական աւանդութիւնը, Ան վերյիշեց Սալամանքայի դպրոցին ներդրումը՝ մարդկային իրաւունքներու համընդհանուր գիտակցութեան եւ իշխանութեան բարոյական պատասխանատուութեան ձեւաւորման գործին մէջ: Այնուհետեւ անդրադարձաւ արդի ժամանակներու քանի մը գլխաւոր մարտահրաւէրներուն, որոնց կարգին՝ արհեստական բանականութեան, գաղթականութեան, կեանքի պաշտպանութեան, ընտանիքի դերին եւ նոր սերունդներու դաստիարակութեան:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ միջազգային խաղաղութեան: Պապը մտահոգութիւն յայտնեց Եւրոպայի եւ աշխարհի տարածքին տիրող սպառազինութեան աճին նկատմամբ՝ պնդելով, որ իրական ապահովութիւնը կը ծնի արդարութենէն, երկխօսութենէն եւ միջազգային իրաւունքի յարգանքէն:
Ան ապա հրաւիրեց Սպանիան չմոռնալու իր պատմական ու հոգեւոր արմատները եւ շարունակելու ըլլալ հանդիպման, համերաշխութեան ու յոյսի երկիր մը, որ ընդունակ է միացնելու համոզումներու հաստատակամութիւնը եւ երկխօսութեան բացուածքը:
Քահանայապետին ճառը
Սրբազան Պապը ճառը սկսաւ ողջունելով Սպանիոյ Պետական բարձրագոյն իշխանութիւնները (Կառավարութեան Նախագահը, Համագումարի, Ծերակոյտի եւ գլխաւոր դատարաններու Նախագահները) ու խորհրդարանականները շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին եւ Պատգամաւորներու Համագումարի Պալատին մէջ իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար։
Քահանայապետին եւ Սուրբ Աթոռին դերը
Ներկայանալով` ապա որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովուապետ Նորին Սրբութիւնը յղում ընելով Lumen gentium սահմանադրութեան, յիշեցուց Պետրոսի Յաջորդին վստահուած առաքելութիւնը , որ կը հասկցուի որպէս միութեան սկզբունք եպիսկոպոսներուն եւ հաւատացեալներուն համար այս ծիրէն ներս ընդգծելով նաեւ թէ ինչպէս այս դերը Սուրբ Աթոռը մշտապէս կը մղէ երկխօսութեան մէջ մտնելու ժողովուրդներու եւ պետութիւններու հետ:
Եկեղեցւոյ ու Պետութեան միջեւ մօտիկութիւնը եւ յարաբերութիւնը
Քահանայապետը ապա բացատրութիւններ տուաւ Սպանիոյ մէջ իր ներկայութեան խորունկ իմաստի մասին, որ հիմնուած է երկու սիւներու վրայ. Մօտիկութիւն եւ Գործակցութիւն եւ Մարդկային ուղիի բաժնեկցութիւն։
Եկեղեցին «կը քալէ մարդկութեան հետ»՝ բաժնելով անոր յոյսերն ու վէրքերը, թոյլ տալով, որ իրեն հարցադրումներ ուղղուին ժամանակակից կեանքի մարտահրաւէրներուն կողմէ, նշեց Սրբազան Պապը, աւելցնելով` թէ երբ Եկեղեցին կը միջամտէ հանրային կեանքին, ան միշտ կը գործէ՝ յարգելով հաստատութիւններու սեփական առաքելութիւնը եւ օրէնսդիրներու օրինաւոր պատասխանատուութիւնը՝ լիովին ճանչնալով «երկրաւոր իրականութիւններու ինքնավարութիւնը»:
Ճարտարագիտութիւն եւ յառաջդիմութիւնը. Անհատի կեդրոնականութիւնը
Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա այսօր աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող յառաջդիմութեան, յատկապէս արհեստական բանականութեան եւ նոր ճարտարագիտութիւններու ընձեռած կարելիութիւններուն մասին եւ յղում կատարելով իր վերջերս հրապարակած՝ Magnifica humanitas շրջաբերականին, վերահաստատեց` որ «ճարտարագիտութիւնը չէզոք չէ, քանի որ անիկա կ'արտացոլէ զայն ծրագրողին, ֆինանսաւորողին եւ օգտագործողին արժէքներն ու նպատակները»:
Այս փոփոխութիւններուն դիմաց, բարոյական քննութիւնը պէտք է կեդրոնը դնէ մարդ անհատը՝ գնահատելով անոր ազդեցութիւնը աշխատանքի արժանապատուութեան, զօրակցութեան, ընկերային քաղաքականութեան եւ հասարակաց բարիքին վրայ:
Արդարութեան հիմքը. Անձեռնմխելի արժանապատւութիւնը
Պապը շեշտեց, որ ընկերութիւն մը ճշմարտապէս արդար է միայն այն ատեն, երբ կը ճանչնայ մարդու անձեռնմխելի արժանապատուութիւնը.
