Սուրբ Պետրոս տաճարը Սուրբ Պետրոս տաճարը 

Լեւոն ԺԴ. Պապի որոշումով անմիջական ուժի մէջ մտաւ Անչափահասներու Պաշտպանութեան նոր կանոնադրութիւնը

Լեւոն ԺԴ. Պապը պաշտօնական հրովարտակով վաւերացուցած է «Անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբի» նոր կանոնադրութիւնը, որ երեք տարուան փորձաշրջանով անմիջականօրէն ուժի մէջ պիտի մտնէ։ Այս բարեփոխումը կը միտի աւելի կազմակերպուած ու ազդու դարձնել չարաշահումներու կանխարգիլման մեքանիզմները՝ վերահաստատելով եկեղեցւոյ «զերօ հանդուրժողականութեան» խստագոյն քաղաքականութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը պաշտօնական հրովարտակով վաւերացուցած է «Անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբի» նոր կանոնադրութիւնը, որ երեք տարուան փորձաշրջանով անմիջականօրէն ուժի մէջ պիտի մտնէ։ Այս բարեփոխումը կը միտի աւելի կազմակերպուած ու ազդու դարձնել չարաշահումներու կանխարգիլման մեքանիզմները՝ վերահաստատելով եկեղեցւոյ «զերօ հանդուրժողականութեան» խստագոյն քաղաքականութիւնը։

Եռամեայ փորձաշրջան եւ անմիջական գործադրութիւն

Սրբազան Քահանայապետի հրովարտակով (Rescriptum ex Audientia) պաշտօնապէս վաւերացուած այս որոշումը կայացած է 20 Մայիս 2026-ին, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ունեցած առանձնական հանդիպումի ընթացքին։

Նոր կանոնադրութիւնը որդեգրուած է «փորձառական» (ad experimentum) դրութեամբ՝ երեք տարուան ժամանակաշրջանի մը համար, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի տայ գործնականին մէջ ստուգելու անոր արդիւնաւէտութիւնը եւ ըստ այնմ կատարելու անհրաժեշտ բարեփոխումները։

Սրբազան Հայրը նաեւ հրամայած է, որ սոյն հրովարտակը հրապարակուի «Լ՚Օսերվադորէ Ռոմանօ» օրաթերթին մէջ եւ արձանագրուի «Աքթա Ափոսթոլիքէ Սետիս» պաշտօնական տեղեկագիրին մէջ՝ անմիջապէս ուժի մէջ մտնելով։

Բարեփոխման նպատակը

Անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբը, որուն նպատակն է զօրակցիլ տեղական եկեղեցիներուն եւ ապահովել կանխարգիլման քաղաքականութիւնը, այս նոր կանոնագիրով կը ստանայ աւելի կազմակերպուած ու ազդու կառոյց մը։Այս քայլով Լեւոն ԺԴ. Պապը վերահաստատեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ որդեգրած «զերօ հանդուրժողականութեան» խստագոյն քաղաքականութիւնը՝ ընդդէմ անչափահասներու հանդէպ գործուած չարաշահումներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

13/06/2026, 10:50