Որոնել

Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի փոքրիկներուն նկարի յանձնումը Քահանայապետին Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի փոքրիկներուն նկարի յանձնումը Քահանայապետին  (@Vatican Media)

Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի մանուկներուն ողջոյնը կ'ընկերանայ Լեւոն ԺԴ-ին

Մանկական Հիւանդանոցի մանուկները երկրորդ անգամն ըլլալով խորհրդանշականօրէն կ'ընկերակցին Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան։ Անցեալ Ապրիլին Ափրիկէ կատարած այցելութեան առթիւ Սրբազան Պապին փոխանցուած նուէրէն ետք, փոքրիկ հիւանդները ուզեցին յաջողութիւն մաղթել նաեւ սպանական հանգրուանին համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Պամպինօ Ճեզու (Մանուկ Յիսուս) Մանկական Հիւանդանոցի փոքրիկ հիւանդները հիւանդանոցի խաղասրահին մէջ գծուած նկարով մը ուզեցին խորհրդանշականօրէն ընկերանալ Լեւոն ԺԴ Քահանայապետի Սպանիա կատարած ճամբորդութեան։

Պապական օդանաւով, արեւով եւ սպանական դրօշակով զարդարուած թուղթը Պապին յանձնուեցաւ Վատիկանի Լրատուամիջոցներու լրագրողներուն կողմէ՝ Հռոմէն Մատրիտ թռիչքի ընթացքին։

Սրբազան Քահանայապետը ուշադրութեամբ դիտեց նկարը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մանուկներուն այս քայլին համար։ Նախաձեռնութիւնը գլխաւորեց յատկապէս ինը տարեկան Ճուլիան, որ իր ստորագրութեան կողքին պզտիկ սիրտ մը աւելցուցած էր նկարին վրայ։

Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ «Մանուկ Յիսուս» մանկաբուժարանի փոքրիկ հիւանդները պատգամ կը յղեն Սրբազան Պապին։ ․Անոնք արդէն նկար մը պատրաստած էին անցեալ Ապրիլին անոր Ափրիկէ կատարած առաքելական ճամբորդութեան համար։ Այս պարզ ժեստով մանուկները ուզեցին իրենց սէրն ու մօտիկութիւնը արտայայտել եւ բարի ճանապարհ մաղթել Լեւոն ԺԴ.ին փաստելով, թէ ինչպէս երեւակայութիւնն ու յոյսը կրնան յաղթահարել որեւէ հեռաւորութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

06/06/2026, 12:14