Լեւոն ԺԴ. Պապը Մատրիտի մէջ կոչ ուղղեց «ցանցեր հիւսելու»՝ յանուն մարդկային արժանապատուութեան եւ ընդհանուր բարիքի

Դառնանք «նոր թելեր»՝ աւելի ներդաշնակ եւ համերաշխ հասարակութիւն մը կառուցելու համար, ուր մշակոյթը, կրթութիւնը, արուեստը, տնտեսութիւնն ու աշխատանքը միասնաբար կը ծառայեն ընդհանուր բարիքին եւ մարդկային արժանապատուութեան։ «Դառնանք նոր թելեր, որոնք կը միացնեն մարդիկը իրարու հետ, որպէսզի մեր սքանչելի մարդկայնութիւնը շարունակէ փայլիլ նաեւ ապագայ սերունդներուն համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իր առաքելական այցելութեան երկրորդ օրուան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Մատրիտի Movistar Arena-ի մէջ մասնակցեցաւ «Ցանցեր հիւսել մշակոյթի, արուեստի, տնտեսութեան եւ մարզաշխարհի հետ» խորագրով կազմակերպուած հանդիպումին՝ շեշտելով հասարակութեան տարբեր ոլորտներուն միջեւ երկխօսութեան, համագործակցութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան կարեւորութիւնը։

Սպանիոյ մշակութային, ակադեմիական, տնտեսական եւ մարզական կեանքի նշանաւոր ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը

Հանդիպումը համախմբեց Սպանիոյ մշակութային, ակադեմիական, տնտեսական եւ մարզական կեանքի նշանաւոր ներկայացուցիչները։ Մասնակիցներուն շարքին էին դերասան Անթոնիօ Պանտերասը, Complutense համալսարանի վերատեսուչ Խօսէ Մարիա Քոյելօ տէ Փորթուկալը, ֆլամենքոյի հանրածանօթ պարուհի Սարա Պարասը, ինչպէս նաեւ երկրի գործատուներու եւ արհմիութիւններու առաջատար ներկայացուցիչները։ Մարզաշխարհը ներկայացուցին ախոյեաններ Քարոլինա Մարինը եւ Թերեսա Փերալեսը, որոնք իրենց վկայութիւններով ընդգծեցին նուիրումի, տոկունութեան եւ ներառականութեան արժէքները։

Սրբազան Պապին պատգամը

Այս առիթով իր արտասանած ճառին սկիզբը Սրբազան Պապը ուրախութիւն յայտնեց Movistar Arena-ի մէջ գտնուելուն համար՝ զայն բնութագրելով որպէս վայր, ուր կը միահիւսուին ոչ միայն մարզական ու մշակութային ձեռնարկները, այլեւ մարդկային խոր զգացումները՝ ուրախութիւնը, յոյսը, հիացումը, ինչպէս նաեւ տխրութիւնն ու յուսախաբութիւնը։

Սպանիոյ ստեղծագործական ոգին եւ գեղեցկութիւնը

Ան բարձր գնահատեց Սպանիոյ ստեղծագործական ոգին եւ գեղեցկութիւնը, որոնք արտայայտուած են երկրի քաղաքներուն, յուշարձաններուն, արուեստին, երաժշտութեան եւ խոհանոցին մէջ։ Ըստ Քահանայապետին՝ այս ժառանգութիւնը կը վկայէ անցեալի սերունդներուն հանճարին ու նուիրումին մասին եւ կը մղէ մտածելու, թէ ի՛նչ ժառանգութիւն պիտի ձգուի ապագայ սերունդներուն։

Ի՞նչ ժառանգութիւն կը փոխանցենք վաղուան մարդուն

«Ի՞նչ հասարակութիւն կը կառուցենք այսօր եւ ի՞նչ ժառանգութիւն կը փոխանցենք վաղուան մարդուն», հարց տուաւ Լեւոն ԺԴ. Պապը՝ անդրադառնալով ժամանակակից աշխարհի յառաջընթացին եւ միաժամանակ հոգեւոր արժէքներու պահպանման անհրաժեշտութեան։

Ան ընդգծեց, որ արդի հասարակութիւնը ունի արտադրելու, նորարարութիւններ ստեղծելու եւ հաղորդակցելու բացառիկ կարողութիւններ, սակայն տակաւին կարիքը կը զգայ սորվելու, թէ ինչպէ՛ս պահպանել հոգին այն բոլոր գործերուն մէջ, որոնք ինք կը ստեղծէ։ Պապը զգուշացուց, որ կարելի է դառնալ արդիւնաւէտ արտադրողներ եւ հաղորդակցութեան մասնագէտներ, բայց կորսնցնել այն հիմնական հարցումներուն պատասխանները, որոնք կը վերաբերին կեանքի նպատակին եւ մարդկային յարաբերութիւններուն։

