Որոնել

Pope Leo XIV visits Spain

Ով որ կ՚ընկղմի Աստուծոյ սիրոյ մէջ, այլեւս չ՚ապրիր իր անձին համար։ Բացէ՛ք ամէնուն այս սիրոյ ծովը․ Լեւոն ԺԴ․

Այսօր, Սանթա Քրուզ տէ Թեներիֆէի նաւահանգիստին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի նախագահութեամբ, Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց Սպանիայի իր Առաքելական Ճամբորդութիւնը․ Շնորհակալ եմ ձեր ով ըլլալուն եւ ձեր ըրածներուն համար, այս կղզին վերածելով վայրի մը, ուր կարելի է հանդիպիլ Քրիստոսի սրտին՝ եղբայրական համայնքներու եւ անձերու բարեկամական ու հիւրընկալ դէմքին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Այսօր՝ 12 Յունիսին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը՝ Սպանիա իր Առաքելական Ճամբորդութեան վերջին օրը, այցելեց Քանարեան կղզախումբին ամէնէ մեծ կղզին՝ Թեներիֆէ, ուր Ան նախագահեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ «Սանթա Քրուզ տէ Թեներիֆէ» նաւահանգիստին մէջ, որով նաեւ վերջ գտաւ Անոր այցը Երկիր։

Ոչ ոք անշարժ է

«Ծովը կը յիշեցնէ անհունութիւնը, ինչպէս նաեւ երկինքը, բայց անհուն է յատկապէս բաղձանքը, զոր կը միացնէ Աստուծոյ սիրտը բազմաթիւ մարդկային սիրտերու հետ, որոնց ուրախութիւններն ու յոյսերը, տրտմութիւններն ու տագնապները իրենց արձագանգը կը գտնեն Եկեղեցւոյ սրտին մէջ։ Ոչ ոք կղզի է․ այս Թեմի աշխարհագրութիւնն ու հովուական մարտահրաւէրները կը փաստեն, որ ծնած ենք հանդիպումի համար։ Ըլլանք նոյն տեղը կամ ճամբորդութեան մէջ, ոչ ոք անշարժ է․ ասիկա է սրտին գաղտնիքը՝ ներքին կոչը դէպի ելք եւ հանդիպում»։

Խօսքերն են ասոնք, զոր Լեւոն Պապը արտասանեց Սուրբ Զոհի ընթացքին ներկայացուցած իր քարոզին սկիզբը՝ յատուկէն ուրախութիւն յայտնելով իր ուղեւորութեան ընթացքին ստացած «հաւատքի ու ողորմութեան բազմաթիւ վկայութիւններուն համար»։

Ամուլ շարժունակութեան մէջ չկորսուելու համար՝ զերծ մնալ շտապողականութենէ եւ ամէն ինչ առեւտուրի եւ շահոյթի վերածելէ

«Կեանք կայ, երբ կեանք կը պարգեւուի․ «Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի անով կեանք ունենանք» (Ա. Յովհաննէս 4,9)», մինչ «մարդկային անձին ամենախորունկ կոչումն է՝ մտնել ստացուած եւ բաժնեկցուած սիրոյ Սուրբ Երրորդութեան շարժումին մէջ», շարունակեց Լեւոն Պապը։

Սակայն, Քրիստոսին սիրտը կը բացայայտէ մեզի ինչպէ՞ս չկորսուիլ ամուլ շարժունակութեան մը մէջ, աւելցուց Ան եւ իր այս միտքը բացատրեց Ֆրանչիսկոս Պապի «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականի բառերով․

«Շատեր կ'ապրին խոր անհաւասարակշռութիւն մը, որ զիրենք կը մղէ ամէն ինչ ընելու մեծ արագութեամբ՝ զբաղած զգալու համար, մշտական շտապողականութեան մը մէջ, որ իր կարգին զանոնք կը մղէ տապալելու ամէն ինչ, որ կայ իրենց շուրջը»։ Հետեւաբար, «լաւագոյնս կ'ապրին անոնք, որոնք կը դադրին միշտ չունեցածը փնտռելէ», կը սորվին «արժեւորել ամէն անձ ու պարզ իրականութիւն», եւ այդպիսով «կը նուազեցնեն տագնապն ու յոգնածութիւնը» (հմմտ․ Յօդուածներ 223 եւ 225)։

Ասիկա է հիւրընկալութեան իսկական կոչումը, զոր կը վերաբերի նաեւ Թեներիֆէի բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան եկած հիւրերուն, շեշտեց Սրբազան Քահանայապետը։