Այս արժանապատուութիւնը չի կրնար կախեալ ըլլալ անցողիկ ընկերային համաձայնութիւններէ կամ քաղաքական մեծամասնութիւններէ, նշեց Քահանայապետը յղում՝ կատարելով Պենետիկտոս ԺԶ-ի 2011 թուականի մէկ ճառին ու հաստատեց թէ այդ արժանապատւութիւնը կը պատկանի մարդ էակին՝ սոսկ իր գոյութեան փաստով։
Կոչ օրէնսդիրներուն եւ պայքար մնացորդացի մշակոյթին դէմ
Սրբազան Հայրը ուղղակիօրէն դիմելով օրէնքներ գրելու պատասխանատուութիւնը ունեցողներուն՝ զգուշացուց մնացորդացի մշակոյթի վտանգներէն (հասկացողութիւն մը, որ շատ հարազատ է Ֆրանչիսկոս Պապին). «Եթէ կեանքը կորսնցնէ իր հիմնական արժէքը, ընկերութեան ապագան վտանգի տակ կը գտնուի։ Համայնք մը չի կրնար ինքզինք արդար կոչել, եթէ կը մոռնայ ամենատկարները՝ դեռ չծնած երեխան, տարեցը, հիւանդը, տառապողը եւ անոնք, որոնք ինքնաբաւ չեն: Մարդկային կեանքի պաշտպանութիւնը կողմնակալ կամ զուտ կրօնական բնոյթի հարց չէ, այլ կը ներկայացնէ քաղաքակրթութեան նուաճում մը: Ամէն կեանք պէտք է ճանչցուի եւ պահպանուի յղացումի առաջին իսկ պահէն», եղան Քահանայապետին շեշտադրումները։
Հասարակաց Բարիքը որպէս համատեղ հորիզոն
Ան ապա խօսեցար հասարակաց բարիքի մասին մէջբերելով Magnifica humanitas շրջաբերականը, որպէս «մարդկային արժանապատուութեան ընկերային ձեւը»:
Անիկա անհատական շահերու պարզ գումար մը չէ, այլ այն ընկերային պայմաններու ամբողջութիւնն է, որոնք խումբերուն եւ անհատներուն թոյլ կու տան լիովին իրականանալ: Եթէ այս ընդհանուր հորիզոնը պակսի, հանրային գործունէութիւնը կրնայ տրոհուիլ մասնակի շահերու՝ աչքաթող ընելով բոլորին պատկանող արժէքներու պաշտպանութիւնը, նշեց ի միջի այլոց Լեւոն Պապը:
Ընտանիքը` ընկերութեան հիմք
Ան ապա Ընտանիքը ներկայացուց որպէս առաջին մարդկային իրականութիւն եւ համայնքի բնական կորիզը: Վայր` ուր կը միանան սերունդները եւ կը փոխանցուի յիշողութիւնը, որ շարունակականութիւն կու տայ ընկերութեան: Ընտանիքին զօրակցիլը կը նշանակէ ամրապնդել ազգերու հոգեւոր եւ ընկերային կայունութիւնը: Ընտանիքը արդարեւ «մարդկութեան առաջին դպրոցն» է, ուր կը սորվին համակեցութեան հիմնական քերականութիւնը՝ ընդունիլ կեանքը, հոգ տանիլ դիմացինին, ներել, ծառայել եւ պատկանիլ» շեշտեց ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը։
Կրթական հաստատութիւններու դերը եւ ծնողներուն հետ դաշինքը
Ընտանիքի կողքին կայ ապա դպրոցներուն եւ կրթական հաստատութիւններուն վճռորոշ դերը՝ նոր սերունդները դէպի ճշմարտութեան փնտռտուք, քննադատական մտածողութիւն եւ կեանքի իմաստին առաջնորդելու գործին մէջ, նշեց Սրբազան Հայրը։
Գաղթականական ողբերգութիւնը
Ան ապա ակնարկեց աշխարհը յուզող այլ մեծ հարցի մը` գաղթականութեան ողբերգութիւնը։ Մարդկային արժանապատուութեան հաստատումը չի կրնար տեսական մնալ գաղթականական ցաւալի ողբերգութեան դիմաց:
