Որոնել

Ճշմարտութեան եւ երջանկութեան ձգտումը կարիք ունի աւելի լայն հորիզոնի․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը Պարսելոնայի մէջ երկխօսութիւն ունեցաւ երիտասարդներու հետ, ապա՝ նախագահեց աղօթքի հսկումը․ Չենք կրնար մեր պատասխանատուութիւնները Աստուծոյ վերագրել կամ սպասել, որ Ան հրաշքով լուծէ մեր հարցերը։ Ան մեզի տուած է բանականութիւն, կամք, ազատութիւն եւ խիղճ, իսկ Յիսուս Քրիստոսի ու Սուրբ Հոգիին միջոցաւ ցոյց տուած է սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհը։ Ուստի, երբ կը բախինք բռնութեան ու ատելութեան, պատճառները պէտք է փնտռենք մեր անձերուն եւ ընկերային իրավիճակներու մէջ

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 9 Յունիսին, երեկոյեան ժամը ութի շուրջ ժամանեց Պարսելոնայի «Lluís Companys» ողիմպիական մարզադաշտ, ուր երկխօսութիւն ունեցաւ երիտասարդներու հետ, ապա՝ նախագահեց աղօթքի հսկումը։

«Lluís Companys» ողիմպիական մարզադաշտը

Աւելի քան 55․000 հանդիսատես հիւրընկալող այդ մարզադաշտը կը կրէ Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ Քաթալոնիոյ վարչապետ՝ Լուիս Քոմփանիսի անունը, որուն Ֆրանսիսքօ Ֆրանքոն մահապատժի ենթարկած է 1940ին։

Լեւոն Պապը դիմաւորուեցաւ քասթելյերներու մարդէ աշտարակներու կողմէ

Հասնելով մարզադաշտ, Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ այսպէս կոչուած քասթելյերներու (castellers)՝ կողմէ՝ մինչեւ տասը յարկ բարձրութիւն ունեցող տպաւորիչ եւ բարդ մարդէ աշտարակներ, որ 2010ին պաշտօնապէս հռչակուած է ԵՒՆԵՍՔՕ-ի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութիւն։

200 տարուայ պատմութիւն ունեցող այս արտասովոր աւանդութիւնը կը միաւորէ ամբողջական համայնքներ։ Աշտարակի կառուցման մէջ կը ներգրաւուին 75էն մինչեւ աւելի քան 500 անդամներ՝ տարբեր տարիքի, սեռի եւ ընկերային խաւի։ Կարգախօսը կ’ամփոփէ յաջողութեան համար անհրաժեշտ չորս տարրերը՝ Ոյժ, Հաւասարակշռութիւն, Արիութիւն, Կազմակերպուածութիւն։

Լեւոն Պապը պատասխանեց երիտասարդներու հարցումներուն



Քահանայապետը, օրհնելով շուրջ 30 շտապ օգնութեան ինքնաշարժներ, պապական ինքնաշարժով (papamobile) շրջեցաւ հաւատացեալներու շարքերով։

Ապա Լեւոն Պապին բարի գալուստ մաղթեց Պարսելոնայի Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Խուան Խօսէ Օմելլա Օմելլան որուն հետեւեցաւ Խաչի բարձրացումը, հաւաքական աղօթքը եւ ներածական տեսերիզը «Խաչերը աշխարհին մէջ» խորագրով։

Հուսկ՝ Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրեց ու պատասխանեց քանի մը երիտասարդներու հարցումներուն։

Հարցում 1 - ինչպէ՞ս հայեացքը ուղղուած պահել դէպի այն՝ ինչ որ իրապէս կարեւոր է

«Սրբազան Հայր, կը մեծնանք լսելով թէ կեանքի միակ նպատակն է արտադրել, յաջողիլ եւ մեր պատկերը խնամել։ Ես ալ փորձեցի, բայց միայն անհուն դատարկութիւն գտայ։ Պատասխաններ փնտռած ժամանակ, կեանքս շրջադարձ մը ունեցաւ, եւ այս Զատկին Մկրտութիւն ստացայ։ Հիմա, որ նոր ուղի բռնած եմ, հարցումներ կ’ուղղեմ Ձեզի՝ ինչպէ՞ս կրնանք մեր հայեացքը ուղղուած պահել դէպի այն՝ ինչ որ իրապէս կարեւոր է, երբ հասարակութիւնը մեզ կը մղէ միշտ դէպի վար կամ միայն մեր անձերուն նայելու։ Ինչպէ՞ս կրնանք գտնել մեր իսկական կոչումը այս հոսանքին մէջ», եղաւ առաջին հարցումը Սրբազան Պապին։

