Տարեցներ, ծերութիւն Տարեցներ, ծերութիւն  (@ Mirek Krajewski)

Կարդինալ Փարոլին. «Մարդկային կեանքը իր բոլոր փուլերուն մէջ կը պահպանէ իր անհուն արժանապատուութիւնը»

Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին յղելով նամակ մը շեշտած է ծերութեան եւ ֆիզիքական տկարութեան հոգեւոր ու աստուածաբանական խոր արժէքը՝ զանոնք որակելով իբրեւ կեանքի օրհնութիւն գալիք սերունդներուն համար: Միեւնոյն ժամանակ ծիրանաւորը խիստ քննադատութեան ենթարկած է արդի մրցակցային ընկերութիւնը, ուր ուժը կը վերածուի բռնութեան ու պատերազմի, եւ կոչ ուղղած է որդեգրելու Աւետարանի հեզութեան ու զինաթափող խաղաղութեան պատգամը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար, Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Լեւոն ԺԴ. Պապին անունով, նամակ մը յղած է Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Քեւըն Ժ. Ֆարըլին, որուն մէջ ողջունած է տարեցներու հովուական խնամատարութեան նուիրուած փորձագէտներու հանդիպումը, որ կ՚ընթանայ «Կամուրջ դէպի երկինք. Դիւրաբեկութեան կաթողիկէ վարդապետութիւնը ուժի ժամանակաշրջանին» խորագիրով։

Նամակին մէջ ծիրանաւորը շեշտած է, թէ այսօրուան ընկերութեան մէջ ծերութեամ բարդ, բայց միեւնոյն ժամանակ հեռանկարներով հարուստ հանգրուան մըն է ու երախտագիտութեամբ նշած է այն բազմաթիւ կամաւորական աշխատանքները, զորս տարեցները կատարեալ կորովով կը մատուցեն եկեղեցական եւ հասարակական կեանքէն ներս։

Տկարութեան Աստուածաբանական արժէքը

Նամակին մէջ կարդինալ Փարոլին հարցումներ ուղղած է մարդկային կեանքի տեւողութեան երկարաձգման եւ ատոր ընկերակցող ֆիզիքական ու մտային տկարութեան փուլերուն մասին։

«Ի՞նչ արժէք պէտք է տալ այն բազմաթիւ տարիներուն, զորս այր մարդ մը կամ կին մը կրնան ապրիլ ֆիզիքական կամ մտային տկարութեան վիճակի մէջ։ Ինչպէ՞ս աւետել, որ մարդկային կեանքը իր բոլոր փուլերուն մէջ կը պահպանէ իր «անհուն արժանապատուութիւնը»։

Նամակին մէջ կարդինալ Փարոլին կը  հաստատէ, թէ տկարութիւնը «մեր հրաշալի էութեան մէկ մասն է», որ ունի հոգեւոր եւ համայնքային խոր արժէք։

Տարեցները, իրենց սահմանափակումները խաղաղութեամբ ընդունելով, կրնան կեանքի ուսուցիչներ դառնալ երիտասարդներուն համար՝ փաստելով, որ կեանքի արժէքը չի չափուիր արդիւնաւէտութեամբ կամ ինքնաբաւութեամբ, այլ՝ սիրելու եւ սիրուելու կարողութեամբ, կը նշէ ծիրանաւորը։

Դատապարտութիւն՝ պատերազմներուն եւ բռնութեան մտայնութեան

Կարդինալ Փարոլին խիստ քննադատութեան կ՚ենթարկէ արդի ընկերութիւնը, որ հիմնուած է մրցակցութեան եւ յաջողութեան բացարձակացման տրամաբանութեան վրայ, ուր ուժը կը վերածուի բռնատիրութեան նշելով որ միջազգային գետնի վրայ, պատերազմը ողբերգականօրէն վերադարձած է իբրեւ տարածուած ռազմավարական գործիք ու առօրեայ կեանքի մէջ մարդիկ յաճախ կը շփոթեն ուժը՝ բռնութեան, իսկ հեզութիւնը՝ տկարութեան հետ։

Այս մտայնութեան դիմաց, Եկեղեցին կը վերահաստատէ Աւետարանի պատգամը՝ երանի տալով հեզերուն ու խոնարհներուն, եւ կոչ կ՚ընէ որդեգրելու զինաթափող խաղաղութիւն մը։ Տարեցները, իրենց փորձառութեամբ եւ կեանքի իմաստութեամբ, այս քրիստոնէական տեսլականի առաջին ու ամենահեղինակաւոր վկաներն են։

Նամակի աւարտին, Պետական Քարտուղարը կը փոխանցէ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին բարեմաղթութիւններն ու Առաքելական Օրհնութիւնը, յուսալով որ այս գիտաժողովը պիտի արթնցնէ յարգանքի, երախտագիտութեան եւ յարգանքի նոր քայլեր դէպի տարեցները, ինչպէս նաեւ պիտի քաջալերէ զիրենք՝ փոխանցելու գալիք սերունդներուն առողջ ու պինդ արժէքներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/06/2026, 11:34