Լեւոն ԺԴ. Պապը Մատրիտի մէջ կոչ ուղղեց երկխօսութեան, հաշտութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 6 Յունիս 2026-ին Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը` Մատրիտի Թագաւորական Պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սպանիոյ քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կեանքի ներկայացուցիչներուն ու հաստատութիւններուն հետ։
Ֆելիփէ Զ. Թագաւորի ողջոյնի խօսքէն ետքը, Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով Սպանիա այցելելու իրեն ուղղուած հրաւէրին համար, ընդգծեց Երկրին ու քրիստոնէութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող խոր կապը, զոր աւանդութեան համաձայն սկիզբ առած է Մեծն Յակոբոս առաքեալի օրերուն։
Քրիստոնէական հաւատքի հիմնարար դերը սպանական մշակոյթի կազմաւորման գործին մէջ
Քահանայապետը յիշեցուց, թէ քրիստոնէական հաւատքը հիմնարար դեր ունեցած է սպանական մշակոյթի կազմաւորման մէջ եւ այսօր ալ կը շարունակէ յոյս, իմաստ եւ ուղղութիւն ներշնչել ժամանակակից ընկերութեան դիմագրաւած բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն առջեւ։ Ան արժեւորեց ժողովրդային բարեպաշտութեան աւանդութիւնները, Սպանիոյ հարուստ գեղարուեստական եւ երաժշտական ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ բարեգործական բազմաթիւ նախաձեռնութիւնները՝ զանոնք նկատելով Աւետարանի եւ սպանացի ժողովուրդին հանդիպման կենդանի վկայութիւններ։
Ամրապնդել հաւատքը ու խթանել հաշտութիւն եւ գործակցութիւն
Լեւոն ԺԴ. Պապը շեշտեց, որ իր այցելութեան հիմնական նպատակը հաւատացեալներուն մէջ Աւետարանին հանդէպ հաւատարմութիւնը ամրապնդելն է, միաժամանակ խթանելով հաշտութիւնը եւ գործակցութիւնը հասարակութեան տարբեր բաղադրիչներուն միջեւ։ Այս ծիրէն ներս ան անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապի ուսուցումներուն՝ վերահաստատելով, որ խաղաղութիւնը կը ծնի հանդիպումի եւ երկխօսութեան մշակոյթէն, ոչ թէ գաղափարախօսական հակադրութիւններէն։
Սուրբ Յովհաննէս Խաչակիրի եւ Սրբուհի Թերեզա Աւիլացիի օրինակը
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Երկրի երկու կարեւոր Սուրբերուն եւ քրիստոնէական հոգեւորականութեան վարդապետներուն` Սուրբ Յովհաննէս Խաչակիր` (Ճիովաննի տելլա Քրոչէ) եւ Սրբուհի Թերեզա Տ՛Ավիլան` որոնց ուսուցումներէն մեկնելով խորհրդածեց ժամանակակից աշխարհի դիմաց կայացած մարտահրաւէրներու մասին։
Սուրբ Յովհաննէս Խաչակիրէն Քահանայապետը որդեգրեց «մութ գիշեր»-ի թեման, որ կ՚ընկալուի ոչ թէ որպէս պարզ տառապանք, այլ՝ որպէս աճումի ու մաքրագործման ժամանակաշրջան։ Այսօր ալ, անորոշութեան, տագնապներուն եւ մոլորութեան դիմաց, կարիքը կայ այնպիսի անձերու, որոնք ընդունակ են նոր լոյս մը եւ նոր կարելիութիւններ նշմարելու դժուարութիւններուն մէջ։
Իսկ Թերեզա ԱՎիլացիէն որդեգրեց «ներքին ամրոց»-ի պատկերը, որ կը ներկայացնէ դէպի սեփական սրտի խորութիւնն ու ճշմարտութիւնը տանող ուղին։
Այս ճամբան չ՚առաջնորդէր դէպի մեկուսացում, այլ՝ դէպի աւելի մեծ բացուածք՝ Աստուծոյ, ուրիշներուն եւ աշխարհին հանդէպ։ «Ասկէ կը բխի կրօնական ու խղճի ազատութեան պաշտպանութեան կարեւորութիւնը» դիտել տուաւ Սրբազան Պապը։
Աճող բեւեռացումը եւ մարդկային արժանապատուութեան խախտումները
