Մոնսեռաթի Տիրամօր ոտքերուն առջեւ զետեղենք մեր սրտերը կարծրացուցած երեւելի զրահները․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Մոնսեռաթի Սուրբ Մարիամ Վանք՝ աղօթելու Սուրբ Վարդարանը․ Խնդրենք Խաղաղութեան Թագուհիէն, որ մեզի սորվեցնէ հրաժարիլ վիրաւորական խօսքերէն, շտապողական դատողութիւններէն, բամբասանքներէն ու զրպարտութիւններէն։ Եւ թող սորվինք պահպանել ու մշակել սէրը ընտանիքին մէջ, բարեկամներու միջեւ, աշխատավայրին մէջ, ընկերային հարթակներուն վրայ, քաղաքական քննարկումներուն ընթացքին եւ քրիստոնէական համայնքներուն ներսը, որպէսզի ատելութիւնը իր տեղը զիջի յոյսին ու խաղաղութեան
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը՝ Սպանիա առաքելական ուղեւորութեան ծիրէն ներս, այսօր՝ 10 Յունիսի կէսօրին, այցելեց Մոնսեռաթի Սուրբ Մարիամ Վանք, ուր դիմաւորուեցաւ Սան Ֆելիու տը Լլոպրեկաթ Թեմի Առաջնորդ Եպիսկոպոս Գերապայծառ Խավիէր Կոմէս Կարսիայի ու Մոնսեռաթի Վանքի Աբբահայր Հայր Մանել Կասչ ի Հուրիոսի կողմէ։

Վերջիններուս ողջոյնի խօսքէն ետք, Քահանայապետի գլխաւորութեամբ հաւատացեալներն ու ուխտաւորները աղօթեցին Վարդարանը, որու աւարտին Լեւոն Պապը ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը։

«Այս Սրբավայրին պատերը կրնան պատմել անհամար պատմութիւններ՝ նուիրումի, երախտագիտութեան եւ յոյսի, (…), ինչպէս նաեւ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն համար թափուած արեան։ Այս պատերէն ներս պահպանուած են շատ հաւատացեալներու ուրախութիւններ ու ցաւեր, ժպիտներ ու արցունքներ եւ անոնք ունկնդրած են Եւրոպայի ամենահին մանկական երգչախումբի երկնային ձայները», ըսաւ Սրբազան Հայրը իր ճառին սկիզբը։ Ի դէպ, եօթ դարեայ պատմութիւն ունեցող այդ հեղինակաւոր երգչախումբը բաղկացած է 9-էն 14 տարեկան տղաներէ։

Տիրամայրը մեր մէջ խորին հոգեւոր վերանորոգում կ'արթնցնէ

Լեւոն Պապը, յիշեցուց ապա, Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ 2023 թուականին Մոնսեռաթի Տիրամօր Ոսկէ Վարդ նուիրաբերութիւնը եւ այդ նոյն առիթով անոր արտասանած խօսքերը․ «Մօր առջեւ կարծես թէ կ'արթննան մարդու ամենէն ազնիւ զգացումները»։

«Յիրաւի, շարունակեց Նորին Սրբութիւնը, Տիրամայրը մեր մէջ խորին հոգեւոր վերանորոգում կ'արթնցնէ, ինչպէս որ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլացիին դարձը եղաւ», երբ՝ «այս տպաւորիչ վայրին մէջ» ան՝ գիշեր մը աղօթելէ ետք Աստուածամօր առջեւ, «վար դրաւ իր ասպետական զէնքերը, ինչը նշանաւորեց Յիսուս Քրիստոսի ծառայութեան նուիրուած նոր կեանքի մը սկիզբը»։



Ասկէ մեկնելով Լեւոն Պապը յորդորեց ընդունիլ Մարիամի՝ մեզ դէպի Քրիստոս մղող հրաւէրը՝ «Ինչ որ ձեզի ըսէ՝ ըրէ՛ք” (Յովհաննէս 2,5), քանի որ «Յիսուսի կամքը յստակ է», Ան մեզի կը պատուիրէ սիրելու զիրար, այնպէս ինչպէս Ինք սիրեց մեզ։ Ըստ այդմ, շարունակեց Քահանայապետը «Մարիամը կը յորդորէ՝ հասնիլ Աւետարանի չափանիշներուն հետ հաշտուած սրտի մը»։