Եկեղեցին կը ցանկայ շարունակել անկեղծ եւ բաց երկխօսութիւնը

«Մեր հասարակութիւնը, արդարեւ, արտադրելու, նորարարութիւններ կատարելու եւ հաղորդակցելու արտակարգ կարողութիւն մը ունի. այսուհանդերձ, կարծես թէ տակաւին պէտք ունինք սորվելու, թէ ինչպէ՛ս պահպանել հոգին, այն ամէն բաներէն զոր ան կը ստեղծէ։ Այլապէս, կ՛ապրինք վտանգը, ըլլալու հաղորդակցութեան միջոցներու հմուտ մասնագէտներ եւ արդիւնաւէտ՝ արտադրութեան մէջ, բայց տատամսոտ ու անվստահ՝ թէ ինչո՞ւ, ի՞նչ նպատակով, որո՞ւ հետ եւ որո՞ւ համար Է այդ արտադրութիւնը» հարցեր տուաւ Լեւոն ԺԴ եւ վերահաստատեց, որ Եկեղեցին կը ցանկայ շարունակել անկեղծ եւ բաց երկխօսութիւնը արդի աշխարհի հետ՝ հիմնուելով այն համոզումին վրայ, թէ մարդ արարածը բնական կերպով կը ձգտի դէպի բարին, գեղեցիկն ու ճշմարիտը։ Ան Եկեղեցին ներկայացուց որպէս «մարդկայնութեան հմուտ մասնագէտ», որ յանձնառու է նպաստելու անհատի արժանապատուութեան եւ ընդհանուր բարիքին։

Մշակոյթին դերը եւ մարդուն կեդրոնականութիւն

Պապը յատուկ կերպով անդրադարձաւ մշակոյթի դերին՝ շեշտելով, որ իսկական զարգացումը մարդը կը դնէ կեդրոն։ Ան կոչ ուղղեց վերարժեւորելու այն արժէքները, զոր հասարակութիւնը այսօր կը մշակէ, կը պահպանէ կամ կը կորսնցնէ, եւ ընդգծեց, որ այս մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման համար անհրաժեշտ է ընկերային երկխօսութիւն մը՝ հիմնուած հանդիպման, մտիկ ընելու, յարգանքի եւ գործակցութեան վրայ։ Ասկէ զատ, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել լեզուին ու հաղորդակցութեան, որոնք երբեք չէզոք չեն. անոնք կրնան վիրաւորել կամ բժշկել, պառակտել կամ խթանել յոյսը եւ աւելի մարդկային հասարակութեան մը կերտումը, յարեց ի միջի այլոց Քահանայապետը։

Ցանցեր հիւսել

Խօսելով «ցանցեր հիւսելու» գաղափարի մասին՝ Ան բացատրեց, որ անիկա կը նշանակէ հաստատութիւններու, մշակոյթներու եւ տարբեր ընկերային դերակատարներու միջեւ կենդանի համագործակցութիւն՝ հիմնուած մարդկային արժանապատուութեան վրայ եւ ասկէ մեկնելով կոչ ուղղեց, որպէսզի համալսարանները չհեռանան ճշմարտութեան որոնումէն, տնտեսութիւնը մարդը չվերածէ պարզ գործիքի, արուեստը չսահմանափակուի վերնախաւերուն համար, մարզանքը չդառնայ միայն ներկայացում կամ առեւտուր, իսկ արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը հաշուի առնէ հասարակութեան ամենախոցելի անդամները։

Հաստատութիւններու միջեւ երկխօսութիւն՝ կեդրոնացած մարդկային արժանապատուութեան վրայ

«Ցանցեր հիւսելը, հետեւաբար, հաստատութիւններու միջեւ երկխօսութիւն մըն է՝ կեդրոնացած մարդկային արժանապատուութեան վրայ։ Ասիկա կ՚ենթադրէ, օրինակ, որ համալսարանը թիկունք չդարձնէ աշխատանքի աշխարհին եւ ոչ ալ հրաժարի ճշմարտութենէն. որ ձեռնարկատիրական գործունէութիւնը պաշտօնեան չնկատէ որպէս պարզ տարր մը իր սեփական շահերու հաւասարման մէջ. որ արուեստը որպէս միակ նպատակ չունենայ վերնախաւը. որ մարզանքը չվերածուի պարզ ներկայացման կամ լոկ առեւտուրի. որ արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը հաշուի առնէ տարեցները, աղքատներն ու անոնք, որոնք ձայն չունին» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ «Մեր մասնակցութիւնը երկխօսութեան մէջ, քրիստոնէական կեանքի տեսլականէն մեկնելով, կը հիմնուի այն գիտակցութեան վրայ, որ Արարիչը մարդը հիւսած է սիրոյ թելերով, որովհետեւ ան ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ նմանութեամբ, իսկ Աստուած սէր է (տե՛ս Ա Յովհաննէս 4,8)։ Հոն է մարդկային անօտարելի արժանապատուութեան հիմքը, որուն բացարձակ յարգանքը կը կազմէ երկխօսութեան հիմքը»։