Քահանայապետը նաեւ անդրադարձաւ արդի հասարակութիւններուն մէջ աճող բեւեռացումին, մարդկային արժանապատուութեան խախտումներուն եւ հանրային երկխօսութեան նահանջին։ Ըստ անոր, այս երեւոյթներուն դիմակայելու համար անհրաժեշտ է զարգացնել մշակոյթը, որակեալ կրթութիւնը, ներաշխարհի հարստութիւնը եւ գերանցական արժէքներու հանդէպ բացուածութիւնը։
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը
Խօսելով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան մասին՝ Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց, որ Եկեղեցին կը ծառայէ մարդկային սրտի խորագոյն փափաքներուն՝ ոչ թէ պարտադրանքի, այլ Աւետարանի վկայութեան միջոցաւ։ Ան հաստատեց, որ Եկեղեցին պատրաստ է իր նպաստը բերելու այնպիսի ապագայի կառուցման, ուր հաշտութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը կ'արմատանան հասարակական կեանքին մէջ։
Պապը հրաւիրեց յաղթահարել պատմութեան ու հասարակութեան պառակտիչ եւ պարզունակացուած պատմուածքները՝ փոխարէնը բարդութիւնը ընդունելով որպէս հարստութիւն։ Ըստ Անոր՝ այս մէկը Եւրոպայի, եւ յատկապէս Սպանիոյ հիմնական առաքելութիւնն է, որ կրնայ աշխարհին առաջարկել համակեցութեան եւ երկխօսութեան օրինակելի տիպար մը։
Թուային աշխարհ եւ նոր արհեստագիտութիւններ
Անդրադառնալով թուային աշխարհին եւ նոր արհեստագիտութիւններուն՝ Սրբազան Պապը նախազգուշացուց, որ անոնք երբեմն կրնան ուժեղացնել կանխակալ կարծիքները, բեւեռացումները եւ տեղեկատուական նենգափոխումները։ Այդ պատճառով ան կոչ ուղղեց աւելի մեծ ներդրումներ կատարելու կրթութեան, գիտական հետազօտութեան, տեղական համայնքներու զարգացման եւ քաղաքացիական մասնակցութեան ոլորտներուն մէջ։
Իսկական խաղաղութիւնը
«Իսկական անվտանգութիւնը չի ծնիր պատերէն կամ զէնքերէն, այլ՝ միասին քալելու եւ յարաբերութիւններ կերտելու կարողութենէն», շեշտեց Քահանայապետը՝ օրինակ բերելով Իպերիական թերակղզիի պատմութիւնը, ուր քրիստոնեաներ, մահմետականներ եւ հրեաներ, հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն, յաջողած են ստեղծել երկխօսութեան եւ մշակութային համագործակցութեան եզակի միջավայրեր։
Թարգմանիչներու դպրոցին ներդրումը
Ան յատկապէս գնահատեց Ալֆոնսօ Ժ. Իմաստունի օրով գործող թարգմանիչներու դպրոցին ներդրումը, որ նպաստած էր գիտելիքի տարածման եւ տարբեր մշակոյթներու միջեւ փոխըմբռնման ամրապնդման։ Քորտոպան եւ Թոլետոն, ըստ Պապին, կը շարունակեն մնալ մշակոյթներու եւ կրօններու խաղաղ համակեցութեան խորհրդանիշներ։
Խթանել ընկերային երկխօսութիւնը, ուշադրութեամբ մտիկ ընել երիտասարդներուն եւ աղքատներուն
Իր խօսքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Պապը երախտագիտութիւն յայտնեց Սպանիոյ՝ միջազգային իրաւունքի, բազմակողմանիութեան, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան ի նպաստ ցուցաբերած յանձնառութեան համար։ Ան քաջալերեց երկիրը շարունակելու խթանել ընկերային երկխօսութիւնը, ուշադրութեամբ մտիկ ընել երիտասարդներուն եւ աղքատներուն, համադրել ինքնավարութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը եւ նպաստել եւրոպական համագործակցութեան ամրապնդման։
«Աստուած օրհնէ Սպանիան», ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը՝ այս խօսքերով եզրափակելով իր առաջին պաշտօնական ճառը սպանական հողին վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
