Որոնել

«Քրիստոնեաները կոչուած են աշխարհ տանելու անվարձահատոյց նուիրումի խմորը». Լեւոն Պապ

Մանաւանդ այնպիսի աշխարհ մը մէջ, որ շարունակաբար կ՛ազդուի շահի եւ օգտապաշտութեան տրամաբանութենէն, ուր «աճ» եզրը սահմանափակուած է տնտեսական եւ ֆինանսական չափանիշերու մէջ, անհրաժեշտ է մտածել եւ ապրիլ աւելի ճշմարիտ տրամաբանութեամբ, այսինքն՝ համապարփակ մարդկային աճի տրամաբանութեամբ, ըսաւ Սրբազան Պապը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սպանիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս` Լեւոն ԺԴ. Պապը նախ քան Ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուան Պարսեոնա փոխադրուիլը, Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ անցուցած վերջին հանդիպումը ունեցաւ

Կամաւորներուն հետ, Սպանիոյ գլխաւոր եւ Եւրոպայի ամենակարեւոր ցուցահանդէսային կեդրոններէն մէկը հանդիսացող IFEMA Madrid կեդրոնին մէջ

Վկայութիւններէն երաժշտական կատարումներէն եւ ծառայութեան պատմութիւններէն ետքը Սրբազան Հայրը իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց ներկաներուն։

Շնորհակալութեան խօսք

«Այս հանդիպումը վերջինն է Առաքելական իմ Ճամբորդութեան Մատրիտեան հանգրուանին եւ ուրախ եմ` որ այս մէկը կը կատարուի ձեր հետ Մատրիտի եւ Սպանիայի այլ շրջաններէն եկած կամաւորներ։ Դուք արժանի էք յատուկ «Շնորհակալութեան» մը, որովհետեւ նուիրեցիք ձեր ներկայութիւնը ձեր ծառայութիւնը ու զայն ըրիք Տիրոջ, Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետի նկատմամբ սիրով, Շնորհակալութիւն ի սրտէ» ըսաւ Քահանայապետը իր խօսքին սկիզբը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Արքեպիսկոպոսին ու վկայութիւնները ներկայացողներուն ինչպէս նաեւ անոնց որոնք գեղարուեստական յայտագիրը կազմակերպեցին։

Քրիստոնեաները կոչուած են աշխարհ տանելու անվարձահատոյց նուիրումի խմորը

Քահանայապետը ակնարկեց ապա անոնց առատաձեռն արձագանքին, ու վեհանձնութեան` որով իւրաքանչիւրը իր կարողութեան չափով մասնակցեցաւ՝ «նուիրելով ոչ միայն իր աշխատանքը, այլեւ իր խանդավառութիւնը, կարողութիւններն ու նուիրումը» ապա մաղթեց` որ Աստուած վարձատրէ բոլորը։

«Քրիստոնեաները կոչուած են աշխարհ տանելու անվարձահատոյց նուիրումի խմորը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով աւետարանական առակի թթխմորին, որ ամբողջ խմորը կը փոխակերպէ։

Կամաւորներու ծառայութիւնը Աստուծոյ Արքայութեան շօշափելի նշան մըն է, որովհետեւ ան հիմնուած է անձնազոհ ու անվարձահատոյց նուիրումի վրայ։ Անվարձահատոյց նուիրումը կը նպաստէ հասարակութեան մարդկային, բարոյական եւ հոգեւոր աճին՝ հակադրուելով շահի եւ օգտապաշտութեան տրամաբանութեան, յարեց ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ աշխարհին մէջ, ուր «աճ»ը յաճախ կը նոյնացուի տնտեսական յաջողութեան հետ, Աւետարանը կը հրաւիրէ ապրելու ամբողջական մարդկային աճի տրամաբանութեամբ՝ բարիք գործելով առանց փոխարէնը բան մը ակնկալելու։

Աւետարանի ոգիէն բխած վկայութիւն

«Յիսուս Քրիստոս եկաւ աշխարհ բերելու Երկնքի Արքայութեան խմորը։ Ան զայն խառնեց մեր հիւանդ մարդկութեան խմորին, որպէսզի ներսէն բժշկէ զայն՝ իր Զոհաբերութեան ջուրով ու արեամբ եւ իր Սուրբ Հոգիին կրակով» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. նշելով թէ ինչպէս Տէրը իր մահէն եւ յարութենէն ետք, նոյն Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ աշակերտները ղրկեց աշխարհ, որպէսզի ըլլան այս սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան Արքայութեան նշաններն ու գործիքները։

«Այս մէկը կատարուի քարոզութեամբ, բայց նաեւ՝ եւ գուցէ աւելի՛ն՝ կեանքի այն կերպով, մտածելակերպով եւ վարքով, որոնք Աւետարանին ոգիէն կը բխին» հաստատեց ապա Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց Մատրիտի մէջ մատուցած վկայութեան համար, որուն շնորհիւ «այս քաղաքը աճեցաւ եւ աւելի մօտեցաւ Աստուծոյ Արքայութեան» ըսաւ Ան շեշտելով սակայն թէ այս բոլորը մեր վաստակը չէ այլ «Անոր շնորհքն է»։

Շարունակել ճանապարհը խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ, հաստատ հաւատքով եւ առատաձեռն ծառայութեամբ

«Ահա գաղտնիքը. Աստուծոյ սէրը, որ կը շարժէ արեւն ու աստղերը եւ կը շարժէ նաեւ այն մարդոց սիրտերը, որոնք հանդիպած են Տէր Յիսուսին, որ ըսաւ. «Աւելի երանելի է տալը, քան առնելը» (Գործ. 20.35)» աւելցուց Սրբազան Պապը ու խրախուսեց բոլոր ներկաները, շարունակելու այս ճանապարհը` «խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ, առանց որեւէ յաւակնոտութեան, բայց հաստատ հաւատքով եւ առատաձեռն ծառայութեամբ» ։

«Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը ձեզի շնորհէ, որ միշտ եւ ամէն տեղ ըլլաք Արքայութեան խմորը։ Շնորհակալութիւն։ Եւ ցտեսութիւն՝ Հռոմի մէջ» եղան Սրբազան Պապին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

09/06/2026, 10:45