Այն բազմաթիւ մարդոց, կիներուն եւ երեխաներուն վիճակը, որոնք ստիպուած են ամէն ինչ ձգել՝ խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ ապագայ փնտռելու համար, ուղղակիօրէն կը տագնապեցնէ ազգերուն խիղճը եւ այս երեւոյթը վճռական մարտահրաւէր մըն է ամբողջ միջազգային կարգի բարոյական հիմքերուն համար, ըսաւ Քահանայապետը շեշտելով` որ գաղթականներուն եւ փախստականներուն հարցը չի կրնար վերածուիլ սոսկ «հոսքերու կառավարման», այլ պէտք է վերստին կեդրոն դնէ անհատները եւ լուծէ մեկնումներուն խորքային պատճառները:
Այս ուղղութեամբ Ան ընդգծեց ընկերային արդարութեան երկակի պահանջք մը. Առաջինը ընդունելութիւն եւ համարկում որ կը նախատեսէ ապահով ու օրինական ուղիներու տրամադրում՝ երաշխաւորելով արժանապատիւ ընդունելութիւն եւ ներառման իրական կարելիութիւններ ապա Մնալու իրաւունքը` որ կը նշանակէ ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որպէսզի ոչ մէկը ստիպուած ըլլայ լքելու իր տունը, պատերազմներու, անապահովութեան, աղքատութեան, տնտեսական անհաւասարութեան կամ կլիմայական տագնապի ազդեցութեան պատճառով։
Մարդավաճառութեան հարցը – Միջազգային համագործակցութեան հրամայականը
Լեւոն ԺԴ. դատապարտեց գաղթականական ուղիներուն աճող վտանգաւորութիւնը նշելով որ այս մէկը յաճախ անտեսուած ողբերգութիւն մըն է, ուր շատեր զոհ կը դառնան մարդոց վաճառքով զբաղողներուն ու մաքսանենգներուն, որոնք կը շահագործեն ուրիշներուն յուսահատութիւնը:
Այս չարիքին դէմ պայքարելու համար, Ան կոչ ուղղեց հզօրացնելու երեք հիմնական քայլեր տարածաշրջանային եւ բազմակողմանի գործակցութեան միջոցաւ` Կանխարգիլումը, Փրկարարութիւնը, եւ զոհերուն օգնութիւն մատուցելը։
Մարդավաճառութեան այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար հարկաւոր է միջազգային համագործակցութիւն որովհետեւ` «ոչ մէկ ազգ կրնայ առանձին դիմագրաւել այսքան բարդ մարտահրաւէր մը», նշեց ապա Սրբազան Պապը, դիտել տալով` թէ այս հարցին համար անհրաժեշտ է համայնքային պատասխան մը, որ ըլլայ համակարգուած, զօրակից եւ արդիւնաւէտ:
«Միայն երբ հաստատութիւններուն գործունէութիւնը կը յատկանշուի մօտիկութեամբ ու արդարութեամբ, սահմանները կը դադրին լքուածութեան եւ մահուան վայրեր ըլլալէ՝ վերածուելով իւրաքանչիւր մարդ էակի արժանապատուութեան պատասխանատու պաշտպանութեան տարածքներու» նշեց Նորին Սրբութիւնը:
Խաղաղութիւնը որպէս բարոյական պահանջ
