Յանուն մարզանքի արժէքներու․ Լեւոն ԺԴ․ Պապի Յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը

Սրբազան Քահանայապետը Յունիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը կը նուիրէ մարզանքի արժէքներուն՝ «կառուցելու համար հաղորդութիւն ու եղբայրութիւն պատմութեան մէջ»։ Ան կը խնդրէ Աստուծմէ, «որպէսզի մարզանքը մշտապէս ըլլայ եղբայրութեան դպրոց, եւ ոչ թէ՝ անպտուղ մրցակցութիւն, հանդիպման վայր, այլ ոչ՝բացառումի, խաղաղութեան ուղի մը, եւ ոչ թէ՝ բռնութեան»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Մեծ մարզական մրցաշարքերուն ընդառաջ՝ ինչպէս Ոտնագնդակի Աշխարհի Ախոյանութիւնը, Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը Յունիս ամսուայ իր աղօթքի դիտաւորութիւնը կը նուիրէ մարզանքի արժէքներուն՝ «կառուցելու համար հաղորդութիւն ու եղբայրութիւն պատմութեան մէջ»։

«Աղօթէ Պապին հետ» արշաւի միջոցաւ՝ Քահանայապետի համաշխարհային աղօթքի ցանցը հաւատացեալները ամէն ամիս կը հրաւիրէ միանալու Քահանայապետի աղօթքի մտադրութիւններուն։

Իր աղօթքին սկիզբը Լեւոն Պապը շնորհակալութիւն կը յայտնէ«Կեանքի Աստուծոյ»՝ «մարզանքի պարգեւին համար», «մարզադաշտին վրայ ծնուող բարեկամութիւններու եւ խմբային մարզանքի ուրախութեան համար»։ Ան Աստուծմէ կը խնդրէ, «որ մարզանքը մշտապէս ըլլայ եղբայրութեան դպրոց, եւ ոչ՝ անպտուղ մրցակցութիւն, հանդիպման վայր, ոչ՝բացառումի, խաղաղութեան ուղի մը, ոչ թէ՝ բռնութեան»։

Լեւոն ԺԴ․ կը շեշտէ, որ մարզանքը համամիութենական լեզու է, որ կը միացնէ մշակոյթները ու ժողովուրդները, եւ կը սերմանէ յարգանք, զօրակցութիւն ու անձնական աճ։ Ապա՝ կ’աղերսէ Տիրոջ, որ «երբեւէ չպակսի Քու Սուրբ Հոգիդ, մեզի մէկ խումբ դարձնէ՝ Քեզի միացած,կառուցելու համար հաղորդութիւն ու եղբայրութիւն պատմութեան մէջ»։

Սրբազան Պապին «Յանուն մարզանքի արժէքներու» աղօթքը․

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ։ Ամէն։

Կեանքի Աստուած,

շնորհակալ ենք մարզանքի պարգեւին համար,

անոնց համար, որոնք կը փառաւորեն Աստուած՝ մարմինը մարզելով,

մարզադաշտին վրայ ծնուող բարեկամութիւններու

եւ խմբային մարզանքի ուրախութեան համար։

Դուն կը սորվեցնես մեզի, որ կեանքին մէջ, ինչպէս եւ մարզանքէն ներս

ոչ մէկը կը փրկուի միայնակ։

կարիքը ունինք միւսներուն՝ աճելու համար,

յարգանք սորուելու համար, սահմանները յաղթահարելու համար

եւ նուաճուած յաղթանակները տօնախմբելու համար։

Կ’աղերսենք Քեզի, որպէսզի մարզանքը մշտապէս ըլլայ

եղբայրութեան դպրոց, եւ ոչ՝ անպտուղ մրցակցութիւն,

հանդիպման վայր, եւ ոչ՝բացառումի,

խաղաղութեան ուղի մը, եւ ոչ՝ բռնութեան։

Թող, որ ով կը խաղայ, կը մարզէ կամ կ՚աջակցի

մարզանքին մէջ բացայայտէ ՝ մշակոյթները մօտեցնող

ժողովուրդները միացնող համամիութենական լեզու,

եւ սերմանէ յարգանք, զօրակցութիւն ու անձնական աճ։

Տէ՛ր Յիսուս,

թող, որ ամէն մէկ մարզաձեւ ըլլայ Քեզի հետ ապրուած կեանքի առակ ,

համագործակցելով յանձնառութեամբ եւ ուրախութեամբ,

ապրելով խոնարհութեամբ՝ պարտութեան մէջ

եւ երախտագիտութեամբ՝ յաղթանակի մէջ, զոր մեզի կը պարգեւես Քու Յարութեամբդ։

Թող, որ մեզի երբեք չպակսի Քու Սուրբ Հոգիդ,

մեզի մէկ խումբ դարձնէ՝ Քեզի միացած,

կառուցելու համար հաղորդութիւն ու եղբայրութիւն պատմութեան մէջ։

Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2026, 15:00