Որոնել

Հակամարտութիւնները աւելի դիւրութեամբ կը «սնուցանուին», քան թէ մարդիկ կը կերակրուին․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը այցելեց ՄԱԿի Պարէնի Համաշխարհային Ծրագրի կեդրոնատեղին․ Նորոգուած ուղի մը կարելի է՝ սկսելով «պարզեցնել այն՝ ինչ որ չափազանց բարդացած է, առաջնահերթութիւն տալով էականին՝ առանց որեւէ մէկը մոռնալու։ Յանձնառութիւն, զոր կը հիմնուի այն գիտակցութեան վրայ, որ իւրաքանչիւր մարդ էակ ունի ներքին եւ անօտարելի արժանապատուութիւն մը, որ կը մնայ անխաթար՝ անկախ պարագաներէն, պայմաններէն կամ ընկերային դիրքէն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 22 Յունիսին Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը այցելեց ՄԱԿի Պարէնի Համաշխարհային Ծրագրի (ՊՀԾ -WFP, World Food Programme) կեդրոնատեղին՝ Գործադիր Տնօրէնի հրաւէրով, ուր Պապը հանդիպեցաւ Վարչական Խորհուրդի տարեկան նստաշրջանի անդամներուն, ինչպէս նաեւ Հաստատութեան պաշտօնէաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ։

 Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիրը՝ համահունչ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան

Ներկաներուն ուղղած իր ճառին սկիզբը Պապը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրի համար, նշեց, որ Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիրը՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ միասին կը կիսէ «սովի եւ թերսնման դէմ պայքարի հրատապ խնդիրը»՝ եւ որպէս արդիւնաւէտ լուծում առաջարկեց՝ քննել այդ մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար տեւական լուծումներու ուղիները:

Հասկնալ խնդիրներու պատճառները

 «Այսօր տագնապները առանձին պատահարներ ըլլալէ դադրած եւ վերածուած են մշտական իրականութեան՝ յատկանշուելով երկարատեւ հակամարտութիւններով, պարէնային մնայուն անապահովութեամբ, տնտեսական տատանումներով եւ կլիմայական աճող խոցելիութեամբ, ըսաւ Քահանայապետը, ըստ որու անհրաժեշտ է, ուստի՝ քայլ մը առաջ նետել եւ, գործնական միջամտութեան պատճառներու կողքին, հասկանալ թէ «ինչո՞ւ համաշխարհային ներկայ համակարգը «կը շարունակէ ծնունդ տալ ճիշդ այն խնդիրներուն, որոնք յետոյ ստիպուած է սրբագրել»։

 Պետութիւններու առաջնահերթութիւնները

«Բազմակողմանի համակարգի ճգնաժամի» եւ «համաշխարհային կարգի  հետզհետէ աւելի պառակտուածութեան» հետեւանքով առաջացած այս երեւոյթին դիմաց, Նորին Սրբութիւնը ափսոսանքով նկատեց, որ Պետութիւնները «իրենց կենսամիջոցները կ’ուղղեն ազգային անվտանգութեան, տնտեսական աճին եւ ներքին կայունութեան»։

Այսօրեայ յարակարծութիւնը

Ձգտում մը, զոր կը ստեղծէ հակասական այնպիսի իրավիճակ, երբ «աննախադէպ համաշխարհային արտադրողականութիւնը» կ’ուղեկցուի  «ծայրայեղ խոցելիութեան գօտիներու ընդլայնմամբ», շարունակեց Լեւոն ԺԴ․ ու առ այդ եզրակացուց թէ՝ «հակամարտութիւնները աւելի դիւրութեամբ կը «սնուցանուին», քան թէ մարդիկ կը կերակրուին»։

Անհասկնալի քաղաքական որոշումներ

Այսօր, հետեւաբար, մարդ էակը կորսնցուցած է իր կեդրոնական դիրքը, «մինչ օժանդակութեան ձեւերն ու զարգացման ծրագիրները կը խոչընդոտուին խճճուած ու անհասկնալի քաղաքական որոշումներու, նախապաշարուած գաղափարախօսական տեսլականներու եւ անթափանց մաքսային արգելքներու պատճառաւ, որ սակայն զէնքերու պարագային այդպէս չէ» աւելցուց Քահանայապետը՝ մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապի՝ 2016-ին ՊՀԾի անձնակազմին ուղղած խօսքերը։

Պատնէշ՝ «անվերադարձ փլուզման» մը դէմ
Մարդասիրական գործունէութիւնը, ըստ Քահանայապետի, իր բնոյթով «օտար չէ միջազգային կարգին», այլ ընդհակառակը՝ անոր հաւաքական պատասխանատուութեան արտայայտութիւնն է։ Միայն տագնապներ կառավարելը չի բաւէր, պէտք է զօրակցութիւն յայտնել եւ «հոն՝ ուր պետական հաստատութիւնները կը քաշուին եւ համայնքային ցանցերը կը քայքայուին», Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը եւ նման հաստատութիւնները, Պապի համոզմամբ, կարող են օգնել կանխելու մարդասիրական տագնապներու «վերածումը անվերադարձ փլուզման»։