Ան առ այդ նկատել տուաւ, որ աշխարհը կը գտնուի հոգեւոր եւ մշակութային խոր տագնապի մը մէջ, որ կը յատկանշուի բռնութեամբ, բեւեռացումով եւ անվստահութեամբ: Այս իրավիճակին մէջ, խաղաղութիւնը սոսկ քաղաքական նպատակ մը չէ, այլ բարոյական պահանջ, որ կ'ենթադրէ հանրային խօսք՝ հիմնուած դիմացինի կարծիքներուն յարգանքին վրայ, հանդիպումին միտող հաստատութիւններ եւ պատմական յիշողութիւն՝ ուղղուած ճշմարտութեան եւ հաշտութեան ապա ընկերային կեանք մը՝ որ ընդունակ ըլլայ մշակելու քաղաքացիական բարեկամութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը՝ հակառակ տարբերութիւններուն:
Միջազգային խաղաղութիւնը եւ պատերազմի դատապարտումը
Համաշխարհային մակարդակով, խաղաղութեան կերտումը կը պահանջէ դիւանագիտական քաջութիւն, բարոյական պատասխանատուութիւն եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդի ինքնութեան յարգանք՝ պետութիւններու պարտաւորութեամբ՝ վէճերը խաղաղութեամբ լուծելու միջազգային օրէնքի միջոցաւ, հաստատեց Սրբազան Պապը, իւրաքանչիւր պատերազմ սահմանելով որպէս «բանակցութեան կարողութեան եւ մարդկութեան հաւաքական խղճի ցաւալի պարտութիւն», մինչ զէնքերը կրնան միայն ժամանակաւոր լռութիւն մը պարտադրել, բայց երբեք չեն կրնար կերտել վաւերական ու տեւական խաղաղութիւնը:
Վերազինում եւ Ռազմական Արհեստական Բացականութիւն
Սրբազան Հայրը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Եւրոպայի եւ աշխարհի մէջ տարածուած վերազինման միտումներուն նկատմամբ, որ յաճախ կը ներկայացուին որպէս անխուսափելի պատասխան միջազգային հաստատութիւններու թուլութիւններուն:
Ան բացատրեց թէ իրական ապահովութիւնը չի ծնիր զէնքերէն, այլ արդարութենէն, համբերատար երկխօսութենէն եւ այնպիսի քաղաքականութենէ մը, որ ժողովուրդներուն կեանքը կը դնէ պատերազմի շահերէն առաջ:
Ասկէ մեկնելով ան ուժեղ կոչ մը ուղղեց զինուորական ոլորտին մէջ նոր ճարտարագիտութիւններու եւ արհեստական բանականութեան օգտագործման վտանգներուն նկատմամբ` որոնց ուղղութեամբ անհրաժեշտ նկատեց խիստ բարոյական հսկողութիւն մը, որպէսզի կեանքի եւ մահուան վերաբերեալ որոշումները երբեք չվստահուին ինքնաշխատ համակարգերուն, այլ մնան մարդ էակի բարոյական պատասխանատուութեան տակ (յղում՝ 14 Մայիս 2026-ին «Սափիենցա» համալսարանին մէջ արտասանած ճառին):
Դիւանագիտական երկխօսութեան արժէքը
Ճառին մէջ Նորին Սրբութեան այլ մէկ կոչերէն մին ուղղուեցաւ միջազգային համայնքին, որպէսզի վերագտնէ երկխօսութիւնը՝ որպէս արդար համաձայնութիւններու հասնելու միակ համբերատար ուղի: Այս ճամբան պէտք է հիմնուի դաշնագիրերու յարգանքին, դիւանագիտական թափանցիկութեան եւ ուժի կիրարկումը մերժելու անկեղծ կամքին վրայ, որոնք անհրաժեշտ տարրեր են ապագայի հանդէպ վստահութիւնն ու յոյսը վերականգնելու համար:
Լեզուի զինաթափումը եւ ներքին խաղաղութիւնը
Լեւոն Պապը առ այդ բացատրեց, որ խաղաղութիւնը սոսկ քաղաքական իրականութիւն մը չէ, այլ նախ եւ առաջ կը ծնի մարդոց խղճին մէջ՝ ոխը փոխարինելով հաշտութեամբ:
Այս ծիրէն ներս վճռորոշ դեր մը վստահուած է լեզուին. բառերը ունին իրականութիւնը միացնելու կամ բաժնելու, լուսաւորելու կամ աղաւաղելու ուժը:
