Ուսուցանել կենդանի օրինակով, եւ ոչ միայն՝ տեսականօրէն․ Լեւոն ԺԴ․
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Այսօր՝ 25 Յունիսին, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ուկնդրութիւն շնորհեց Հիւսիսային Ամերիկայի Յիսուսեան Վարժարաններու ու Համալսարաններու Տնօրէններուն։
Դարաշրջանային փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանի արդի մարտահրաւերէները
Յիսուսեան Միաբանութեան գրանցած ձեռքբերումներու համար դէպի անցեալ ուղղած երախտագիտական հայեացքը, այսօր կը բախուի դարաշրջանային փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանին՝ մարդկութեան առջեւ ծառացած բազմաթիւ մարտահրաւէրներու հետեւանքով։ Աշխարհականացման պատճառաւ Աստուծոյ յիշատակումը դուրս կը մղուի ընկերային կեանքէն եւ մշակոյթէն, մինչ քաղաքական համակարգերը կ՛անտեսեն աղքատներու, գաղթականներու եւ մեկուսացուածներու ձայնը։ Երիտասարդները կը կորսնցնեն ապագայի հանդէպ հաւատքը, բնութիւնը կը քայքայուի անձնական շահերու պատճառաւ, իսկ արհեստական բանականութեան արագ զարգացումը նոր մարտահրաւէրներ կը ստեղծէ մարդկութեան համար։
Ահաւասիկ այս միտքը հաստատեց Սրբազան Պապը՝ ներկաներուն ուղղած պատգամին սկիզբը եւ ներկայացուց իր առաջարկները, որոնք, նշեց Ան, «բարձրագոյն կրթութեան մակարդակին վրայ կրնան առանցքային դեր խաղալ այս մարտահրաւէրներու լուծման մէջ»։
Առ այդ, Լեւոն Պապը յղում կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ 2019ին Յիսուսեան Միաբանութեան առաքելութիւններու համար հաստատած չորս նախընտրութիւններուն, որ են՝ զատորոշում եւ հոգեւոր կրթութիւն, քալել աղքատներուն եւ մեկուսացեալներուն հետ, ընկերանալ երիտասարդներուն, հոգալ հասարակաց տան։
Գիտական ուսումնառութիւնն ու ճշմարտութեան փնտռտուքը՝ Աստուծոյ փնտռտուքն են
Նախապատուութիւններէն առաջինը՝ ցոյց տալ ճանապարհը դէպի Աստուած՝ հոգեւոր կթութեան զատորոշման միջոցաւ, Լեւոն Պապի խօսքերով, «բնականօրէն կը լրացնէ» անոնց գիտական ջանքերը, քանզի,գիտական ուսումնառութիւնն ու ճշմարտութեան փնտռտուքը, ի վերջոյ, Աստուծոյ փնտռտուքն են, ուստի համալսարանները պէտք է միջոցներ տրամադրեն Ճշմարտութիւնը ճանչնալու համար, բացատրեց Ան։
Ասկէ մեկնելով, Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ շատ մը երիտասարդներ եւ չափահասներ վերստին կը գտնեն քրիստոնէական հաւատքը, երբեմն որոշ ժամանակ Աստուծմէ հեռանալէ ետք։ Ըստ այդմ, Անոր համոզմամբ, համալսարաններուն մէջ Հոգեւոր Կրթութիւններու ապահովումը կ՛օգնէ անոնց անձնական հանդիպում ունենալ Տիրոջ հետ եւ ծառայել Անոր։
Հասանելի դարձնել բարձրագոյն կրթութիւնը փախստականներուն եւ խոցելի խմբերուն
Անդրադառնալով Յիսուսեան Միաբանութեան երկրորդ նախապատուութեան՝ քալել աշխարհի աղքատներուն եւ մեկուսացեալներուն հետ, Սրբազան Պապը նշեց, որ կրթական հաստատութիւնները կոչուած են զօրակցելու աղքատներուն ու տեղահանուածներուն։ Բարձրագոյն կրթութեան հասանելիութիւնը փախստականներուն եւ խոցելի խմբերուն կ՛ապահովէ անոնց լիարժէք ներգրաւումը հասարակութեան մէջ եւ կը հարստացնէ համալսարանական միջավայրը։
Ընկերանալ երիտասարդներուն
Երրորդ նախապատուութեան համար, որ է՝ ընկերանալ երիտասարդներուն, Վարժարաններն ու Համալսարանները, ըստ Քահանայապետի, բնական վայրեր են՝ երիտասարդներուն համար յոյսով լեցուն ապագայ մը կերտելու գործին մէջ։ Ուսանողները սովորաբար իրենց ակադեմական ասպարէզը կը սկսին գաղափարապաշտութեամբ ու եռանդով՝ յաճախ ձգտելով ծառայել ուրիշներու կարիքներուն։ «Անցեալի ու ներկայի մեծ գիտնականներու մտքին ու հետազօտութիւններուն հանդիպելու առիթը՝ կրնան յոյսի զգացում եւ դէպի լաւը փոխուելու խոստում աւանդել», հաստատեց Սրբազան Պապը։
Յանուն արարչագործութեան խնամքը՝ «հրատապ պարտականութիւն» եւ «կարեւոր առաջադրանք»
Խօսելով չորրորդ նախընտրութեան մասին՝ արարչագործութեան խնամքի վերաբերեալ, Քահանայապետը «հրատապ պարտականութիւն» եւ «կարեւոր առաջադրանք» նկատեց միասնական աշխատանքը՝ նկատի առնելով կլիմայական փոփոխութեան հետեւանքները, «ինչպէս նաեւ քիչերու կողմէ պաշարներու շահագործումը՝ ի հաշիւ ընդհանուր բարիքին»։
Հետեւեցաւ Անոր յորդորը՝ «շարունակէք ձեր ջանքերը՝ ձեր համալսարաններուն մէջ գտնուողները կրթելու այսօրուան այս վտանգներուն մասին»՝ «ուսուցանելով կենդանի օրինակով, եւ ոչ միայն տեսականօրէն»։
Կարեւոր է այժմուընէ լուծել արհեստական բանականութեան առաջընթացներէ բխող հետեւանքները
Լեւոն Պապը անդրադարձաւ նաեւ արհեստական բանականութեան եւ անոր «տակաւին ոչ լիովին կանխատեսելի» հորիզոններուն եւ, առ այդ, նշեց, որ «կարեւոր է այժմուընէ լուծել այս առաջընթացներէ բխող հետեւանքները՝ ըլլայ դրական, ըլլայ բացասական»։ Վարժարաններն ու համալսարանները յատուկ դեր ունին խաղալիք այս գծով, յատկապէս նոր թափ տալով Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան սկզբունքներուն՝ «այնպիսի ձեւով մը, որ ըլլայ այժմէական ու արդիւնաւէտ՝ թուային յեղափոխութեան դիմագրաւման մէջ», (Magnifica Humanitas թիվ 6 եւ թիւ 47), ըսաւ Լեւոն Պապը՝ աւարտելով իր պատգամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