 Միասին ստեղծագործել եւ ծառայել անվերապահօրէն

«Ցանցեր հիւսելը» կը նշանակէ նաեւ միասին ստեղծագործել» ըսաւ Քահանայապետը նշելով որ քրիստոնէական հաւատքը, ըլլալով սէր եւ ուրախութիւն, գեղեցկութիւն կը ստեղծէ նաեւ իր գեղարուեստական եւ մշակութային զանազան ձեւերուն մէջ, եւ ասկէ մեկնելով յիշեց թէ ինչպէս Աւետարանի քարոզութիւնն ու եղբայրութեան զգացումը ժամանակի ընթացքին արտայայտուած են քրիստոնէական աւանդութեան մեծ հեղինակներու բանաստեղծութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան միջոցով։

«Այս բոլորը կը փաստեն մարդկային գոյութեան նիւթական եւ հոգեւոր չափանիշերուն միջեւ եղած խորունկ կապը» ըսաւ Քահանայապետը ու հաստատեց թէ Ցանց հիւսելը կը նշանակէ նաեւ ծառայել անվերապահօրէն։

Եւրոպայի մէջ հոգեւոր դրոշմը որ տոգորած է անոր պատմութիւնը

«Առարկայական հայեացք մը կը յայտնէ, որ հաւատքով առաջնորդուած մարդիկ ու կիներ հիւանդանոցներ եւ դպրոցներ կառուցած են, կեանքի կոչած են համերաշխութեան նախաձեռնութիւններ եւ խօսած են այնպիսի լեզուով մը, որ կ՚ազնուացնէ մարդիկը։ Ասոր համար ալ օրինաւոր է անկեղծօրէն հարց տալ, թէ արդեօք աշխարհը – եւ յատկապէս Եւրոպան – պիտի կերտէ՞ր իր ինքնութիւնը առանց այն հոգեւոր դրոշմին, որ տոգորած է իր պատմութիւնը։ Ասիկա սադրանք մը չէ, այլ հրաւէր մը՝ խորհրդածելու, թէ արդեօք յաւիտենականութիւնը, որ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ ներխուժեց Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեան միջոցաւ, կրնա՞յ հաշտուիլ առօրեայ կեանքին հետ» հարց տուաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. դիտել տալով որ Եւրոպայի պատմութիւնն ու ինքնութիւնը խորապէս դրոշմուած են քրիստոնէական հաւատքով, որմէ մեկնելով հարց տուաւ թէ ինչու այսօր վախ կայ բացուելու Քրիստոսի առջեւ՝ յիշեցնելով, որ ան ոչինչ կը խլէ, այլ՝ կատարելութիւն ու լիութիւն կը պարգեւէ։

Ծառայել մարդու համապարփակ զարգացման 

Լեւոն ԺԴ. յատուկ ուշադրութիւն հրաւիրեց աղքատներու եւ լուսանցքայնացման վտանգին ենթակայ բոլոր անձերու իրավիճակին վրայ։ Ան շեշտեց, որ տնտեսական եւ ընկերային կառոյցները արդար են միայն այն պարագային, երբ կը ծառայեն մարդու համապարփակ զարգացման եւ բոլորի մասնակցութեան ապահովման։

Մարզանքը դաստիարակչական դպրոց

Իր խօսքի վերջին բաժինին մէջ Քահանայապետը մարզանքը ներկայացուց որպէս կարեւոր դաստիարակչական դպրոց։ Ան յիշեց, որ մարզանքը կը սորվեցնէ յարգել մրցակիցը, ընդունիլ պարտութիւնը առանց ատելութեան, յաղթանակը ապրիլ առանց ուրիշը նուաստացնելու եւ դժուարութիւններէ ետք նոր ուժով վերականգնիլ։

Յղում կատարելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին, Լեւոն ԺԴ. վերահաստատեց, որ մարզանքը կրնայ նպաստել խաղաղութեան, համախմբուածութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման։

Դառնալ մարդիկը միացնող նոր թելեր

Աւարտելով իր պատգամը՝ Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները դառնալու «նոր թելեր»՝ աւելի ներդաշնակ եւ համերաշխ հասարակութիւն մը կառուցելու համար, ուր մշակոյթը, կրթութիւնը, արուեստը, տնտեսութիւնն ու աշխատանքը միասնաբար ծառայեն ընդհանուր բարիքին եւ մարդկային արժանապատուութեան։

«Դառնանք նոր թելեր, որոնք կը միացնեն մարդիկը իրարու հետ, որպէսզի մեր սքանչելի մարդկայնութիւնը շարունակէ փայլիլ նաեւ ապագայ սերունդներուն համար», եզրափակեց Լեւոն ԺԴ. Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

07/06/2026, 19:31