Ճշմարտութեան եւ երջանկութեան ձգտումը կարիք ունի աւելի լայն հորիզոնի

Ամէն բան, որ կը յայտնաբերենք, կ’ընդունինք եւ կ’ապրինք աստիճանաբար, անկասկած կը նպաստէ մեր աճին, մեր հասունութեան եւ մեր ներաշխարհի տարածութիւններու ընդլայնման։ Եւ ուրախութեան, յաջողութեան եւ պարտութեան ընդմէջ, կը գիտակցինք, որ մէկ այլ ջուրի պէտքը ունինք՝ մեր ծարաւն աւելի խոր կեպով յագեցնելու համար։ Եւ այս անհանգստութիւնը Աստուծմէ տրուած պարգեւ մըն է։ Մեր ճշմարտութեան եւ երջանկութեան ձգտումը կարիք ունի աւելի լայն հորիզոնի․ Մենք ստեղծուած ենք անսահմանութեան չափով, ուստի ամէն մէկ սահմանափակ հորիզոն, ամէն մէկ քայլ, նուաճում, մեզ բաւարարելով հանդերձ, միաժամանակ մեզ յառաջ կը մղէ եւ կը հրաւիրէ շարունակել որոնել՝ մեր «ներաշխարհի մէջ սուզուելով»։ Ահաւասիկ, այս միտքը շեշտելով իր պատասխանին մէջ, Լեւոն Պապը երկու խոկում առաջարկեց․

Զարգացնել առողջ անհանգստութիւն

Առաջին՝ զարգացնել առողջ անհանգստութիւն։ Մեր հասարակութեան մէջ, ըսաւ Ան, շահոյթի, արտադրողականութեան եւ արտաքին պատկերի պաշտամունքը կը քնացնեն մեր խիղճը։ Սակայն, երբ մարդիկ կանգ կ՚առնեն, կը վերարժեւորեն կեանքը եւ կը լուսաւորուին Աւետարանով, «կը զարգացնեն նաեւ քննադատական​​մտածողութիւն այն ընկերային համակարգի մը հանդէպ, որ մարդ արարածը կեդրոն չի դներ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ կը յառաջացնէ անարդարութեան ու գոյութենական աղքատութեան իրավիճակներ։ Ահա թէ ինչու մտահոգութիւնն ու անհանգստութիւնը, ինչպէս նաեւ ներաշխարհի, հոգեւորականութեան եւ առաւել եւս Աւետարանի բացայայտումը, վախ կը ներշնչեն», յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Զարգացնել անհանգստութիւնը այս աշխարհին մէջ

Առ այդ, Անոր կողմէ առաջարկած երկրորդ խոկումն եղաւ՝ զարգացնել անհանգստութիւնը այս աշխարհին մէջ։ Այս հասարակութեան մէջ է որ պէտք է գտնել Աստուծոյ հետքերը՝ հաւատալով, որ Սուրբ Հոգին լուռ կը գործէ կեանքի ու պատմութեան բոլոր իրավիճակներէն ներս եւ ճիշտ ամենէ դժուար իրավիճակներու մէջ պէտք ենք տեղ տալ այս անհանգստութիւնը զարգացնելու համար՝ թոյլ չտալով, որ մեզ ճնշեն արտաքին կշռոյթներն ու գայթակղութիւնները, մշակելով լռութեան պահեր, կանգ առնելով պահ մը՝ Աւետարանը կարդալու եւ Աստծոյ հետ խօսելու համար։

Հարցում 2 - Որտե՞ղ տեսնել Աստուած, երբ խաւարը լիակատար է

Երկրորդ հարցումը վերաբերեցաւ ընկճախտին։ «Այս աղաղակող աշխարհի մէջ կեանքի որոշ կողմեր​կը մնան թաքնուած՝ ամօթէն դրդուած, ինչպէս ընկճախտը՝ որով կը տառապին երիտասարդները ու տարեցները, եւ որ իր հետ խաւար, մեկուսացում եւ անսահման ցաւ կը բերէ», նշեց իր վկայութեան մէջ երկրորդ երիտասարդը՝ պատմելով, որ՝ տարիներ շարունակ լռութեամբ պայքարելով այս հիւանդութենէն դուրս գալու համար, անգամ ինքնասպան ըլլալու աստիճան, Աստուած իրեն երկրորդ հնարաւորութիւն մը տուաւ։ «Կան, սակայն, շարունակեց ան, շատ ուրիշներ, որոնք կը շարունակեն բախուիլ այս խաւարին։ Հետեւաբար, ամբողջ սրտով հարցում մը կ’ուղղեմ. ու՞ր կրնանք տեսնել Աստուծոյ, երբ խաւարը լիակատար է, եւ այլեւս չենք կրնար տոկալ»։

