Որոնել

Սանթ Անճելօ Լոտիճանոյի մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը յարգանքի տուրք մատուցեց Սրբուհի Ֆրանչեսքա Քապրինիին

Սրբազան Պապը ընդգծեց, թէ Մայր Քապրինին կրցած էր հասկնալ իր ժամանակի կարիքները՝ հրաժարելով Չինաստան մեկնելու իր փափաքէն եւ նուիրուելով Ամերիկայի մէջ հաստատուած իտալացի գաղթականներուն ծառայութեան։Իր խօսքի աւարտին, Քահանայապետը յատուկ կոչ ուղղեց երիտասարդներուն՝ ճանչնալու եւ ուսումնասիրելու Սրբուհի Քապրինիի կեանքն ու գրութիւնները։ Ան նաեւ քաջալերեց Լոտիի եկեղեցին՝ ապրելու իսկական սինոտականութիւն, միասնականութեամբ եւ ծառայութեան ոգիով, հետեւելով Սրբուհիին վկայութեան եւ օրինակին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 20 Յունիս 2026-ին Լեւոն ԺԴ. Պապին իտալիոյ տարածքին մէջ կատարած կէս օրուայ հովուական ճամբորդութեան օրակարգը աւարտեցաւ Սանթ Անճելօ Լոտիճանօ թեմին Անոր տուած հակիրճ այցելութեամբ ուր Ան փոխադրուեցաւ յարգանքի տուրք մատուցելու գաղթականներու պաշտպան սրբուհի Սրբուհի Ֆրանսեքա Սավերիօ Քապրինիին` որ է նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջին սրբուհին, որ ծնած էր Սանդ՜Անճելօ Լոտիվանոյի մէջ 1850-ին ու մահացած 1917-ին Չիքակոյի մէջ, Լեւոն ԺԴ. Պապին ծննդավայրը, ինչպէս նկատել տուաւ նոյնինքն Քահանայապետը Սանդ Անճելօ Լոտիճանօ Թեմ ժամանելէն ետքը Սուրբ Անտոն Աբբահայր և Սրբուհի Ֆրանչեսքա Քապրինիի ժողովրդապետութեան մէջ հանդիպում ունենալով եւ աղօթելով տեղական համայնքին ու կղերական դասին հետ միասին։

Չիքակոյի մէջ մահացած Սրբուհին

«Երբ իմացայ, որ Սանթ’Անճելօ Լոտիճանոն ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր հեռու է Փաւիայէն, մտածեցի առիթը օգտագործել… Եւ ահաւասիկ հոս եմ: Շնորհակալ եմ ձեր ջերմ ընդունելութեան համար: Ասով դուք ինծի կը ցուցաբերէք Լոտիի եկեղեցւոյ սէրը Պապին հանդէպ. սէր մը, զոր Մայր Քապրինին կը տածէր բացառիկ նուիրումով ու հնազանդութեամբ» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան եւ Սրբուհի Ֆրանչեսքա Քապրինիի Սրտի մեծարման արարողութեան ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ։

Կարդալ ժամանակի նշանները 

Քահանայապետը առ այդ նշեց, թէ ինչպէ՛ս այս իտալացի կրօնաւորուհին կրցած էր կարդալ իր ժամանակի նշանները՝ մէկդի դնելով Չինաստան մեկնելու իր փափաքը, որպէսզի փոխարէնը նուիրուի Ամերիկայի մէջ հաստատուած իտալացի գաղթականներուն: Հետեւելով Լեւոն ԺԳ. Պապին եւ Սուրբ Ճովաննի Պաթիսթա Սքալապրինիի ցուցմունքին՝ Մայր Քապրինի հասկցաւ, որ իսկական առաքելութիւնը հոն է, ուր կարիքը աւելի հրատապ է, յարեց իր միջի այլոց Լեւոն Պապը հաստատելով որ «Անոր օրինակը այսօր յատկապէս արդիական կը թուի նոր ու բարդ տեղաշարժերով (գաղթականութեամբ) յատկանշուած աշխարհի մը մէջ»:

