Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը հիմնեց «Fratello Sole» հիմնադրամը

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հրապարակած է նոր ինքնագիր նամակը, որով պաշտօնապէս կը հիմնադրէ «Fratello Sole» (Եղբայր Արեւ) Հիմնադրամը՝ նպատակ ունենալով արագացնել Սանթա Մարիա տի Կալերիայի մէջ արեւային-երկրագործական համակարգի մը կառուցումը: Այս նախագիծը, որ կը համապատասխանէ Եկեղեցւոյ բնապահպանական սկզբունքներուն, պիտի ապահովէ ամբողջ Վատիկան պետութեան ուժանիւթի լիակատար ինքնաբաւութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը հրապարակած է նոր Ձեռագիր Կոնդակ մը, որով պաշտօնապէս կը հիմնադրուի «Fratello Sole» (Եղբայր Արեւ) Հիմնադրամը։ Այս որոշումը կարեւոր եւ գործնական քայլ մըն է Վատիկան պետութեան ուժանիւթի անկախութեան եւ բնապահպանական յանձնառութեան ճամբուն վրայ։

Իր հրապարակած պաշտօնական գրութեան մէջ, Սրբազան Հայրը կը յիշատակէ իր նախորդին՝ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 21 Յունիս 2024-ին ստորագրուած համանուն Առաքելական Նամակը (Motu Proprio)։ Այդ հրամանագիրով Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտած էր կայուն զարգացման տիպարին անցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ Վատիկանի Քաղաքապետութեան ու Առաքելական Աթոռի Կալուածներու Կառավարման (APSA) նախագահներուն յանձնարարած էր Սանթա Մարիա տի Կալերիայի (Santa Maria di Galeria) արտատարածքային գօտիին մէջ հիմնել արեւային-երկրագործական (agrivoltaic) մեծ համակարգ մը։ Այս կայանը պիտի ապահովէ ոչ միայն տեղւոյն ձայնասփիւռի կայանին, այլեւ ամբողջ Վատիկան պետութեան ելեկտրականութեան ամբողջական կարիքները։ Այս նպատակով, երկու գրասենեակներու նախագահները նշանակուած էին Արտակարգ Լիազօր Հկիսչներ

Ինչպէս կը նշուի նոր հրապարակուած կոնդակին մէջ, Իտալիոյ իշխանութիւններուն հետ 31 Յուլիս 2025-ին ստորագրուած եւ վերջերս՝ 27 Մայիս 2026-ին ուժի մէջ մտած համաձայնագիրէն ետք, Լեւոն ԺԴ. Պապը անհրաժեշտ համարած է արագացնել գործընթացը՝ հիմնելով սոյն հիմնադրամը, որպէսզի այդ պապական յանձնառութիւնը դառնայ շօշափելի իրականութիւն։

«Այս Հիմնադրամը յոյսի նշան է ապագայի համար եւ օրինակ մը՝ թէ ինչպէ՛ս կարելի է համատեղել ուժանիւթի արտադրութիւնն ու երկրագործութիւնը՝ յարգելով եւ պաշտպանելով շրջակայ միջավայրը», կը գրէ Քահանայապետը։ Այս նախագիծը լիովին կը համապատասխանէ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան եւ յատկապէս «Laudato Sì» ու «Laudate Deum» շրջաբերականներու սկզբունքներուն, որոնք կոչ կ՚ընեն խնամք տանելու մեր «ընդհանուր տան» հանդէպ։

Հիմնադրամի իրաւաբանական նստավայրը պիտի ըլլայ Վատիկան պետութեան մէջ, իսկ անոր գործառնական գործունէութիւնը պիտի ծաւալի Սանթա Մարիա տի Կալերիայի մէջ։ Սրբազան Հայրը միաժամանակ վաւերացուցած է Հիմնադրամի Կանոնադրութիւնը։ Առաջին երեք տարուան շրջանին համար, Վատիկան պետութեան Քաղաքապետութեան նախագահը եւ APSA-ի նախագահը պաշտօնապէս նշանակուած են համապատասխանաբար որպէս Հիմնադրամի Նախագահ եւ Փոխնախագահ՝ օժտուած կանոնադրական բոլոր լիազօրութիւններով։

Կոնդակը ստորագրուած է Վատիկանի մէջ, 1 Յունիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապի քահանայապետութեան երկրորդ տարուան ընթացքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2026, 12:07