Որոնել

2025.10.01 Centro Mariapoli dei Focolarini a Castel Gandolfo: Incontro del 10° anniversario della Laudato sì

Խթանել շրջակայ միջավայրի հանդէպ խնամքի մշակոյթը՝ այդպիսով նպաստելով սիրոյ քաղաքակրթութեան․ Լեւոն ԺԴ

Աւստրիական 10-րդ Համաշխարհային Գագաթնաժողովին ուղղուած լսատեսողական պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը կը շեշտէ հաւատքը, յոյսն ու սէրը՝ որպէս նիւթեր, որոնք կրնան օգնել կլիմայական տագնապին շուրջ մտածելու, զոր կ’անցնի պարզ բնապահպանական հարցերէն անդին եւ կը դպչի ընկերային, բարոյական ու տնտեսական խնդիրներուն․ Շրջակայ միջավայրի տագնապը առանձնացած հարց մը չէ, այլ արդի ընկերա-տնտեսական տագնապին բնապահպանական երեսն է
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 16 Յունիսին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց «Austrian World Summit - Աւստրիական Համաշխարհային Գագաթնաժողովի» (AWS) 10ամեակի առթիւ՝ կազմակերպուած Վիեննայի մէջ։

Գագաթնաժողովը եւ անոր նպատակը

Հիմնուած ծագումով Աւստրիացի Արնոլտ Շուարցընեկըրի կողմէ 2017ին, Գագաթնաժողովը կլիմայի վերաբերեալ աշխարհի ամենաազդեցիկ միջազգային համաժողովներէն մէկն է, որ, մէկտեղելով քաղաքական ղեկավարներ, խոշոր ընկերութիւններ, գիտնականներ եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ, նպատակ ունի արագացնելու համաշխարհային բնապահպանական անցումը։

Հաւատքը կ’օգնէ պաշտպանելու կեանքն ու բնութիւնը

Հաւատք, յոյս եւ սէր․ քրիստոնէական այս երեք առաքինութիւններու շուրջ կեդրոնացաւ Սրբազան Հայրը՝ ժողովականներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, որոնք, ըստ Անոր, կրնան օգնել առաջնորդելու բնապահպանական տագնապին արձագանքելու խորհրդածութիւնները։

Սկսելով հաւատքէն՝ Ան նխ նշեց, թէ՝ անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ մեր աշխարհը Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած է եւ ինքնին բարի է, կը մղուին առ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնելու՝ խնամելու համար արարչագործութիւնը։

«Աստուծոյ գործին պահապանը ըլլալու կոչումով ապրիլը առաքինի կեանքի մը էական մասն է», շարունակեց Լեւոն ԺԴ․՝ մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Պապին 2015 թուականի «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականը։

Սրբազան Քահանայապետը նաեւ դիտել տուաւ, թէ ինչպէս տարբեր կրօններ արարչագործութիւնը կը հասկնան որպէս աստուածային պարգեւ եւ կը պնդեն կեանքի սրբութեան վրայ. հետեւաբար՝ «կրօնական հաւատքը կը զօրացնէ կեանքը պաշտպանելու եւ բնութեան խնամք տանելու ընդհանուր փափաքը»։

 «Շրջակայ միջավայրի տագնապը «առանձնացած հարց մը չէ, այլ արդի ընկերա-տնտեսական տագնապին բնապահպանական երեսն է», ըսաւ Լեւոն Պապը՝ մէջբերելով իր վերջերս հրատարակած «Magnifica humanitas» շրջաբերականը, որ կը վերաբերի արհեստական բանականութեան դարաշրջանին մէջ մարդ անհատի պաշտպանութեան։

Յոյսը՝ հզօր շարժիչ ուժ

Ինչ կը վերաբերի յոյսին, ըստ Նորին Սրբութեան, այսօրուան աշխարհի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ լարուածութիւններուն պատճառաւ կայ «աճող գիտակցութիւն մը, որ խաղաղութիւնը վտանգուած է արարչագործութեան հանդէպ  յարգանքի պակասով, բնական պաշարներու կողոպուտով եւ կլիմայի փոփոխութեան պատճառաւ կեանքի որակի աստիճանական անկումով»։

Կլիմայական հարցերու շուրջ բանակցութիւններուն մէջ յաճախ կայ «ընթացքը փոխելու  վախ», ըսաւ Պապը եւ ասկէ մեկնելով կոչ ըրաւ միջազգային համագործակցութեան, «համախմբուած եւ դէպի ապագան տեսնող բազմակողմանիութեան»՝ քաջալերելով յաղթահարել այս վախերը։

 «Աստուածաշունչը լեցուն է օրինակներով, թէ ինչպէ՛ս մարդոց վախերը կրնան յաղթահարուիլ  յոյսով», ընդգծեց Ան՝ նկատել տալով, որ կրօնական առաջնորդներն ու համայնքները կրնան կարեւոր դեր խաղալ այս գործին մէջ։

«Հակառակ ժխտողներուն կամ թերահաւատներուն՝ յոյսը կրնայ հզօր շարժիչ ուժ ըլլալ», պնդեց  Լեւոն ԺԴ․՝ աւելցնելով․

«Ոչ միայն փափաքելի է, այլեւ իսկապէս հնարաւոր, որ COP30-ի ընթացքին արձանագրուած յառաջդիմութեան յաջորդէ արդար անցում մը դէպի այնպիսի ընկերութիւններ, ուր հասարակաց բարիքը նախապատուութիւն կ’ունենայ շահոյթի նկատմամբ, եւ տնտեսական ձեւաչափերը արմատաւորուած կ’ըլլան զօրակցութեան  ու մարդկային արժանապատուութեան վրայ»։

Ասիկա, Անոր խօսքերով, կը պահանջէ, որ հարուստ երկիրները նիւթապէս աջակցին աղքատ երկիրներուն, ինչպէս նաեւ օգնեն այս պետութիւններուն՝ ստեղծելով «միջազգային ֆինանսական նոր շրջանակ մը, որ կեդրոնացած է մարդ անհատին վրայ»։

Նպաստել սիրոյ քաղաքակրթութեան

Գալով, ի վերջոյ սիրոյ առաքինութեան, Լեւոն Պապը ընդգծեց միջավայրի հանդէպ խնամքի վաւերական մշակոյթ մշակելու  կարեւորութիւնը, որ պետք է ներառէ «քաղաքացիական եւ քաղաքական գթասիրութիւնը», ինչպէս զայն բնորոշած էր Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Ընկերութիւնը աւելի մարդկային, անձի արժանապատուութեան աւելի վայել դարձնելու համար, պէտք է վերարժեւորել սէրը հասարակական կեանքին մէջ՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային մակարդակներու վրայ՝ զայն դարձնելով գործելակերպի մշտական եւ գերագոյն կանոնը [...]: Այս ծիրէն ներս, առօրեայ փոքրիկ արարքներու կարեւորութեան կողքին, հասարակական սէրը մեզ կը մղէ մտածելու մեծ ռազմավարութիւններու մասին, որոնք արդիւնաւէտօրէն կը կեցնեն միջավայրի վատթարացումը եւ կը քաջալերեն խնամքի մշակոյթ մը, որ կը համակէ ամբողջ հասարակութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դարձեալ մէջբերելով «Գովեալ ըլլաս» Շրջաբերականը։

Առ այդ, Ան ի վերջոյ յոյս յայտնեց, որ ժողովականներու որոշումները կը խթանեն խնամքի այս մշակոյթը եւ այդպիսով կը նպաստեն սիրոյ քաղաքակրթութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

16/06/2026, 11:11