Երիտասարդներ աղօթքի հկումի ընթացքին Երիտասարդներ աղօթքի հկումի ընթացքին 

Միայն Աստուծոյ սէրը կրնայ ճշմարիտ ու կատարեալ խնդութիւն տալ մեզի․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ յղած է Սթիւպընվիլի Երիտասարդական Համագումարներու 50ամեակին առթիւ․ Կատարեալ խնդութիւնը կեանքի նոյնիսկ ամենէ ծանր դժուարութիւնները համբերութեամբ, առանց տրտնջելու եւ առ Աստուած տածած սիրով ընդունելու կարողութիւնն է
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

 «Ճշմարիտ խաղաղութիւնն ու կատարեալ ուրախութիւնը Աստուծոյ պարգեւներն են, որոնք կը հասնին մեզի, երբ մենք կը բացուինք Անոր եւ կը վստահինք մեզ փոխելու Իր զօրութեան»․ Խօսքերն են ասոնք Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին, որոնք Ան արտասանեց 20 Յունիսին՝ Սթիւպընվիլի Ամարային Երիտասարդական Համագումարներու (Steubenville Summer Youth Conferences) 50ամեակին առթիւ իր լսատեսողական պատգամին ընթացքին։

Սթիւպընվիլի Ֆրանչեսկեան Համալսարանը եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը

Նշենք թէ՝ Համագումարները սկիզբ առած են եւ կը կազմակերպուին Օհայոյի Սթիւպընվիլի Ֆրանչեսկեան Համալսարանին (Franciscan University of Steubenville) կողմէ եւ կը հանդիսանան Հիւսիսային Ամերիկայի կաթողիկէ երիտասարդական ամենէն ազդեցիկ շարժումներէն մէկը։

Նորին Սրբութիւնը՝ Ժողովականներուն ուղղած իր խորհրդածութիւնները կառուցեց ճիշտ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի, եւ՝ անոր օրինակով, խաղաղութեան ու խնդութեան շուրջ․

«Եթէ տասներորդ դարուն Ասսիզիի փողոցներուն մէջ հանդիպէիք Սուրբ Ֆրանչիսկոսին, հաւանաբար ան ձեզի պիտի նայէր խաղաղ ու սիրալիր ժպիտով մը եւ պիտի ըսէր՝ «Խաղաղութիւն եւ բարիք» (Pace e bene)», նշեց Պապը՝ յիշեցնելով նախ, որ Եկեղեցին այս տարի կը տօնախմբէ Սուրբի մահուան 800ամեակը ։

Խաղաղութիւնը հնարաւոր կը դառնայ երբ Տիրոջ կը հրաւիրենք մտնելու մեր սրտերուն մէջ

«Մենք ալ կրնանք մեզի հարց տալ. Արդեօ՞ք ես ճշմարիտ խաղաղութիւն կը կը ցանկամ անոնց համար, որոնք կը հաղորդակցին ինծի հետ», նշեց Սրբազան Հայրը եւ ընդունելով, որ այդ մէկը միշտ չէ, որ դիւրին է, դիտել տուաւ միաժամանակ, որ Ֆրանչիսկոս յաջողեցաւ այն սերմանել ոչ թէ իր սեփական ջանքերու շնորհիւ, այլ որովհետեւ «իր ներսը ունէր ճշմարիտ խաղաղութեան աղբիւրը»։

Խաղաղութիւնը, բացատրեց Ան, Աստուծոյ պարգեւն է, զոր կը ստանանք, երբ Տիրոջ կը հրաւիրենք մտնելու մեր սրտերուն մէջ», այդպիսով «կը դառնանք Անոր խաղաղութեան գործիքները՝ զայն տանելով մեր ընտանիքներուն, մեր համայնքներուն, մեր երկիրներուն եւ ամբողջ աշխարհին»

Առ այդ, Լեւոն Պապը յորդորեց երիտասարդները «օգտուիլ Համաժողովներու լռութեան պահերէն՝ բացայայտելու համար Քրիստոսի խաղաղութիւնը, զոր Ան խոստացաւ տալ Իր աշակերտներուն (հմմտ. Յովհաննէս 14, 27)»։

