Աղօթքի հսկում Պարսելոնայի ողիմպիական մարզադաշտին մէջ. Լեւոն ԺԴ Պապին պատգամը՝ «Գիշերը անկում չէ, այլ նոր կեանքի սկիզբ»

Պարսելոնայի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած աղօթքի հսկման ընթացքին, Լեւոն ԺԴ Պապը, ներշնչուած Նիկոդեմոսի կերպարով, կոչ ուղղեց կեանքի եւ հաւատքի դժուարին «գիշերները» ընդունիլ ոչ թէ որպէս ձախողութիւն, այլ՝ իբրեւ խոնարհութեան եւ հոգեւոր վերածնունդի բացառիկ առիթներ: Սրբազան Հայրը նաեւ հրաւիրեց սպանական ընկերութիւնն ու Եկեղեցին ինքնաքննութեան՝ յորդորելով միասնաբար քալել, յարգել իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը եւ կառուցել բոլորին համար հիւրընկալ երկիր մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

9 Յունիս 2026-ին, Սպանիա կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը երեկոյեան Պարսելոնայի «Lluís Companys» Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ գլխաւորեց հանդիսաւոր աղօթքի հսկում մը: Հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեան, Պապը արտասանեց քարոզ մը՝ ներշնչուած Աւետարանի Նիկոդեմոսի օրինակով, զոր որակեց որպէս «գիշերուան մէջ քալող ուխտաւոր»:

Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը զուգահեռներ գծեց մարդկային կեանքի փնտռտուքներուն եւ հաւատքի ճանապարհին միջեւ՝ ընդգծելով, որ մարդիկ յաճախ կը գտնուին կեանքի ու հոգեւոր խաւարի կամ անորոշութեան մէջ:

Գիշերը՝ որպէս օրհնութեան եւ վերածնունդի վայր

Լեւոն ԺԴ Պապը յատուկ շեշտադրումով անդրադարձաւ կեանքի դժուարութիւններուն ու հաւատքի տագնապներուն, որոնք պատկերաւոր կերպով կոչեց «գիշերներ», շեշտելով, որ այս պահերը պատժի կամ ձախողութեան նշաններ չեն, այլ՝ դէպի էականը վերադառնալու առիթներ.

«Եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր, Նիկոդեմոս մեզի կը սորվեցնէ, թէ այս գիշերները, որոնք կ'ընկերակցին մեր կեանքին, հաւատքի ճամբուն եւ մեր ապրած պատմութեան, օրհնութեան վայր են, վերածնվելու տարածք մը, արգանդ մը, որ միշտ նոր կեանք կը ծնի։ Այս գիշերները մեզ կը մերկացնեն եւ կը վերադարձնեն էականին. մեզմէ կը հանեն այն մարդկային ու կրօնական դիմակները, որոնք կը կրենք ցերեկը՝ չճանչցուելու կամ մեր իրականութենէն տարբեր պատկեր մը ցոյց տալու համար։ Մեզ մերկ կը ձգեն մեր լոյսերուն եւ ստուերներուն մէջ՝ մեզ վերադարձնելով խոնարհութեան՝ ճշմարտութեան մէջ ինքզինքնիս նայելու, անդին անկէ յաւակնութենէն, թէ մեր ուղին արդէն աւարտած է եւ կը յառաջանանք այնպէս՝ որպէս թէ յստակ լոյս ունենայինք ամէն ինչի, ամէնքի եւ նոյնիսկ Աստուծոյ վրայ», ըսաւ Նորին Սրբութիւն ապա յիշեցուց, որ Յիսուս աշխարհ չեկաւ դատապարտելու համար, այլ՝ փրկելու, եւ հետեւաբար, հաւատացեալները կոչուած չեն դատապարտելու իրենց սեփական, եկեղեցական կամ ընկերային «գիշերները»:

Մարտահրաւէրներ սպանական ընկերութեան եւ եկեղեցիին

Դառնալով Սպանիոյ ներկայ իրականութեան՝ Լեւոն ԺԴ հրաւիրեց ներկաները ինքնաքննութեան: Ան ակնարկեց երկրի հին ու նոր հարցերուն, աղքատութեան եւ մշակութային ու ընկերային այն մարտահրաւէրներուն, որոնցմէ կանցնի սպանական հասարակութիւնը:

Պապը ուղղեց շարք մը մտածելու տեղիք տուող հարցումներ. Որո՞նք են այն գիշերները, որոնցմէ կը անցնինք այսօր, ի՞նչ կը թելադրեն անոնք մեզի, ո՞ւր պէտք է նորոգուինք եւ ինչպիսի՞ ընկերութիւն կուզենք կառուցել:

Կոչ՝ յանուն միութեան եւ յարգանքի

Յորդորելով չդադրիլ փնտռելէ ու երկխօսելէ՝ Սրբազան Հայրը խրախուսեց քալել միասնաբար՝ հաւատքով, որը կը ներդաշնակէ գաղափարներու եւ զգացողութիւններու բազմազանութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ Սպանիան ըլլայ հիւրընկալ տարածք բոլորին համար, ուր իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութիւնը յարգուի:

«Բացուինք Հոգիի պարգեւին՝ փնտռելով Տէրը Նիկոդեմոսի նման եւ ընդունելով Անոր Աւետարանի լոյսը», եզրափակեց Քահանայապետը՝ հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի Աստուած առաջնորդէ բոլորը խաւարէն դէպի յաւիտենական լոյս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

09/06/2026, 21:31