2026.06.01 Membri dell'Associazione Italiana Guide e Scouts d'Europa Cattolici

Սեփական կեանքի օրինակով փոխանցել հաւատքի գեղեցկութիւնն ու առաքինութեան ճամբան․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը՝ Վատիկանի Պօղոս Զ․ Դահլիճէն ներս, այսօր հանդիպեցաւ Եւրոպայի Կաթողիկէ Առաջնորդուհիներու եւ Սկաուտներու Իտալական Ընկերակցութեան շուրջ 3000 անդամներուն հետ․ Հաւատքով ապրուած ծառայութիւնը մեզ կը ձերբազատէ եսակեդրոն, անտարբեր եւ ինքնամփոփ ըլլալու հակումէն՝ Սկաուտութեան փորձառութիւնը կ՚օգնէ բացայայտելու, թէ ինչպէ՛ս մեր մարդկային բնոյթը կը լուսաւորուի ու կը ներգրաւուի Աստուծոյ գործին մէջ, որ բոլորիս իսկական դաստիարակն է
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Աստուծոյ կամօք՝ յաւերժութիւն»․ Եւրոպայի Կաթողիկէ Առաջնորդուհիներու եւ Սկաուտներու Իտալական Ընկերակցութեան 50-ամեայ Յոբելեանի առթիւ որդեգրած այս կարգախօսով Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը դիմեց Ընկերակցութեան շուրջ 3000 անդամներուն՝ ընդունելով զանոնք այսօր՝ 1 Յունիսին, Վատիկանի Պօղոս Զ․ Դահլիճէն ներս։

Այս յիսուն տարիներու ընթացքին, «Եւրոպայի Կաթողիկէ Առաջնորդուհիներու եւ Սկաուտներու Իտալական Միութիւնը» (AGESCI) ամրապնդեց դաստիարակչական յատուկ ոճ մը՝ հաւատքի վկայութիւնը կեանքի վերածելու համար, շարունակեց Նորին Սրբութիւնը՝ նկատել տալով թէ կեանքի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ատեն անոնք «իմաստուն կերպով» կը համատեղեն «բնութեան գիրքը Աստուծոյ Խօսքին հետ» եւ ասկէ մեկնելով յորդորեց «օգտուիլ Սուրբ Գիրքէն ՝ լուսաւորելու եւ պահպանելու մարդկային եւ հոգեւոր աճի փորձառութիւնները՝ ըլլա՛յ անձամբ, ըլլա՛յ որպէս համայնք»։

Աւետարանը կը յագեցնէ մարդոց արդարութեան ծարաւը եւ կը մղէ զանոնք բարիք գործելու

«Կը հրաւիրեմ ձեզ, որ Աւետարանը՝ կեանքի իսկական քարտէսը, միշտ ձեզի հետ պահէք իբրեւ ձեր ուղեցոյցը եւ զայն բանաք ամէն օր»․ Յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապի՝ 2019ի Օգոստոսին անոնց իսկ ուղղած այս խօսքերուն, Լեւոն Պապը հաստատեց, որ Աւետարանը Քրիստոսի անձն ու բարի լուրն է, որ կը յագեցնէ մարդոց արդարութեան ծարաւը եւ կը մղէ զանոնք բարիք գործելու։ Ուստի, որպէս Երիտասարդներու առաջնորդուհիներ ու սկաուտներ, անոնք կոչուած են սեփական կեանքի հասուն օրինակով ու համատեղ աղօթքով երիտասարդներուն փոխանցելու հաւատքի գեղեցկութիւնն ու առաքինութեան ճամբան։

Անձը՝ սկաուտական մեթոտի առանցք

«Ձեր օգնական քահանաները, որոնք երաշխիքն են Եկեղեցւոյ եւ ձեր Ընկերակցութեան միջեւ կապին, ձեզի հետ կը կիսեն կրթական գործունէութեան եւ պատանիներու հոգեւոր աճին պատասխանատուութիւնը», յարեց հուսկ Քահանայապետը։

Ապա՝ ընդգծեց սկաուտական մեթոտի առանձնայատկութիւնը, որուն առանցքը անձն է, բարի քրիստոնեաներ եւ բարի քաղաքացիներ կերտելը, ուր յատուկ ուշադրութիւն կը յատկացուի ամէն մէկ սեռի առանձնայատկութիւններուն, քանզի, Սրբազան Քահանայապետի խօսքերով, ինքնութեան բացայայտումը կը պատրաստէ փոխադարձ հասունացնող գիտակից հանդիպումներու։

Կառուցել բարձրագոյն արժէքներով ժողովուրդներու Եւրոպա

Պապը գնահատեց Ընկերակցութեան ընտրութիւնը՝ զարգացնելու եւրոպական հարթութիւնը, ոչ թէ քաղաքական, այլ՝ մշակութային գետնի վրայ, կառուցելու համար քրիստոնէական մարդասիրութեան բարձրագոյն արժէքներով ժողովուրդներու Եւրոպա։

Ան առ այդ ծառայութիւնը նկատեց միաւորող գործօն՝ սկաուտական շարժման հիմնադիր Պէյտըն Փաուըլի մեթոտի բոլոր տարրերէն ներս․

«Ծառայութեան միջոցաւ կը զարգանան անձնուիրութիւնը, համերաշխութիւնը, մերձաւորին հանդէպ ուշադրութիւնը եւ ընկերային պատասխանատուութեան զգացումը։ Հաւատքով ապրուած ծառայութիւնը մեզ կը ձերբազատէ եսակեդրոն, անտարբեր եւ ինքնամփոփ ըլլալու հակումէն (․․․)։ Սկաուտութեան փորձառութիւնը կ՚օգնէ բացայայտելու, թէ ինչպէ՛ս մեր մարդկային բնոյթը կը լուսաւորուի ու կը ներգրաւուի Աստուծոյ գործին մէջ, որ բոլորիս իսկական դաստիարակն է», նշեց ի վերջոյ Լեւոն ԺԴ․ իր պատգամին աւարտին՝ խրախուսելով ներկաները ուրախութեամբ եւ նուիրուածութեամբ շարունակել Ընկերակցութեան գործունէութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2026, 12:23