Նոր, գեղեցիկ ու տեւական բան մը կառուցելու համար պէտք է յօժար ըլլալ պատերը փլելու. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրուան յայտագիրը յատկանշուեցաւ նաեւ Լեւոն ԺԴ. Պապին Սանթա Մարիա լա Ռէալ տէ լա Ալմուտէնա Մայր Տաճար կատարած ուխտագնացութեամբ ու այնտեղ մատուցած աղօթքով։
Արդարեւ երկուշաբթի 8 Յունիսի կէսօրէն ետքը ժամը վեցին` Սրբազան Պապը ուղղուեցաւ Մատրիտի կրօնական խորհրդանիշը հանդիսացող Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած Մայր տաճար` որ համեմատաբար նոր ըլլալով ունի բարդ պատմութիւն մը։
Ալմուտէնայի Տիրամօր տաճարը
Անոր նախագիծը սկսած է 1879-ին՝ որպէս դամբարան Mercedes d’Orléans Թագուհիին համար, ըստ ճարտարապետ Francisco de Cubas-ի ծրագիրին։ 1885-ին, Մատրիտի թեմի ստեղծումէն ետք, նախագիծը վերածուեցաւ մայր տաճարի, եւ ընդարձակուեցաւ՝ ներշնչուելով ֆրանսական գոթական ճարտարապետութենէն, նաեւ ներառելով մեծ ռոմանական դամբանատուն մը։
Շինարարական աշխատանքները բազմաթիւ ընդհատումներ ունեցան, յատկապէս սպանական քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։ 1944-ին, նոր նախագիծ մը, որ մշակուած էր Fernando Chueca Goitia-ի եւ Carlos Sidro-ի կողմէ, շէնքը յարմարեցուց շրջակայ քաղաքային միջավայրին։ Շինարարութիւնը աւարտեցաւ 1993-ին, իսկ տաճարը նոյն տարուան 15 Յունիսին օծուեցաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ։
Գլխաւոր ճակատի վրայ զետեղուած է Ալմուտէնայի Սուրբ Կոյսին արձանը՝ շրջապատուած Մատրիտի սուրբերու արձաններով։
«Ոսկէ Վարդ»ի ընծայումը
Մայր Տաճար ժամանելուն Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ Մատրիտի Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Խօսէ Քոպօ Քանոյի եւ երկու մանուկներու կողմէ, որոնք իրեն ծաղիկներ նուիրեցին ապա գլխաւորեց աղօթքի եւ Տիրամօր նուիրուած ջերմեռանդութեան պահը՝ քաղաքի պաշտպան Սուրբ Ալմուտենայի Տիրամօր պատկերին առջեւ։
Արարողութեան ընթացքին Քահանայապետը Տիրամօր ընծայեց աւանդական «Ոսկէ Վարդը», որ տիեզերական Եկեղեցւոյ յատուկ մեծարանքի եւ սիրոյ նշանն է։
Քահանայապետին քարոզը
Աւետարանի ընթերցումէն ետքը Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը որուն սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Մատրիտի Արքեպիսկոպոսին, իրեն ուղղած խօսքերուն համար եւ սիրով ողջունեց բոլոր ներկաները «որոնք այսօր ուրախութեամբ ու ջերմեռանդութեամբ կը միանան Ալմուտէնայի Տիրամօր՝ այս ընծայուած յարգանքի տուրքին, «որուն ընթացքին անոր ոտքերուն տակ պիտի զետեղեմ ոսկեայ վարդը՝ Մարիամ Աստուածածնի հանդէպ Պապին որդիական սիրոյ խորհրդանիշը» ըսաւ Քահանայապետը։
Սուրբ Կոյսի արձանի պատմութիւնը
Ակնարկելով մատրիտցիներու բազմաթիւ սերունդներու Սրբուհի Մարիամն նկատմամբ ունեցած ջերմեռանդութեան Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց անոր պատմութեան ու թէ ինչպէս քրիստոնէական համայնքին համար դժուարին ժամանակներուն, Կոյսին արձանը պաշտպանելու համար, զայն պահած են միջնաբերդի պարիսպներու խորշի մը մէջ, ուր անիկա երկար ժամանակ մնացած է պահուըտած, մինչև որ՝ պարիսպներուն մէկ մասին հրաշալի փլուզումէն ետք՝ գտնուած է անվնաս։
