Որոնել

Ի՞նչ աշխարհ կառուցած ենք, եթէ մեր այդքան շատ եղբայրներ եւ քոյրեր պէտք է մահանան՝ կեանքը փնտռելով․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Պապի Սպանիա Առաքելական ճամբորդութեան հանգրուանն այսօր Քանարեան կղզիները եղան, ուր Անոր առաջին հանդիպումը գաղթականներուն հետ էր․ «Սիրելի՛ գաղթականներ կ’ուզեմ խոնարհիլ ձեր արժանապատուութեան առջեւ», «թող, որ պատմութիւնը չմեղադրէ մեզի՝ տառապողներուն ցաւը մեր ափերուն սովորական տեսարանի մը վերածելու մէջ։ Ժամանող ամէն մէկ կեանք մեզմէ կը հարցնէ, թէ ի՛նչ կը մնայ մեր մարդկութենէն։ Վաղ թէ ուշ պիտի գիտցուի, եթէ կրցա՞նք պահպանել այս մարդկութիւնը, թէ՞ թոյլ տուինք, որ անտարբերութիւնը խօսի մեր փոխարէն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Պապի Սպանիա Առաքելական ճամբորդութեան գլխաւոր հանգրուաններէն մին Քանարեան կղզիները եղան, ուր Ան ժամանեց այսօր՝ 11 Յունիսին՝ առաջին հանդիպումը ունենալով Արկինեկին նաւահանգիստի աշխատողներուն ու գաղթականներուն հետ Լաս Փալմասի մէջ։

Դիմաւորուելով Կղզիին Եպիսկոպոս Գերապաշծառ Խօսէ Մասուէլոս Փերէսի կողմէ ու բռնութիւններու ենթարկուած անձերու տարբեր վկայութիւնները ունկնդրելէն ետք, Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղեց իր ճառը։

Արդեօ՞ք կը տեսնենք Քրիստոսը գաղթական եղբօր մէջ

Ան անդրադարձաւ նախ արարողութեան ընթացքին արտասանած Աւետարանական ընթերցումներուն՝ աղքատներուն, օտարականներուն ու տառապողներուն հանդէպ մարդկային ու հոգեւոր պարտաւորութեան վերաբերեալ, քաղուած Մատթէոս Աւետարանիչէն (25։41-45), եւ շեշտեց, որ «ոչ մէկ քրիստոնեայ կրնայ թեթեւ ընդունիլ անոր մէջ արտացոլուած նախազգուշացումները։ «Աւետարանը մեզ կը խլէ հանդիսատես ըլլալու հանգստաւէտութենէն» եւ «հարցում կ’ուղղէ թէ արդեօ՞ք կը տեսնենք Քրիստոսը գաղթական եղբօր մէջ, զոր կ’իջնէ նաւակէն՝ վախի, սովի ու բռնութեան վէրքեր կրելով», նշեց Պապը։

Յիսուսի աշակերտները չեն կրնար անհաղորդ մնալ գիշերուան խաւարէն կանչողի աղաղակին

Այս կղզին՝ փոքր իր չափերով, բայց մեծ մարդկայնութեամբ, տեսած է մէկ կողմէ իրենց հողէն խլուած հազարաւոր մարդոց ժամանումը, միւս կողմէ, սակայն, ծովը վերադարձուցած է անկենդան մարմիններ, շարունակեց Քահանայապետը ու նկատել տուաւ, որ ասիկա է պատճառը, որ «Եկեղեցին չի կրնար անտեսել այս ջուրերը, ինչպէս նաեւ որեւէ վայր, որտեղ քաղցը, ծարաւը, բռնութիւնը, վախը կամ աքսորը կը շարունակեն վիրաւորել մարդկային արժանապատւութիւնը։ Յիսուսի աշակերտները չեն կրնար անհաղորդ մնալ գիշերուան խաւարէն կանչողի աղաղակին»։

Աստուածային զօրութիւնը սահման կը դնէ չարիքին

«Աստուածաշնչական լեզուով, ծովը կրնայ ըլլալ սպառնալիքի, խաւարի եւ քաոսի պատկեր, որոնք այսօր կ՛արտայայտուին «մաֆիաներու», մարդկային առեւտուրի եւ հասարակութեան անտարբերութեան միջոցաւ, շարունակեց իր միտքը Քահանայապետը՝ շեշտելով միաժամանակ, որ հաւատքը, սակայն, յոյս կը ներշնչէ. ինչպէս Աստուած փրկեց Իսրայէլը Կարմիր ծովէն եւ Քրիստոս հանդարտեցուց փոթորիկը, այնպէս ալ այսօր Աստուածային զօրութիւնը սահման կը դնէ չարիքին։ Ուստի, հոն, ուր Քրիստոս կը հրամայէ ծովուն լուռ մնալ, Եկեղեցին չի կրնար համր մնալ անոնց դիմաց, որոնք լքուած են անոր ջուրերուն մէջ։