Ուրախութիւնը դժուարութիւնները առ Աստուած տածած սիրով ընդունելու կարողութիւնն է

Սրբազան Քահանայապետը այնուհետեւ անդրադարձաւ Ասսիզացի Սուրբի ուրախութեան «բանաձեւին»՝ համաձայն որու «կատարեալ խնդութիւնը» կեանքի նոյնիսկ ամենէ ծանր դժուարութիւնները համբերութեամբ, առանց տրտնջելու եւ առ Աստուած տածած սիրով ընդունելու կարողութիւնն է։

Ուրախութիւն մը, նշեց Սրբազան Պապը, զոր հնարաւոր չէ գտնել ելեկտրոնային սարքերու միջոցաւ կամ ժամեր շարունակ անցկացնելով ընկերային հարթակներէն ներս, անիկա «պէտք չէ փնտռել թմրեցուցիչներու օգտագործման, ոգելից ըմպելիներու չարաշահման, մակերեսային յարաբերութիւններու, մեր արտաքին պատկերին հանդէպ մոլուցքին կամ որեւէ այլ տեսակի վնասակար վարքագիծի միջոցաւ», ոչ ալ «հնարաւոր է գտնել այնպիսի բարիքներու մէջ, որ են հարստութիւնը, գեղեցկութիւնը, համբաւը կամ նոյնիսկ առողջութիւնը, որովհետեւ օր մը մենք մեր ետին պիտի ձգենք այդ բոլորը»։

«Միայն Աստուծոյ սէրը կրնայ ճշմարիտ ու կատարեալ խնդութիւն տալ մեզի», հաստատեց Նորին Սրբութիւնը եւ շարունակեց, որ Անոր՝ մեր հանդէպ ունեցած սիրոյ մէջ համոզմունքով եւ Անոր հետ վստահութեան յարաբերութեան մշակմամբ, տագնապը, տխրութիւնը եւ մենակութիւնը պիտի անհետանան։

«Ասիկա՛ է գաղտնիքը՝ դժուարին պարագաները ժպիտով դիմագրաւելու համար։ Բացէ՛ք ձեր սիրտերը՝ այս իրականութիւնը բացայայտելու համար», եղաւ ուստի Լեւոն Պապի յորդորը։

Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած հոգեւոր հրատապ անհրաժեշտութիւնը

Իր պատգամի աւարտին, Լեւոն Պապը յատուկէն անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած հոգեւոր հրատապ անհրաժեշտութեան՝ ըսելով, որ Տէրը կը փնտռէ նուիրեալ հոգիներ՝ միսիոնարներ, սուրբ տղամարդոց եւ կիներու, որոնք կը հիմնեն սիրալիր կաթողիկէ ընտանիքներ․ քահանաներու, որոնք հոգեւոր հայրեր ու խորհուրդներու սպասաւորներ կ՛ըլլան, ինչպէս նաեւ կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու, որոնք կը վկայեն Իր Թագաւորութեան ճշմարիտ ուրախութիւնը»։

Ապա՝ ասկէ մեկնելով, Քահանայապետը քաջալերեց, որպէսզի անոնք, որոնք իրենց հոգիին մէջ կը զգան այս սրբազան կոչումը, մէկ կողմ ձգեն անտարբերութիւնը կամ վախը ու արիաբար առաջ նետուին՝ Եսայի մարգարէի նման ըսելու՝ «Ահաւասի՛կ ես, զի՛ս ղրկէ» (6, 8),

Սթիւպընվիլի Երիտասարդական Համագումարներու50-ամեակը

Աւելցնենք, ի վերջոյ, որ Սթիւպընվիլի Երիտասարդական Համագումարներու 50-ամեակը կը նշուի 2026ի ողջ ամրան ընթացքին՝ համախմբելով աւելի քան 40,000 կաթողիկէ պատանիներ եւ չափահասներ եւ նախատեսելով հոգեւոր նորոգման ու զանգուածային աղօթքի պահեր։ Երիտասարդները, հեռանալով իրենց առօրեայ հոգերէն, հեռախօսներէն եւ աշխարհիկ մտահոգութիւններէն, առիթը կ'ունենան խորհրդածելու իրենց հաւատքի մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/06/2026, 13:13