Լեւոն ԺԴ. Պապը. Մարդկութեան վէրքերուն դիմաց, Քրիստոս եկեղեցին կը կոչէ առաքելութեան։»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կիրակի, յունիս 14-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած շուրջ 20 հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Լեւոն ԺԴ. Պապը, Առաքելական պալատին պատուհանէն, արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ու ներկայաուց օրուան խորհդածութիւնը, մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը (Մտթ. 9,36–10,8)։
Անդրադառնալով մարդկութեան վէրքերուն եւ զանոնք ամոքելու Քրիստոսի կոչին։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց որ «Յիսուս կը տեսնէ ու կը սիրէ» ու Քրիստոսի հայեացքը վերացական չէ, այլ կը վերածուի խնամքի եւ փրկագործութեան շօշափելի յանձնառութեան։
Մարդկութեան ցաւերն ու անվճար ծառայութիւնը
Իր քարոզին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը մատնանշեց արդի աշխարհի ընկճող իրականութիւնները. «ճնշող հարստահարութիւնը», «ուժասպառ ընող բռնութիւնը», «պատերազմներու վէրքերը», ինչպէս նաեւ «սպառողականութեան դատարկութիւնը, չարիքով քայքայուած ընտանիքներն ու կեղծ գաղափարներով խաբուած երիտասարդները»։
Ըստ Քահանայապետին, այս բոլոր տառապանքներուն դիմաց Յիսուս իր աշակերտները կը ղրկէ աշխարհի արտը՝ որպէսզի անոնք աստուածային մխիթարութիւն հասցնեն հոն, ուր կայ տագնապ, հաւատք՝ ուր կայ անվստահութիւն, եւ սէր՝ ուր կայ աղքատութիւն։ Ան յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց աւետարանման առաքելութեան անվճար ըլլալը. «Ինչպէս ձրի ստացաք, այնպէս ալ ձրի տուէք»։
Յապաղումէն մինչեւ հաւատարմութիւն
Մեկնաբանելով Աւետարանին մէջ յիշուած առաջին տասներկու առաքեալներու անունները, ուր առաջինը Սիմոն Պետրոսն է, իսկ վերջինը՝ Յուդա Իսկարիովտացին, Պապը ըսաւ. «Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ, որ կարելի է Յիսուսի հետեւիլ եւ միեւնոյն ատեն զայն դաւաճանել, սակայն Աւետարանը բոլորին համար կը մնայ կենդանի եւ ճշմարիտ խօսք»։
Պատգամի աւարտին, Սրբազան Հայրը հայցեց Սուրբ Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը, որպէսզի եկեղեցին կարենայ «ուրախութեամբ եւ քաջութեամբ» պատասխանել Քրիստոսի կոչին՝ ծառայելով փոքրերուն ու աղքատներուն եւ պայքարելով արդարութեան համար։
Երախտագիտութիւն Սպանիային
Աղօթքէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Յունիս 6-12 տեղի ունեցած Սպանիոյ ճամբորդութեան համար՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Ֆելիփէ Զ. թագաւորին, պետական իշխանութիւններուն եւ իսպանացի ժողովուրդին՝ իրենց ջերմ հիւրընկալութեան համար։ «Թող Աստուած օրհնէ Սպանիան», եզրափակեց Քահանայապետը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