Հասարակութիւնը կը լռեցնէ տառապանքն ու տկարութիւնը՝ մեզմէ միշտ կատարելութիւն պահանջելով

Շնորհակալութիւն յայտնելով երիտասարդին՝ տառապանքի իր փորձը կիսելու համար, Պապը իր յուզմունքն արտայայտեց առ այն, որ ան «ուժ գտած է՝ ընդունելու Տիրոջ կողմէ տրուած երկրորդ հնարաւորութիւնը։ «Դուք յարութիւն առած էք եւ վերսկսած էք ձեր ճանապարհը»։

Այս «լուռ հիւանդութիւնը» տարածում ունի զարգացած համարուող հասարակութիւններուն մէջ, ուր մարդկանց վրայ ճնշումն ու լարուածութիւնը կը խաթարեն հիմնարար հաւասարակշռութիւնը, շարունակեց Լեւոն Պապը՝ յորդորելով, որ «այս անտեսանելի հիւանդութիւնը, զոր կ’ազդէ նաեւ երիտասարդներու վրայ» ուշադրութեան արժանանայ առողջապահական համակարգի կողմէ ։

Նորին Սրբութեան համոզմամբ, մեր հասարակութիւնը կը լռեցնէ տառապանքն ու տկարութիւնը՝ մեզմէ միշտ կատարելութիւն պահանջելով, ինչ որ մեզ կրնայ մղել կարծելու, թէ Աստուած մեզ լքած է։ Սակայն, Յիսուսի խաչը կը վկայէ, թէ Աստուած երբեք մեզ չի լքեր. Ան խաչուած կը մնայ մեզի հետ մեր ցաւին մէջ եւ իրը կը դարձնէ մեր յուսահատութեան աղաղակը։

Աստուած չ'ուզէր չարիքը, այլ կը կրէ զայն մեզի հետ

Աստուծոյ Որդին իր մարմնով կը ստանձնէ մարդկութեան ողջ տառապանքը, միայնութիւնն ու տառապանքը՝ ըսելով. «Աստուա՛ծ իմ, Աստուա՛ծ իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր» (Մատթէոս 27:46)։»

Պենետիկտոս ԺԶ. կը սորվեցնէ, թէ տառապանքի պահուն կրնանք Աստուծոյ աղաղակել ու բողոքել, քանի որ Ինք միշտ մօտ է մեզի՝ նոյնիսկ երբ կը լռէ, շեշտեց Նորին Սրբութիւնը։

Ցաւը առանձին չի կրուիր. պէտք ունինք մէկու մը, որ լուռ ու յարգելից կերպով մեր ձեռքը բռնէ եւ մեզ առաջնորդէ եւ Եկեղեցին պէտք չէ ցաւը պարզունակ ձեւով վերագրէ «Աստուծոյ կամքին», ինչ որ կրնայ վիրաւորել տառապողը։ Աստուած չ'ուզէր չարիքը, այլ կը կրէ զայն մեզի հետ, նկատել տուաւ Լեւոն Պապը՝ յիշեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապին յուսադրող խօսքերը՝ «Աստուծոյ հետ կեանքը միշտ կը վերածնի»։

Հարցում 3 - Ինչպէ՞ս ներել, ինչպէ՞ս ճշմարտապէս հաշտուիլ Աստուծոյ հետ

Խօսք առաւ, ի վերջոյ, այլ մէկ երիտասարդ աղջիկ՝ ներկայացնելով իր մանկութեան ծանր փորձառութիւնը․Պարսելոնայի շատ աղքատ թաղամասի ընտանիքէն ներս։ Երբ երեխայ էի, հայրս փորձեց սպաննել մօրս, որ փրկուեցաւ միայն շնորհիւ երիտասարդի մը միջամտութեան, որ կորսնցուց իր կեանքը։ Հայրս յայտնուեցաւ բանտին մէջ, իսկ մայրս՝ թմրանիւթերու աշխարհին մէջ։ Տասը տարեկանիս, ընկերային ծառայութիւնները զիս իրենց հսկողութեան տակ առին եւ փոխադրեցին մանկապատանեկան խնամատարութեան կեդրոն։ Սկիզբը դժուար էր, (…), սակայն քիչ-քիչ առաջին անգամ զգացի ընտանիքի սէրը։ Այնտեղ ինծի պատմեցին Յիսուսի մասին, սկսայ աղօթել եւ մկրտութիւն ստացայ։ Բազմիցս ապստամբեցայ Աստուծոյ դէմ, սակայն հոգեւոր կրթութեան հրաւիրուելով, առաջին անգամ, զգացի Աստուծոյ սէրը։ Անցած են ամիսներ, բայց տակաւին կը պայքարիմ հօրս ներելու համար։ Եւ երբեմն աչքերս դէպի երկինք կը բարձրացնեմ եւ հարց կու տամ. «Ո՞ւր էիր, երբ ես պզտիկ աղջիկ էի»։ Սրբազա՛ն Հայր, ինչպէ՞ս կրնամ ներել հօրս, որ քիչ մնաց զիս առանց մօր պիտի թողներ։ Ինչպէ՞ս կրնամ ճշմարտապէս հաշտուիլ Աստուծոյ հետ։