Սրբուհի Քապրինիին կեանքի նուիրումը ամենատկարներուն

Քրիստոսի Սրտի սիրով տոգորուած՝ Սրբուհի Քապրինի իր կեանքը նուիրեց ամենատկարներուն՝ հասնելով գաղթականներուն ամենադժուար վայրերուն մէջ՝ հանքերէն մինչեւ բանտերը, անոնց ցուցաբերելով հոգեւոր ու նիւթական աջակցութիւն յիշեց ապա Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին ուսուցումին, որ կեդրոնացած էր գաղթականներու ընդունելութեան եւ խնամքին վրայ՝ մատնանշելով քրիստոնէական սէրը (բարեգործութիւնը) որպէս ներկայի մարտահրաւէրներու պատասխան:

«Իմ կողմէս, ես ժառանգեցի եւ առաջ տարի Ֆրանչիսկոս Պապին Ուսուցումը՝ «Dilexi te» առաքելական յորդորակով՝ աղքատներու հանդէպ սիրոյ մասին. եւ հոն, ուր կը խօսուի քրիստոնէական սիրոյ մասին՝ «գաղթականներուն ընկերակցելու» ձեւով, ճիշդ Սուրբ Ճովաննի Պաթիսթա Սքալապրինիի կողքին, կը յայտնուի Սրբուհի Ֆրանչեսքա Սաւերիօ Քապրինիի կերպարը» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. բացատրելով թէ «Անոր մայրական սիրտը, որ հանգիստ չունէր, կը հասնէր ամէնուրեք՝ գաղթականներուն. խրճիթներու, բանտերու եւ հանքերու մէջ» (թիւ 74): Ինքն իսկ գրած է այսպէս. «Ոչ մէկ աշխատանք չափազանց դժուար պիտի ըլլայ, ոչ մէկ երկիր՝ չափազանց հեռու, ոչ մէկ անձ՝ չափազանց վիրաւոր՝ Յիսուսի Սրտի սիրոյն համար, եւ բոլոր անոնց համար, որոնք հրաւիրուած են ըլլալու Քրիստոսի սիրոյ կրողները աշխարհի մէջ»:

Կոչ բոլորին ճանչնալու Սրբուհի Ֆրանչեսքա Քապրինին

Նորին Սրբութիւնը հուսկ առիթէն օգտուելով ուզեց կոչ մը ուղղել, յատկապէս երիտասարդներուն. «ճանչցէ՛ք Սրբուհի Ֆրանչեսքա Քապրինին: Կարդացէ՛ք անոր գրութիւնները, որոնք լեցուն են Յիսուսի եւ առաքելութեան հանդէպ խանդավառութեամբ. անոր նամակները, ճամբորդական օրագիրները, իր հոգեւոր խորհրդածութեան նշումները: Անոնք, որոնք կը ճանչնան Մայր Քապրինին, կը հիանան անով … ան ընկղմած էր Քրիստոսի Սրտի սիրոյն մէջ, եւ ասիկա իրեն կու տար աշխատելու արտակարգ կարողութիւն եւ հոգեկան անսովոր ուժ՝ համահունչ Պօղոս առաքեալի նշանաբանին. «Ամէն ինչ կրնամ Անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փլպ. 4,13):

Կոչ Լոտիի եկեղեցիին

«Այս կոչը յատուկ կերպով կ’ուղղեմ Լոտիի Եկեղեցւոյ» շարունակեց Սրբազան Պապը մաղթելով որ Սրբուհիին օգնէ զանոնք՝ ըլլալու Քրիստոսի հանդէպ սիրահարուած, իր Աւետարանին վկաները՝ գործունեայ ու առատաձեռն ոճով, ի ծառայութիւն ամենաաղքատներուն:

«Թող օգնէ ձեզի ապրելու իրական սինոդականութիւնը՝ քալելով միասնական եւ միասին ձգտելով սրբութեան՝ շնորհներու եւ պաշտօններու բազմազանութեան մէջ որուն համար կ’ապահովեցնեմ ձեզի իմ աղօթքս» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը մաղթելով նաեւ` որ համայն Եկեղեցին նայի Սիրոյ այս սքանչելի առաքելուհիին, սորվելու համար, թէ ի՞նչ կը նշանակէ ծառայել Աստուծոյ Արքայութեան՝ պատմութեան ամենաեռուն պահերուն»։

Յայտնենք` որ վերոնշեալ հանդիպումի աւարտին Քահանայապետը զինք փոխադրող ուղղաթիռով վերադարձ կատարեց Վատիկան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

20/06/2026, 19:48