Լեւոն ԺԴ. Ամառնանին պատանիներուն ճամբարի մասնակիցներուն հետ Լեւոն ԺԴ. Ամառնանին պատանիներուն ճամբարի մասնակիցներուն հետ  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Վատիկանի «Ամառնային Պատանիներուն» ճամբարի մասնակցիներուն «Աստուած չ’ուզեր Սմարթֆոնին նայիլ, Ան կը Նայի մեր սիրտերուն»

Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ այցելութիւն մը տուած է Վատիկանի «Estate Ragazzi» ամառնային ճամբարի մասնակիցներուն եւ մտերմիկ զրոյց ունեցած անոնց հետ։ Հանդիպման ընթացքին ան յորդորած է պատանիներուն սահմանափակել հեռախօսներու գործածութիւնը, զարգացնել քննադատական միտքն ու անձնական շփումները եւ պահպանել ընտանեկան ու հոգեւոր արժէքները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 22 յունսի, առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը անակնկալ եւ ջերմ այցելութիւն մը տուաւ Վատիկանի մէջ ընթացող «Estate Ragazzi» Ամառնային Պատանիներու» ճամբարի մասնակիցներուն։ Քահանայապետը երկար ու անկեղծ զրոյց մը ունեցաւ տասնեակ մանուկներու եւ պատանիներու հետ՝ անդրադառնալով թուային կախուածութեան, արդի արհեստագիտութեան մարտահրաւէրներուն եւ մարդկային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանման կարեւորութեան։

«Մենք Մարդ Արարած Ենք, Ոչ Թէ Ռոպոթ»

Ճամբարականներու անունով Ֆետերիքօ անունով պատանի մը հարցում ուղղեց Սրբազան Հօր՝ նշելով, որ թէեւ ճամբարին մէջ հրաշալի ժամանակ կ՝անցընեն առանց հեռախօսներու, սակայն տարուան ընթացքին գրեթէ անհնար կը դառնայ պաստառներէն անջատուիլը։

Ի պատասխան՝ Լեւոն ԺԴ. ընդգծեց, որ արհեստագիտութիւնը կրնայ օգտակար ըլլալ, սակայն անիկա չի կրնար փոխարինել իրական կապերուն. «Շատ կարեւոր է ընկերութիւններ մշակել, իրարու հանդիպիլ, միասին խաղալ ու սորվիլ որպէս մարդիկ, եւ ոչ թէ որպէս համակարգիչներ կամ թեքնօ-ռոպոթներ»,- ըսաւ ան։

Քահանայապետը յատուկ կոչ ուղղեց նաեւ ընտանիքներուն՝ յորդորելով հրաժարիլ սեղանի շուրջ հեռախօսներով զբաղելու սովորութենէն եւ վերականգնել երկխօսութիւնն ու միասնական աղօթքը. «Նոյնիսկ եթէ կրնանք Աստուածաշունչը կամ աղօթքները հեռախօսին մէջ ունենալ, Աստուած չ’ուզեր սմարթֆոնին նայիլ. Աստուած կը նայի մեր սիրտերուն ու մեր կեանքին»։ Ան պատանիներուն զգուշացուց հեռախօսային հաւելուածներու (applications) յատուկ մեքենականութենէն, որոնք միտումնաւոր կերպով կախուածութիւն կը յառաջացնեն, եւ առաջարկեց օրուան մէջ որոշակի ժամային սահմանափակումներ դնել։

«Ուղեղը կը բաւէ, հեռախօսի կարիք չկայ»

Այս տարուան ճամբարի նիւթը՝ Ժիւլ Վեռնի «Աշխարհի Շուրջ 80 Օրուան Մէջ» վէպն է։ Միշէլա անունով աղջնակ մը քահանայապետին հարցուց իր բազմաթիւ ճամբարտութիւններու գաղտնիքին մասին։

Սրբազան Հայրը, կատակելով, պատմեց, թէ ինչպէս քանի մը անգամ Իտալիոյ, Փերուի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ GPS համակարգը զինք սխալ ճամբով տարած է եւ ինք մնացած է անելանի կացութեան մէջ։ «Աստուած մեզի հրաշալի կարողութիւն տուած է մեր ուղեղով։ Եթէ ուղեղդ կը գործէ, հեռախօսի կարիք չունիս։ Արհեստագիտութիւնը կրնայ օգնել, բայց կարեւորը ինքնուրոյն մտածելն ու քննադատական միտք ունենալն է»,- նշեց ան։

Այցելութեան աւարտին, նախքան իր յաջորդ պաշտօնական հանդիպման մեկնիլը, Լեւոն ԺԴ. ներկաներուն հետ մէկ ձայնով արտասանեց «Հայր Մեր» աղօթքը, տուաւ իր հայրապետական օրհնութիւնը եւ յորդորեց երեխաներուն՝ տուն վերադառնալէ ետք իրենց ծնողներուն պատմել Պապին հետ միասին աղօթելու այս գեղեցիկ փորձառութեան մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

22/06/2026, 13:13