Լեւոն ԺԴ.ը աշխարհական կին մը նշանակեց Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Լեւոն ԺԴ. Պապը Մարիա Մոնսերրաթ Ալվարատոն, որ ներկայիս EWTN News-ի Նախագահն ու Գործադիր տնօրէնն է, նշանակած է Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ սկսեալ 1 Նոյեմբեր 2026-էն։
Մեքսիքօ Սիթի ծնած Ալվարատոն ակադեմիական տիտղոսներ ստացած է Ֆլորիտայի Միջազգային Համալսարանէն (Florida International University) եւ Ճորճ Ուաշինկթըն Համալսարանէն (George Washington University)։ 2009-2023 թուականներուն ան վարչական պաշտօններ վարած է Becket Fund for Religious Liberty հիմնարկին մէջ՝ յանձնառու ըլլալով կրօնական ազատութեան պաշտպանութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան խթանման նուիրուած նախաձեռնութիւններուն։ 2023-էն ի վեր ան կը վարէ EWTN News-ի՝ Eternal Word Television Network-ի լրատուական բաժանմունքի Նախագահի եւ Գործադիր տնօրէնի պաշտօնը՝ հսկելով միջազգային լրատուական հարթակներու, որոնք եօթը լեզուներով բովանդակութիւն կը պատրաստեն հեռատեսիլի, ձայնասփիւռի, տպագիր մամուլի, թուային եւ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ։
Ալվարատոյի նշանակումով, Լեւոն ԺԴ. Պապը կը շարունակէ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ սկսած Հռոմէական Քուրիայի բարեփոխումներու եւ նորոգութեան ընթացքը, որուն ծիրէն ներս տիեզերական Եկեղեցւոյ ծառայութեան համար ղեկավարման եւ պատասխանատու պաշտօններ վստահուեցան հաւատացեալ աշխարհականներու՝ թէ՛ այր մարդոց եւ թէ՛ կիներու։ Ալվարատոն առաջին աշխարհական կինն է, որ կը նշանակուի Սուրբ Աթոռի Վերատեսչութեան մը Վերատեսուչ։
Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւնը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 27 Յունիս 2015-ին՝ Հռոմէական Քուրիայի բարեփոխումներու շրջագծէն ներս։ Անիկա կը հսկէ Սուրբ Աթոռի հաղորդակցութեան համակարգերուն, որոնցմէ են՝ Vatican News-ը, Վատիկանի Ձայնասփիւռը (Radio Vaticana), L’Osservatore Romano-ն, Vatican Media-ն (լուսանկարչական, ձայնային եւ տեսողական սպասարկութիւններ), Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Դիւանը, Վատիկանի Հրատարակչատունը (Libreria Editrice Vaticana), Վատիկանի Տպարանը եւ Վատիկանի Ֆիլմադարանը։ Իրեն վստահուած գործառնական ու արհեստագիտական պարտականութիւններէն զատ, Վերատեսչութիւնը նաեւ կ՚ուսումնասիրէ ու կը զարգացնէ հաղորդակցութեան մարզէն ներս Եկեղեցւոյ գործունէութեան աստուածաբանական եւ հովուական խորքերը։ Ալվարատոն պիտի յաջորդէ Փաոլօ Ռուֆֆինիին, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը 2018-ին նշանակած էր Հռոմէական Քուրիայի Վերատեսչութեան մը առաջին աշխարհական Վերատեսուչ , եւ որ յառաջիկայ Հոկտեմբերին պիտի բոլորէ իր 70 տարեկանը։
Նշանակումի լուրին հրատարակումէն ետքը Ալվարատոն կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Թէեւ այս նշանակումը անակնկալ էր, զայն կ՚ընդունիմ Սրբազան Հօր իր քահանայապետութեան սկիզբին ծառայելու անկեղծ փափաքով։ Երախտապարտ եմ Փաոլօ Ռուֆֆինիին՝ անցնող տարիներուն իր առաջնորդութեան համար, եւ ուրախութեամբ կը սպասեմ, բարեկամութեան ու յոյսի մթնոլորտի մէջ, շարունակելու Վերատեսչութեան հզօրացման կարեւոր աշխատանքը, որպէսզի անիկա շարունակէ ծառայել Եկեղեցւոյ Հռոմի մէջ եւ ամէնուրեք՝ Քրիստոսը աշխարհին քարոզելու համար»։
Ռուֆֆինին նամակ մը յղած է Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան պաշտօնեաներուն՝ ըսելով.
«Վերատեսչութիւնը իր ծննդաբանութեան (DNA) մէջ դրոշմուած ունի արագօրէն զարգացող հաղորդակցութեան աշխարհին հետ մշտապէս համաքայլ ընթանալու պարտականութիւնը։ Այն պահէն, երբ մենք ծնունդ առինք իբրեւ հաստատութիւն, մեր ուղեցոյց աստղը եղած է եւ կը մնայ հետեւեալը՝ երբե՛ք չկենալ, փոխանցումավազքի փայտիկը փոխանցելով հանդերձ շարունակել վազել, ներկայ ըլլալ հոս եւ հիմա, այս ճիշդ վայրկեանին, իբրեւ չափանիշ այնպիսի հաղորդակցութեան մը, որ միջոց է ժամանակի ընթացքին աճող հաղորդութեան ։ Ես մտած եմ վազքի վերջին հանգրուանը, այն պահէն առաջ, երբ – մեր աշխատանքային կեանքի երկար ճամբորդութեան ընթացքին – հասնելով 70 տարեկանին, որ կենսաթոշակի նախատեսուած տարիքն է, փոխանցումավազքի փայտիկը պիտի փոխանցեմ Մոնսերրաթ Ալվարատոյին՝ իբրեւ յաջորդ Վերատեսուչ։ Մենք զիրար լաւ կը ճանչնանք։ Եւ յառաջիկայ ամիսներուն սերտօրէն պիտի գործակցինք՝ համախոհութեան ու հաղորդութեան այն ոգիով, որ մեզ կը միացնէ Եկեղեցւոյ մէջ»։
«Երախտապարտ եմ Վերատեսչութեան մեծ ընտանիքին,– աւելցուցած է ան,– այն ուղիին համար, զոր միասին անցանք այս ութ տարիներու ընթացքին։ Հիմա, յառաջիկայ ամիսներուն, կը սկսինք սահուն փոխանցման գործընթացը, որպէսզի օգնենք Վերատեսչութեան շարունակելու իր աճը՝ ի ծառայութիւն Սրբազան Հօր եւ իր առաքելութեան, միութեան ու բացուածքի ոգիով»։
EWTN-ի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Մայքըլ Փ. Ուորսոն (Michael P. Warsaw) յայտնած է, որ Ալվարատոն շահած է «բոլոր անոնց վստահութիւնն ու յարգանքը, որոնք պատիւն ունեցած են իրեն հետ աշխատելու» հեռարձակող կայանին մէջ անցուցած տարիներուն։ Ան աւելցուցած է. «Մեր աղօթքները, քաջալերանքն ու EWTN ընտանիքի ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնենք իրեն, մինչ ան կը ստանձնէ այս արժէքաւոր առաքելութիւնը՝ ի ծառայութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ անոր քահանայապետութեան»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
