2026.06.18 Delegazione della Hebrew University, di Gerusalemme

Խոցող խօսոյթներու ժամանակաշրջանի մը մէջ, համալսարանները թող ըլլան երկխօսութեան վայրեր․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը այսօր ընդունեց Երուսաղէմի Հրէական Համալսարանի Վարչական Խորհուրդի անդամները․ Համալսարանները կոչուած են ըլլալու «յոյսի եւ մարդկայնութեան փարոս»՝ խաղաղութիւն ու ներդաշնակութիւնը բերելով այն համայնքներուն, որոնց հետ կապի մէջ կը մտնեն
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան  - Վատիկան

Համալսարանները ակադեմիական եւ մարդկային հանդիպման բնական ու աւանդական վայրեր են, որոնց հիմնական դերն է ստեղծել փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած երկխօսութեան մթնոլորտ, ուր կարելի է ուսանիլ նոյնիսկ տարակարծիքներէն եւ համբերութեամբ յաղթահարել անվստահութեան ու թիւրիմացութեան պատնէշները։

Այս միտքն արտայայտեց Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Երուսաղէմի Հրէական Համալսարանի Վարչական Խորհուրդի անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին, որոնց ընդունեց այսօր՝ 18 Յունիսին, Վատիկանի Քոնչիսթորօ դահլիճէն ներս։

Երաշխաւորել հանդիպման հնարաւորութիւնները

Վերոնշեալ ոչ դիւրին առաքելութեան համար, Նորին Սրբութեան խօսքերով, «համալսարանները պէտք է անդադար աշխատին երաշխաւորելու համար, որպէսզի շարունակեն գոյութիւն ունենալ իմաստալից հանդիպումներու հնարաւորութիւններ», «երկխօսութեան արտօնել տարածքներ, ուր գիտելիքի փնտռտուքը», բացատրեց Պապը, սերտօրէն կապուած է «գաղափարներու փոխանակման» հետ։

Քանդել թիւրիմացութեան ու անվստահութեան պատնէշները

Եւ, երբ միտքերու փոխանակումը տեղի կ՚ունենայ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ, բոլորը կ՚օգտուին՝ սորվելով ուրիշներու փորձառութիւններէն ու վկայութիւններէն, «նոյնիսկ անոնցմէ, որոնց հետ կրնան համամիտ չըլլալ», եւ այսպիսով կը նպաստեն քայլ առ քայլ քանդելու թիւրիմացութեան ու անվստահութեան պատնէշները, յարեց հուսկ Պապը՝ աւելցնելով․

«Բռնութեան եւ խոցող խօսոյթներու ներկայ ժամանակներուն, համալսարանական համայնքը կոչուած է ըլլալու «իրական խաղաղութեան արհեստաւոր․ զինաթափ եւ զինաթափող խոնարհ ու յարատեւ խաղաղութեան»։

Խաղաղութիւնը կը սկսի սեփական անձէն

Սրբազան Հայրն այնուհետեւ յղում կատարեց Սաղմոսներուն, որոնք կը խօսին Աստուծոյ մը մասին, որ խաղաղութիւն կ՚աւետէ իր ժողովուրդին՝ իւրաքանչիւրը հրաւիրելով դառնալու անոր գործիքը աշխարհի մէջ՝ սկսելով սեփական անձէն ու համայնքէն, որ նաեւ Սուրբ Օգոստինոս կը յորդորէր։

«Կ՚աղօթեմ, որպէսզի խաղաղութեան կերտիչներ պատրաստելով՝ համալսարանական համայնքը կարենայ շարունակել ըլլալ յոյսի եւ միութեան փարոս՝ հետզհետէ աւելի բաժնուած աշխարհի մը մէջ», ըսաւ առ այդ Լեւոն ԺԴ․ Պապը՝ աւարտելով իր ճառը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

18/06/2026, 10:30