Վերադառնալ բազմակողմանիութեան

Այս բոլոր խնդիրներուն դիմաց Լեւոն ԺԴ․ յորդորեց վերադառնալ դէպի բազմակողմանի համագործակցութիւն, որովհետեւ այսօր ոչ մէկ պետութիւն կրնայ առանձին դիմագրաւել համաշխարհային մարտահրաւէրները, եւ ոչ ալ առանց անոր կարելի է կերտել տեւական խաղաղութիւն։

«Այս նպատակը կրնայ իրականանալ միայն ազդու քաղաքականութիւններու համամիտման ու ծրագիրներու համակարգուած եւ ներդաշնակ գործադրութեան միջոցաւ։ Միասին՝ եղբայրական համերաշխութեամբ քալելու հրաւէրը պէտք է դառնայ ներշնչող սկզբունքը»։

Կոչ Կառավարութիւններուն եւ Եկեղեցւոյ հետ համագործակցութիւն 

«Կ’ուզեմ իմ կոչս ուղղել աշխարհի կառավարութիւններուն եւ ժողովուրդներուն որպէսզի նորոգեն ու զօրացնեն իրենց յանձնառութիւնը, աւելցնեն սովին եւ անոր խորքային պատճառներուն դէմ պայքարի յատկացուած միջոցները, եւ վերացնեն այն արգելքները, որոնք կը խանգարեն օգնութեան հասնիլը անոնց՝ որոնք անոր պէտքը ունին», յորդորեց հուսկ Սրբազան Հայրը։

«Այս կոչի արդիւնաւէտ իրականացումը, շարունակեց հուսկ Ան,  կը պահանջէ աւելորդ վարչարարացման կրճատում, որպէսզի թափանցիկութիւնն ու հաշուետուողականութիւնը ծառայի մարդկանց, այլ ոչ թէ խոչընդոտի օգնութեան: Հոն՝ ուր կառավարութիւնները կը տատանին, կամ մարդասիրական հասանելիութիւնը սահմանափակ է, Կաթողիկէ Եկեղեցին կրնայ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ՝ յաջողելով հասնիլ ամենախոցելի բնակչութեան այնպիսի շրջաններու մէջ, որոնք յաճախ անմատչելի են միջազգային դերակատարներուն։

Դիմադրել մարդկային հիմնական կարիքներու ապրանքայնացման

Դիմադրել մարդկային հիմնական կարիքներու ապրանքայնացման։ Այս եղաւ միւս բնոյթը, զոր Լեւոն Պապը կարեւորեց․ «Սնունդը, ջուրը եւ առողջապահական օժանդակութիւնը չեն կրնար ստորադասուիլ շուկայի տրամաբանութեան կամ աշխարհաքաղաքական շահերուն», յարեց ուստի Ան։

 Նոր ուղի մը հնարաւոր է

Գովաբանելով արտակարգ իրավիճակներուն արձագանքելու ՊՀԾի գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ երկարաժամկէտ նախաձեռնութիւնները, Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին աւարտին նախանշեց, թէ որն է ուղին, որմէ կախեալ է ոչ միայն Գործակալութեան արդիւնաւէտութիւնը, այլեւ «միջազգային համագործակցութեան բուն իսկ վստահելիութիւնը»։ Նորոգուած ուղի մը «կարելի է»՝ սկսելով «պարզեցնել այն՝ ինչ որ չափազանց բարդացած է», առաջնահերթութիւն տալով էականին՝ առանց որեւէ մէկը մոռնալու․ «Յանձնառութիւն, զոր կը հիմնուի այն գիտակցութեան վրայ, որ իւրաքանչիւր մարդ էակ ունի ներքին եւ անօտարելի արժանապատուութիւն մը, որ կը մնայ անխաթար՝ անկախ պարագաներէն, պայմաններէն կամ ընկերային դիրքէն», ըսաւ ի վերջոյ Լեւոն Պապը։

Շրջապտոյտ ՊՀԾ նստավայրին մէջ

Նախքան ՊՀԾ  նստավայրէն ներս նախատեսուած իր շրջապտոյտը, Սրբազան Պապը այցելեց այն ցուցադրութիւնը, որ կը յիշատակէ Նոպելեան մրցանակը, զոր գործակալութիւնը ստացած է 2020-ին՝ անօթութեան դէմ պայքարելու ուղղութեամբ թափած ջանքերուն համար։ Իսկ անոնց, որոնք այս վեհ պարտականութիւնը կատարած ատեն իրենց կեանքը կորսնցուցած են, նուիրուած է յուշակոթող մը, որուն առջեւ Քահանայապետը ծաղկեպսակ զետեղեց, ապա՝ Պատուոյ մատեանի մէջ գրառում կատարեց՝ յիշատակելով յատկապէս վերոնշեալ անձերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/06/2026, 12:06