Անոնք, որոնք հանրային պաշտօններ կը վարեն, ունին բառը պահպանելու եւ «լեզուի զինաթափման» ի նպաստ գործելու յատուկ պարտականութիւն, մինչ քաղաքացիական բանավէճերուն մէջ պէտք է յարգուի հիմնական սկզբունք մը` այն է թէ սեփական դիրքորոշումներու մէջ հաստատակամութիւնը պէտք չէ վերածուի արհամարհանքի եւ տարակարծութիւնը երբեք պէտք չէ վերածուի դիմացինի նուաստացումին:
Մտքի, խղճի եւ կրօնի ազատութիւնը
Դիմացինի հանդէպ յարգանքէն կը բխի այն պարտականութիւնը, որով պէտք է պաշտպանուի այն ներքին տարածքը, ուր կը հասուննան անձնական համոզումները, խիղճը եւ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը: Այս հաւասարակշռութիւնը հիմնական է իւրաքանչիւր ժողովրդավարական ընկերութեան համար եւ կ'արտայայտուի մտքի, խղճի ու կրօնի ազատութեամբ:
Արդարեւ արդիական, վաւերականօրէն ազատ Պետութիւն մը կը ճանչնայ եւ իրաւականօրէն կը պաշտպանէ մարդ էակի կրօնական չափանիշը՝ երաշխաւորելով, որ ոչ մէկը ստիպուած ըլլայ հրաժարելու ընկերութեան մէջ իր նպաստը բերելէ՝ սեփական հաւատքին պատճառով:
Ճշմարիր ազատութիւնը եւ Հանրային Իշխանութեան դերը
Քահանայապետը հուսկ բացատրեց ազատութեան բարոյական հասկացողութիւնը՝ զանազանելով իրաւական մակարդակը բարոյականէն.
Ազատ ըլլալ չի նշանակեր միայն ստիպողականութեան բացակայութիւն կամ ընտրութեան կարելիութիւն, այլ բարին ճանչնալու եւ անոր պատասխանատուութեամբ յարելու կարողութիւն, ապա ազատութեան իրաւունքը պահպանելու համար, հանրային իշխանութիւնը պէտք է ունենայ արդար սահմանափակում՝ խուսափելով անհատներու եւ համայնքներու ազատութիւնը անտեղի կերպով սահմանափակելէ, յարեց Քահանայապետը որ ապա ուզեց յստակացնել աշխարհական եւ կրօնական ոլորտներուն միջեւ սահմանները բացատրելով որ աշխարհիկ կարգի (Պետութեան) օրինաւոր ինքնավարութիւնը երբեք պէտք չէ մեկնաբանուի որպէս թշնամանք կրօնի հանդէպ:
Ապա թէ հաւատքը չի յաւակնիր պարտադրուելու արտօնութիւններու կամ բռնի ուժի միջոցաւ, բայց միեւնոյն ատեն չի կրնար լռութեան մատնուիլ կամ անկարեւոր նկատուիլ հանրային կեանքին համար:
Դահլիճի խորհրդանիշերը եւ ազատութեան արմատները
Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածեց Նիստերու Դահլիճի ճարտարապետական եւ գեղարուեստական տարրերու մասին ակնարկելով անոր ապակեայ տանիքին ուր վերէն թափանցող բնական լոյսը ներկաներուն կը յիշեցնէ, որ քաղաքականութիւնը պէտք է ճանչնայ բարոյական եւ գաղափարական չափանիշ մը, որ կը նախորդէ եւ կը գերազանցէ զայն, ապա Գլխաւոր պատի նկարները կը յուշեն Աւետարանի եւ Տասը Պատուիրաններու ընդունումը: Առանց քաղաքական կարգը կրօնականին հետ շփոթելու, այս խորհրդանիշները կը վկայեն, որ արդի ազատութիւնը զարգացած