Որոնել

2026.06.15 Pellegrinaggio della Chiesa di rito Siro-Malankarese in Europa

Պահեցէ՛ք ձեր ինքնութիւնը եւ աւանդոյթները․ Լեւոն ԺԴ․ Պապը Սիրօ-Մալանքար Եկեղեցւոյ անդամներուն

Սրբազան Քահանայապետը, այսօր ընդունեց Եւրոպայի տարբեր Երկիրներէ ժամանած Սիրօ-Մալանքար Եկեղեցւոյ կղերական դասի անդամներն ու հաւատացեալները․ Իր հիմնադրութենէն ի վեր, ձեր Եկեղեցին միշտ եղած է աւետարանական կորովի եւ առաքելական սիրոյ փարոս մը՝ ընկերային արդարութիւն, կրթութիւն եւ մարդկային ամբողջական զարգացում բերելով անոնց, որոնք կ՚ապրին ընկերութեան լուսանցքին վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր՝ 15 Յունիսին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահիճէն ներս, ընդունեց Եւրոպայի տարբեր Երկիրներէ ժամանած Սիրօ-Մալանքար Եկեղեցւոյ կղերական դասի անդամներն ու հաւատացեալները՝ Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Մար Պասելիոս Քլիմիս ի գլխաւորութեամբ, որոնք Հռոմ կը գտնուին՝ Յունիս 13էն 15ը կազմակերպուած Համագումարի նպատակով։

Նշենք թէ, Սիրօ-Մալանքար Եկեղեցին հիմնադրուած է Մար Իվանիոս Արքեպիսկոպոսի կողմէ 20 Սեպտեմբեր 1930ին, որու արմատները կը տարածուին մինչեւ 52 թուական՝ Սուրբ Թովմաս Առաքեալի հիմնած քրիստոնէական համայնքներ Հնդկաստանի մէջ։

Ներկաներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ ճիշտ Եկեղեցւոյ պատմութեան՝ ստեղծումէն մինչեւ մեր օրերը՝ ընդգծելով, թէ՝ «ան հոգեւոր նորոգութեան բազմամեայ եւ թափանցիկ ճամբորդութեան մը ձեռնարկած է՝ պատրաստուելու համար իր հարիւրամեակին»։

Եկեղեցւոյ արմատները

«Իր հիմնադրութենէն ի վեր, ձեր Եկեղեցին միշտ եղած է աւետարանական կորովի եւ առաքելական սիրոյ փարոս մը՝ ընկերային արդարութիւն, կրթութիւն եւ մարդկային ամբողջական զարգացում բերելով անոնց, որոնք կ՚ապրին ընկերութեան լուսանցքին վրայ»։

Եկեղեցի մը, որ գիտցած է տանիլ Աւետարանի լոյսը՝ տարածելով անոր արժէքները, եւ որ, 1930-ական թուականներուն, արագօրէն աճած է Հնդկաստանի Թամիլ Նատու նահանգին մէջ՝ շնորհիւ «կայտառ կաթողիկէ համայնքներուն», շեշտեց Լեւոն Պապը։

Մար Իվանիոս Արքեպիսկոպոսը

Ասկէ մեկնելով, Ան յիշեցուց Պիոս ԺԱ․ի խօսքերը, որ տակաւին 1932 թուականին «Christo Pastorum Principi - Հովիւներու Իշխան՝ Քրիստոսին» Առաքելական Սահմանադրութեան մէջ երախտագիտութիւն յայտնած է․ «Աստուծոյ ծառայ Մար Իվանիոսին, որ՝ Մար Թէոփիլոսի հետ միասին, առաջնորդեց խումբ մը քահանաներ»՝ վերագտնելու եկեղեցական հաղորդութիւնը Պետրոս Առաքեալի Յաջորդին հետ՝ որպէս քրիստոնէական հաւատքի կեանքի կենսական մէկ մասնիկը»։

Սուրբ Թովմաս Առաքեալի ցանած սերմը

Այդպիսով, ան միաւորեց մեծ փափաքը՝ միացեալ Եկեղեցւոյ մը, որպէս միութեան եւ հաղորդութեան նշան, շարունակեց Նորին Սրբութիւնը՝ աւելցնելով, որ «որպէս երիտասարդ քահանայ, Մար Իվանիոս իր հայեացքը կ՚ուղղէր Քերալայի իր քրիստոնեայ համայնքի սահմաններէն շատ աւելի անդին եւ յստակօրէն կը տեսնէր անհրաժեշտութիւնը՝ վերակենդանացնելու այն բարի սերմը, որ Հնդկաստանի մէջ ցանուած էր Սուրբ Թովմաս Առաքեալի քարոզչութեամբ եւ նահատակութեամբ»։

Պենետիկտոս ԺԴ․ եւ Ֆրանչիսկոս Պապերու ներդրումը

Հասնելով մինչեւ մեր ժամանակները, Քահանայապետը նկատել տուաւ, որ Պենետիկտոս ԺԶ․՝ «ճանչնալով Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բազմաթիւ սիրօ-մալանքար հաւատացեալներու ներկայութիւնը», Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնեց Առաջնորդական Փոխանորդութիւն։ Մինչ, Ֆրանչիսկոս Պապը՝ տասը տարի առաջ զայն բարձրացուց Թեմի մակարդակի, իսկ Առաջնորդական Փոխանորդութեան իրաւասութիւնները տարածեց նաեւ Քանատայի բոլոր սիրօ-մալանքար հաւատացեալներուն վրայ»:

Լեւոն Պապը նշանակած է Եւրոպայի Սիրօ-Մալանքար կաթողիկէներու առաջին Առաքելական Այցելուն

Մինչ՝ Լեւոն Պապի օրօք Մար Օսթաթիոսը նշանակուած է Եւրոպայի սիրօ-մալանքար կաթողիկէներու առաջին Առաքելական Այցելուն՝ հովուական խնամքի ներկայ վիճակը գնահատելու եւ Սուրբ Աթոռին ու տեղական եպիսկոպոսներուն առաջարկներ ներկայացնելու պարտականութեամբ։

Այս մէկը հաստատելով, Սրբազան Քահանայապետը միեւնոյն ատեն տեղեկացուց, որ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան աջակցութեամբ, նպատակ կայ մշակելու յստակ ուղեցոյցներ, որպէսզի լատին եպիսկոպոսները գործնականապէս օգնեն սփիւռքի արեւելեան կաթողիկէներուն՝ պահպանելու իրենց աւանդութիւնները եւ հարստացնելու իրենց նոր համայնքները։

Առ այդ, Ան ներկաներէն խնդրեց «խթանելու աւելի մեծ գիտակցութիւն Սիրօ-Մալանքար Եկեղեցւոյ ինքնութեան կարեւորութեան եւ անոր հետ նոյնացման վերաբերեալ՝ մասնակցելով անոր եկեղեցական կեանքին եւ ապրելով անոր եզակի ժառանգութիւնը, միեւնոյն ատեն մնալով միացած Արքեպիսկոպոսին եւ Եպիսկոպոսներու Սինոդին։

Աւարտին Սրբազան Հայրը իր առաքելական օրհնութիւնը բաշխեց բոլոր ներկաներու վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

15/06/2026, 11:55