Լեւոն ԺԴ. Պապը ժամանեց Սպանիայի մայրաքաղաք` Մատրիտ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Գրեթէ երկու ժամ տեւող թռիչքէ մը ետք Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ անոր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամները փոխադրող «ITA Airways» ընկերութեան օդանաւը ժամը 10,13-ին, սաւառնելէ ետքը Իտալիոյ, Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ օդային տարածքներուն վրայէն, վայրէջք կատարեց Մատրիտի Ատոլֆօ Սուարես Մատրիտ-Պարախաս» միջազգային օդակայան ուր Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Սպանիոյ Թագաւորին ու անոր կողակիցին կողմէ` յատուկ պատուոյ արարողակարգով մը։
Օդակայանի պատուոյ դահիճին մէջ կայացած հակիրճ հանդիպումէ մը ետք Սրբազան Պապը ուղղուեցաւ Մատրիտի Թագաւորական Պալատ, որ կառուցուած է ԺԸ. (18-րդ) դարուն՝ Մատրիտի հին Ալքազարի (Alcázar) տեղը, որ միջնադարեան բերդ մըն էր եւ 1561-ին Փիլիպպոս Բ.-ի կողմէ վերածուած է թագաւորական նստավայրի։
Պալատ ժամանելուն Լեւոն ԺԴ. ընկալուեցաւ պաշտօնական արարաողակարգով ապա տեղի ունեցաւ պատուիրակութիւններու ներկայացումը հուսկ Սրբազան Պապը Թագաւորին հետ միասին մուտք գործեցին Պալատ` ուր նախատեսուած էր անոնց առանձնազրոյցը։Թագաւորական ընտանիքին հետ ունեցած անհատական հանդիպումէն ետքը, Սրբազան Պապը Թագաւորական Պալատի «Salón de Columnas» (Սիւներու սրահ) դահլիճին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ իշխանութիւններու, քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ։
Ճամբորդութեան այս առաջին օրուան յայտագիրը կը նախատեսէ մայրաքաղաքի ընկերային արուարձաններուն մէջ գտնուող «CEDIA 24 horas» Միացման եւ ընդունելութեան կեդրոնի այցը, որ Մատրիտի թեմական «Քարիթաս»-ի կառոյցներէն է եւ կը զբաղի անօթեւան մարդոց խնամքով։ Սրբազան Պապը այնտեղ կը դիմաւորուի Կարդինալ Խօսէ Քոպօ Քանոյի եւ ծրագրի պատասխանատուներուն կողմէ՝ եւ հակիրճ այցելութիւն մը կու տայ կեդրոնին ապա Կեդրոնի շրջափակին մէջ Ան հանդիպում կ՛ունենայ հիւրերու, կամաւորներու եւ աշխատակիցներու հետ որոնցմէ ոմանց ներկայացուցած վկայութիւններէն ետքը ՝ որոնց շարքին փոքրիկ մանուկի մը մայրը` Նիուրքան, գաղթական մը` Խատրին եւ կամաւոր մը Ալիսիան, Սրբազան Պապը ներկաներուն կ՛ուղղէ իր սրտին խօսքը։
Հանդիպումը կ՛աւարտի նուէրներու փոխանակումով ու Սրբազան Պապին շնորհած օրհնութեամբ ու նախ քան կեդրոնէն հրաժեշտ առնելը Լեւոն Պապը Կեդրոնի Եկեղեցւոյ մէջ իր օրհնութիւն կը շնորհէ նաեւ Մատրիտի Արքեպիսկոպոսութեան ընկերային հարցերով զբաղող Ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Երիտասարդութեան մեծ ժամադրութիւնը
Սրբազան Պապը առ այդ կը փոխադրուի Մատրիտի Առաքելական Նուիրակութեան պալատ` որ այս օրերուն կը հանդիսանայ անոր նստավայրը եւ ընթրիքէն ետքը Ան կ՛ուղղուի «Plaza de Lima» հրապարակ, որ յայտնի է Ռէալ Մատրիտի «Սանթիակօ Պերնապէու» մարզադաշտը հիւրընկալելուն համար, ուր նախատեսուած է օրուան վերջին եւ ամենաշատ սպասուած հանդիպումը` երիտասարդական աղօթքի հսկումը։
Հազարաւոր տղաք եւ աղջիկներ Սրբազան Քահանայապետը պիտի դիմաւորեն երգերով, վկայութիւններով եւ գեղարուեստական կատարումներով, որոնց կարգին «Godspell» երաժշտական թատերախաղէն ներշնչուած ներկայացում մը։
Աղօթքի վայր ժամանելուն Քահանայապետը` «փափամոպիլէով» տարածքին շրջանը կատարելէն եւ երիտասարդները ողջունելէն ետքը Մատրիտի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Խօսէ Քոպօ Քանոյի եւ երեսուն երիտասարդներուն հետ միասին կը բարձրանայ կեդրոնական ամպիոն ապա Մատրիտի Արքեպիսկոպոսին ու թատերախաղի ներկայացումէն ետքը բաց երկխօսութիւն մը կը վարէ երիտասարդներուն հետ։
Երեկոն կ՛ աւարտի Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեամբ եւ վերջնական օրհնութեամբ որմէ ետքը Լեւոն ԺԴ. կը վերադառնայ Մատրիտի Առաքելական Նուիրակութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