Քրիստոս կը քօղազերծէ այն բռնութիւնը, որ կրնայ թաքնուած ըլլալ մեր խօսքերուն եւ վերաբերմունքին մէջ

Քրիստոս՝ ցուցնելով հանդերձ ողորմութեան, հաշտութեան, ճշմարտութեան եւ հեզութեան ճամբան, միեւնոյն ատեն, «կը քօղազերծէ այն բռնութիւնը, որ կրնայ թաքնուած ըլլալ մեր խօսքերուն եւ վերաբերմունքին մէջ», որ են՝ «նուաստացնող քննադատութիւնը, կործանարար դատապարտութիւնը եւ պառակտող յարձակողականութիւնը», ընդգծեց Լեւոն ԺԴ․։

Ան, ուստի, յորդորեց Մանուկ Յիսուսը գրկած Մոնսեռաթի Տիրամօր ոտքերուն առջեւ զետեղենք «մեր սրտերը կարծրացուցած այս երեւելի զրահները», որոնցով «կը ջանանք պաշտպանել մեր վէրքերը, մեր վախերը կամ անարդարութեան պատճառած տառապանքը»։

«Մանուկ Յիսուսը, զոր Մարիամ իր գիրկը բռնած է, զրահներ չի կրեր, եւ Ինքն իսկ պիտի ըլլայ ան, որ յետոյ, խաչին վրայ մերկ, Ինքզինք ամբողջութեամբ Հօրը պիտի յանձնէ՝ փրկելու մեզ սիրոյ անզեն ու զինաթափող ոյժով», պնդեց Սրբազան Պապը կոչ ընելով․

«Բարձրացնե՛նք մեր հայեացքը դէպի Մարիամը եւ աղաչենք օգնելու մեզի՝ զգեստաւորուելու բացառապէս Աստուծոյ զէնքերով, այնպէս ինչպէս կը յորդորէ Սուրբ Պօղոսը։

«Մէջքերդ ճշմարտութեամբ գօտեպնդած, արդարութեան զրահը հագած, եւ ոտքերը պատրաստակամութեամբ կօշիկ հագած՝ խաղաղութեան աւետարանը քարոզելու համար։ Ամէն բանէ առաջ առէ՛ք հաւատքի վահանը, [...] առէ՛ք նաեւ փրկութեան սաղաւարտը եւ Հոգիին սուրը, որ Աստուծոյ խօսքն է» (Եփեսացիներ 6:14-17), յարեց հուսկ Սրբազան Հայրը։

Սորվինք պահպանել ու մշակել սէրը

Մոնսեռաթի Կոյսի աջ ձեռքի մէջ ամփոփուած երկրագունդը, Քահանայապետը մայրական հոգատարութեան նշան նկատելով, որ ողջ աշխարհը կը զետեղէ իր սիրտին մէջ՝ հրաւիրեց բոլորը ճանչնալ մէկը միւսը` որպէս եղբայրներ ու քոյրեր։

«Խնդրենք Խաղաղութեան Թագուհիէն», շարունակեց Ան, «որ մեզի սորվեցնէ հրաժարիլ վիրաւորական խօսքերէն, շտապողական դատողութիւններէն, բամբասանքներէն ու զրպարտութիւններէն։ Եւ թող սորվինք պահպանել ու մշակել սէրը ընտանիքին մէջ, բարեկամներու միջեւ, աշխատավայրին մէջ, ընկերային հարթակներուն վրայ, քաղաքական քննարկումներուն ընթացքին եւ քրիստոնէական համայնքներուն ներսը, որպէսզի ատելութիւնը իր տեղը զիջի յոյսին ու խաղաղութեան», յորդորեց ի վերջոյ Սրբազան Քահանայապետը՝ Տիրամօր ուղղած աղօթքով աւարտելով իր ճառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

10/06/2026, 13:33