Ասկէ մեկնելով, Ան, իբրեւ մարդկային սիրտին փնտռածը բաւարարելու «չմոլորեցնող» միջոց, յորդորեց զերծ մնալ ամէն ինչ առեւտուրի եւ շահոյթի վերածելէ։

Աւետարանը մեզի կը յիշեցնէ աղքատներուն հարստութիւնը

«Աւետարանը, այսօր, կարծես թէ կ՚արմատականացնէ այս մարտահրաւէրը եւ մեզի կը յիշեցնէ աղքատներուն հարստութիւնը. հակասութիւն մը, որ ուղղակիօրէն կը վերաբերի Յիսուսի կեանքին, անոր ճշմարտութեան, այն ուղիին, որով տակաւին կը խնդրէ մեզմէ հետեւիլ իրեն:

Խորհուրդ մը, զոր Լեւոն Պապի խօսքերով, իւրայատուկ ձեւով կ՚արձագանգէ այս կղզիներուն մէջ, որ վերածուած են առաջին ընդունելութեան կեդրոնի գաղթական եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որոնց ճամբորդութիւնը սովորաբար ենթակայ է անպատմելի վտանգներու եւ բռնութիւններու։

Ըստ այդմ, Նորին Սրբութիւնը՝ «անոնց դիմաց, որոնք կը շահագործեն յուսահատութիւնը, յորդորեց, իբրեւ քրիստոնեաներ, ըլլալու Տիրոջ արտացոլացումը, երբ կ՚ըսէ՝ «Եկէ՛ք ինծի, բոլոր յոգնածներդ ու բեռնաւորուածներդ, եւ ես ձեզ պիտի հանգստացնեմ» (Մատթէոս 11,28):

Աղքատներու փորձառութիւնը՝ իմաստութեան աղբիւր, որմէ շատ բան կայ սորվելու

Աղքատները՝ ապրելով ծայրայեղ դժուար պայմաններու մէջ, «վստահած են Աստուծոյ՝ այն համոզումով, որ ուրիշ ոչ ոք զիրենք լուրջ կը նկատէ, եւ ամենամութ պահերուն իրարու օգնելով մեծ իմաստութիւն ձեռքբերած են: «Անոնք, որոնք ծայրայեղ դժուար կեանք չեն տեսած, շատ բան ունին ստանալու իմաստութեան այն աղբիւրէն, որ աղքատներուն փորձառութիւնն է։ Դժգոհութիւնները բաղդատելով անոնց զրկանքներուն հետ է միայն հնարաւոր կեանքը պարզեցնելու յանդիմանութիւն ստանալ», քանզի «Տէրը կը յանդիմանէ ու կը սրբագրէ զանոնք, որոնց կը սիրէ (հմմտ. Յայտն․ 3,19)» յարեց հուսկ Քահանայապետը։

Թեներիֆէի եղբայրական համայնքներու հիւրընկալ դէմքին մէջ կարելի է հանդիպիլ Քրիստոսի սրտին

«Շնորհակալ եմ ձեր ով ըլլալուն եւ ձեր ըրածներուն համար, այս Կղզին վերածելով վայրի մը, ուր կարելի է հանդիպիլ Քրիստոսի սրտին՝ եղբայրական համայնքներու եւ անձերու բարեկամական ու հիւրընկալ դէմքին մէջ», ըսաւ ապա Լեւոն Պապը եւ կոչ ըրաւ յատուկ ուշադրութիւն տածել «դեռահասներու ու երիտասարդներու, հարուստներու ու աղքատներու, տեղի բնակիչներու ու հիւրերու նկատմամբ․ «անոնք պէտք ունին ճանչցուելու այնպիսի հայեացքով մը, որ կը տեսնէ երեւոյթներէն անդին եւ կը ճանչնայ իրենց անհանգիստ սրտին խորութիւնը», ընդգծեց Քահանայապետը եւ մէջբերելով Յովհաննէս Առաքեալի Աւետարանի սիրտը նկատուող ««Աստուած սէր է. ա՛ն որ կը բնակի սիրոյ մէջ՝ կը բնակի Աստուծոյ մէջ, եւ Աստուած՝ անոր մէջ» (Ա. Յովհաննէս 4,16), խօսքը շեշտեց թէ՝ «ով որ կ՚ընկղմի անոր մէջ, այլեւս չ՚ապրիր իր անձին համար»։

«Բացէ՛ք ամէնուն այս սիրոյ ծովը», եղաւ առ այդ Լեւոն ԺԴ. Պապի քարոզին եզրափակիչ կոչ - հրաւէրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

12/06/2026, 14:57