Մատրիտը կը պատրաստուի դիմաւորելու Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մատրիտը ճերմակ ու դեղին գոյներով կը զարդարուի՝ դիմաւորելու համար Լեւոն ԺԴ. Պապը, որուն ժամանումը Սպանիոյ մայրաքաղաք կը սպասուի Յունիս 6-էն 9, որպէս Սպանիա կատարելիք իր առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը։
Քաղաքապետարանը ձեռնարկած է զարդարանքի մեծ արշաւի մը՝ Վատիկանի գոյներով գրեթէ 100 հազար ծաղիկներով, ծաղկային յօրինումներով, պաստառներով եւ աւելի քան 1600 դրօշակներով, որոնք կը կրեն այցելութեան կարգախօսը՝ «Բարձրացուցէ՛ք ձեր հայեացքը»։
Քաղաքի գլխաւոր հրապարակներն ու փողոցները, որոնց կարգին՝ Փուերթա տէ Ալքալան (Puerta de Alcalá), Փլազա տէ Էսփանիան (Plaza de España) եւ Փասէօ տել Փրատոն (Paseo del Prado), զարդարուած են այս առթիւ։
Տեղական իշխանութիւնները այս այցելութիւնը կ՛ որակեն պատմական իրադարձութիւն մը եւ կը նախատեսեն շուրջ 1,8 միլիոն մարդու մասնակցութիւն գլխաւոր ձեռնարկներուն։
2011 թուականի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուընէ ի վեր, ասիկա Քահանայապետի մը առաջին այցելութիւնն է Սպանիա։
Ուխտաւորներուն անվտանգութիւնն ու ընդունելութիւնը ապահովելու համար, պատրաստուած է կազմակերպչական ընդարձակ ծրագիր մը՝ հազարաւոր ոստիկաններու եւ կամաւորներու մասնակցութեամբ։
Պապին ժամանումը կը զուգադիպի սպանական Եկեղեցւոյ յատուկ կենսունակութեան ժամանակաշրջանի մը, յատկապէս երիտասարդներուն մօտ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