է քրիստոնէական աւանդութեամբ դրոշմուած խղճի երկարատեւ դաստիարակութեան շնորհիւ ըսաւ Սրբազան Պապը դրուատելով որոշ սկզբունքներ. «Օրէնքը պէտք է ծառայէ բարիքին, եւ արդարութիւնը պէտք է սահմաններ դնէ ուժի կիրարկման, ապա իշխանութիւնը օրինականութեան կարիքը ունի, հուսկ աղքատներն ու օտարները լիովին կը պատկանին համայնքին եւ պէտք է ընդունուին արժանապատուութեամբ եւ ի վերջոյ մարդկային կեանքը երբեք չի կրնար նկատուիլ որպէս ապրանք»։
Օրէնքի ճշմարիտ չափանիշը եւ բարոյական նորոգութիւնը
Վերասահմանելով օրէնսդրութեան արժէքը Լեւոն Պապը հաստատեց` թէ օրէնք մը մեծ չէ սոսկ այն պատճառով, որ ձեւականօրէն եւ պաշտօնապէս վաւերացուած է, այլ մեծ կը դառնայ, երբ լիովին կը յարգէ մարդ էակի արժանապատուութիւնը:
Ան ապա ակնարկեց ճամբորդութեան կարգախօսին «Հայեացքը դէպի վեր բարձրացնելու» հրաւէրին` զայն ներկայացնելով որպէս յիշեցում մը՝ ուղղուած գործնական պատասխանատուութեան. յիշել, որ ամէն հանրային որոշում կ'ազդէ իրական մարդոց վրայ, յատկապէս անոնց, որոնք ձայն չունին իրենք զիրենք լսելի դարձնելու: Այս պատճառով, արհեստագիտական ու օրէնսդրական բարեփոխումներու կողքին, անհրաժեշտ է զուգահեռ բարոյական նորոգութիւն մը:
Սպանիոյ դերը եւ նպաստը
Քահանայապետը ճառը եզրափակեց ակնարկելով համաշխարհային բեմահարթակին վրայ Սպանիոյ ունեցած կարողականութեան արժեւորումով, մեկնելով սպաներէնի լեզուէն, որ ընդունակ է ցամաքամասեր միացնելու:
Սպանիան ապա ունի մշակութային, իրաւական եւ հոգեւոր հաստատուն աւանդութիւն մը, որ գիտցած է երկխօսութեան մէջ դնել այնպիսի հիմնական հասկացողութիւններ, ինչպիսիք են՝ հաւատքն ու բանականութիւնը, օրէնքն ու խիղճը, միասնութիւնն ու բազմազանութիւնը:
Սպանացի ազգին այս յատուկ պատմական փորձառութիւնը ի յայտ կը բերէ համերաշխութեան եւ համբերատար յանձնառութեան բարձր արժէքը՝ կերտելու համար համակեցութիւն մը, որ ըլլայ խաղաղ եւ արդար:
Չկորսնցնել արմատներուն յիշողութիւնը
«Թող այս վսեմ Ազգը երբեք չկորսնցնէ իր արմատներուն յիշողութիւնը եւ ոչ ալ ապագային նայելու քաջութիւնը։ Թող Սպանիան շարունակէ ըլլալ հանդիպումի, մշակոյթի, համերաշխութեան ու յոյսի երկիր։ Եւ թող անոր հանրային կեանքը միշտ գիտնայ միացնել համոզումներու ամրութիւնը՝ երկխօսութեան ազնուութեան եւ ծառայութեան վեհութեան հետ» ըսաւ ճառի աւարտին Քահանայապետը ու մաղթեց` որ «Աստուած խաղաղութիւն շնորհէ երկրագունդի բոլոր ազգերուն, համերաշխութիւն՝ ընտանիքներուն եւ անդորրութիւն՝ խիղճերուն։ Եւ Սպանիոյ Թագաւորութեան վրայ, որ դրոշմուած է Սուրբ Յակոբոսի առաքելական կնիքով եւ Փիլարի Սուրբ Կոյսի մայրական ներկայութեամբ, թող իջնեն բարգաւաճութեան, արդարութեան եւ տեւական խաղաղութեան օրեր»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