Կեանքը կը պահպանէ այնպիսի արժանապատուութիւն մը, որ ոչ ոք կրնայ խլել

Քահանայապետը, այնուհետեւ, մէկիկ մէկիկ դիմեց անձնական վկայութիւնները ներկայացուցած անձերուն՝ շեշտելով, որ անոնց կեանքը չի պատկանիր անոր՝ որ չարիք հասցուցած է, այլ կը պատկանի Աստուծոյ եւ կը պահպանէ այնպիսի արժանապատուութիւն մը, որ ոչ ոք կրնայ խլել։

«Կը փափաքիմ, որ այսօր խօսք առածներուն ձայնը հասնի անոնց, որոնց ձեռքն են վճռական պատասխանատուութիւնները՝ քաղաքացիական իշխանութիւններուն, խորհրդարաններուն, կառավարութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական համայնքներուն, այլ կրօնական աւանդոյթներուն եւ բարի կամքի տէր բոլոր այրերուն ու կանանց: Չէ բաւէր կառավարել ժամանումները, թիւեր տարածել, սահմաններ ամրացնել կամ մահեր ողբալ, երբ անոնք արդէն տեղի ունեցած են», շեշտեց Սրբազան Պապը։

Գաղթականներու ողբերգութիւնը՝ խիղճի քննութիւն

Եկեղեցին նոյնպէս, նշեց Քահանայապետը, պէտք է թոյլ տայ, որ իրեն հարցադրումներ ուղղուին։ Գաղթականներուն ընդունիլը չի կրնար երկրորդական խնդիր ըլլալ, ոչ ալ վստահուիլ քանի մը կամաւորներու։

«Ի՞նչ աշխարհ կառուցած ենք, եթէ՝ մեր այդքան շատ եղբայրներ եւ քոյրեր պէտք է մահանան՝ կեանքը փնտռելով»։ Այս հարցումն է, որ, ըստ Պապի, նաւակները կը բերեն գաղթականներուն հետ միասին։

Եւ ճիշտ վերջիններուս ուղղեց իր խօսքը Լեւոն ԺԴ․

«Սիրելի՛ գաղթականներ կ’ուզեմ խոնարհիլ ձեր արժանապատուութեան առջեւ։ (․․․)

Ձեր ողբերգութիւնը պիտի դառնայ խիղճի քննութիւն ծագման ու տարանցիկ երկիրներու համար, «Եւրոպայի համար, որ չի կրնար հռչակել մարդկային արժանապատուութիւնը եւ վարժուիլ անոր, որ Միջերկրականն ու Ատլանտեանը դառնան առանց տապանաքարի գերեզմանատուներ, միջազգային համայնքին համար, որ կոչուած է արդիւնաւէտ ու յարատեւ գործակցութեան»։

Մարդկային արժանապատուութիւնը իր արժէքը չի կորսնցնէ, երբ սահման կը կտրէ

Մարդկային արժանապատուութիւնը կը պահանջէ օրինական ու ապահով ուղիներ, զոհերու պաշտպանութիւն եւ համապատասխան քաղաքականութիւն։ Ապաստան գտնելու իրաւունքին զուգահեռ, գոյութիւն ունի նաեւ սեփական հողին վրայ խաղաղ ու արժանապատիւ ապրելու եւ չգաղթելու իրաւունքը՝ զերծ պատերազմէ եւ չքաւորութենէ։ «Մարդկային արժանապատուութիւնը անձնագիր չունի, ոչ ալ իր արժէքը կը կորսնցնէ, երբ սահման կը կտրէ», հաստատեց ապա Լեւոն Պապը եւ իր ճառը աւարտեց՝ մաղթելով, որ, «պատմութիւնը չմեղադրէ մեզի՝ տառապողներուն ցաւը մեր ափերուն սովորական տեսարանի մը վերածելու մէջ։ Ժամանող իւրաքանչիւր կեանք մեզի կը հարցնէ, թէ ի՛նչ կը մնայ մեր մարդկութենէն։ Վաղ թէ ուշ պիտի գիտցուի, եթէ կրցա՞նք պահպանել այս մարդկութիւնը, թէ՞ թոյլ տուինք, որ անտարբերութիւնը խօսի մեր փոխարէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

11/06/2026, 13:40