Քրիստոնէական արմատները եւ յառաջ երթալու յոյսը
«Մարեմեան այս հազարամեայ ջերմեռանդութիւնը, որ այնքան խորապէս կը զգացուի ձեր բոլորին կողմէ, նշան է ձեզ բնորոշող և ձեզի կեանք տուող քրիստոնէական արմատներուն, բայց նաև՝ այն մեծ յոյսին, որ կը շարունակէ քաջալերել ձեզ՝ առաջ երթալու ձեր ուղիին մէջ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ու մտաբերելով վերոնշեալ քանդուած պարիսպը զայն ներկայացուց որպէս նախախնամական պահ մը Մօր հանդիպումի իր ժողովուրդին հետ։
Պատերը` որոնք կը բաժնեն կամ հանդիպում կը ստեղծեն
«Այս իրողութիւնը նախախնամական է, որովհետև ցոյց կու տայ այն ուղին, որմէ Յիսուս, իր Սուրբ Մօր միջոցաւ, մեզ կը հրաւիրէ քալելու։ Առաջին պահուն, փլող պատը կը յառաջացնէ դղրդիւն, խառնաշփոթ, անկարգութիւն, բայց նաև տարածութիւններ կը բանայ, վերականգնելու կարելիութիւններ կը ստեղծէ և կը մղէ նորոգելու» յարեց Քահանայապետը մատնանշելով այսօրուան ընկերութիւններուն` ուր տակաւին «կան բազմաթիւ պատեր, որոնք ո՛չ թէ կը պաշտպանեն, այլ կը բաժնեն, կը հեռացնեն ու կը մեկուսացնեն»։
Նորը կառուցելու համար պէտք պատերը փլել
«Այնուամենայնիւ, Ալմուտէնայի Մեր Տիրամայրը, իր ներկայութեամբ և իր ապահով պաշտպանութեամբ, մեզի ուրիշ բան կ՛ ըսէ. նոր, գեղեցիկ ու տեւական բան մը կառուցելու համար պէտք է յօժար ըլլալ պատերը փլելու, որովհետև ճամբան վերսկսելու համար անհրաժեշտ են տարածութիւններ, որոնք մեզի թոյլ կու տան նշմարել հորիզոնը», նշեց հուսկ Լեւոն ԺԴ. եւ աւելցուց. «Քանի որ համոզուած ենք, թէ Տէրը կը քալէ իր սուրբ Ժողովուրդին հետ, կը լսէ անոր վախերը եւ հոգատարութեամբ կ՚ընդունի բարիք գործելու անոր բոլոր ջանքերը, կը յորդորեմ ձեզ չթուլնալ ձեր հաւատքի վկայութեան մէջ՝ Հօր սիրոյ ծրագիրը խոկալու համար։ Կը յորդորեմ ձեզ չթերանալ սիրոյ մէջ՝ միանալու համար իբրեւ եղբայրներու եւ քոյրերու մէկ միակ ընտանիք, եւ չկորսնցնել յոյսը՝ աշխարհի մէջ ձեր գործունէութեան ընթացքին իրարու նեցուկ կանգնելու համար»։
Ան ապա իր աղօթքը վստահեցուց` «որպէսզի Սուրբ Մարիամ la Real de la Almudena-ի օրինակով ու բարեխօսութեամբ՝ Մեծացուսցէի Կոյսը պահպանէ ու զօրացնէ անոնց սէրը Յիսուսի եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ, «որպէսզի կարենաք ըլլալ կառուցողները այնպիսի կապերու, որոնք կը վերականգնեն հաղորդութեան, եղբայրական սիրոյ եւ համերաշխութեան տիեզերական լեզուն» ըսաւ Քահանայապետը եւ իրը ընելով Ալմուտէնայի Տիրամօր նուիրուած մէկ աղօթքը քարոզը աւարտեց հետեւեալ աղերսով. «Ալմուտէնայի Սուրբ Մարիամ , Կոյս եւ Մայր Փրկիչին, Երկնքի Թագուհի, Սիրոյ Մայր, քու քողիդ ներքոյ, խոնարհ Կոյս, քու զաւակներդ պաշտպանութիւն կը փնտռեն։ Սիրառատ Մայր, Աստուծոյ Տաճար, պաշտպանէ՛ մեզ, Տիրամայր, եւ օգնէ՛ մեզի ըլլալու խաղաղութեան ու հաշտութեան կառուցողներ։ Ամէն։»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