«Ո՞ւր էր Աստուած» հարցումի փոխարէն պէտք է հարցնել մարդկութեան, թէ ինչո՞ւ չարի գերին դարձած ենք

Լեւոն Պապը այս պարագային եւս շնորհակալութիւն յայտնեց վկայութեան համար եւ իր պատասխանը կրկին անգամ կեդրոնացուց նախ տառապանքի պահուն Աստուծոյ ներկայութեան վրայ, ապա՝ ներումի։

Տառապանքին անդրադառնալով, Ան դիտել տուաւ, որ աղջկայ կեանքի իրադարձութիւնները «մեզմէ կը խնդրեն ընդլայնել մեր հարցումի շրջանակը, այսինքն՝ տառապանքի պահուն «արդեօ՞ք պէտք է ինքնաբերաբար հարցնել՝ «ո՞ւր էր Աստուած», թէ՞ պէտք է հարցնենք մարդուն եւ մարդկութեան, թէ ինչո՞ւ չարի գերին դարձած ենք, մինչեւ իսկ բռնանալով ուրիշներուն վրայ. ինչո՞ւ չենք կրնար սէր մշակել եւ յարգել ուրիշները՝ իրենց արժանապատուութեան եւ ազատութեան մէջ», յարեց Քահանայապետը՝ աւելցնելով, թէ չենք կրնար մեր պատասխանատուութիւնները Աստուծոյ վերագրել կամ սպասել, որ Ան հրաշքով լուծէ մեր հարցերը։ Ան մեզի տուած է բանականութիւն, կամք, ազատութիւն եւ խիղճ, իսկ Յիսուս Քրիստոսի ու Սուրբ Հոգիին միջոցաւ ցոյց տուած է սիրոյ, արդարութեան եւ խաղաղութեան ճանապարհը։ Հետեւաբար, երբ կը բախինք բռնութեան, եսասիրութեան ու ատելութեան, պատճառները պէտք է փնտռենք մեր անձերուն, ընկերային իրավիճակներու մէջ եւ անհատապաշտութեան մէջ, եւ ո՛չ թէ մեղադրենք Աստուած։

Ներումը՝ չարիքի դէմ հզօր միջոց

Ինչ կը վերաբերէ ներումին, Պապը զայն նկատեց «չարիքի դէմ հզօր միջոց» , որ, սակայն կը պահանջէ համբերութիւն, եւ փոքր քայլերով ու դանդաղօրէն վրդովմունքը կը փոխակերպէ ողորմածութեան եւ կարեկցանքի։ Երկար ճանապարհ որու ընթացքին անհրաժեշտ է չի յուսահատիլ եւ ամէնէ կարեւորը «պէտք չէ կարծենք, թէ ներումը միշտ եւ ամէն պարագայի կը հաւասարի նախկին վիճակին վերադառնալուն կամ լիարժէք յարաբերութիւն մը ապրելուն մեզ վիրաւորողին հետ, յատկապէս երբ պատահածը յատկանշուած է նաեւ բռնութեամբ։ Կարելի է անձին հանդէպ սրտի բարի տրամադրուածութիւն մը պահել, մերժել ատելութեան կամ վրէժխնդրութեան ամէն ձեւ, ճիգ թափել յարաբերութիւնը վերականգնելու՝ որքան որ կարելի է, եւ թերեւս աղօթել անոր համար. այս մէկը մեզի կ'օգնէ աւելիով մտնելու ներումի ընթացքին մէջ եւ հաշտուելու Աստուծոյ ու ուրիշներուն հետ», եղան Սրբազան Հօր երիտասարդներուն ուղղած վերջին յորդորները։

Հետեւեցաւ աղօթքի հսկումը՝ Աւետարանական ընթերցումներով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

09/06/2026, 21:24