Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Մարդավաճառներուն «Դարձի՛ եկէք։ Աստուածային արդարութիւնը պիտի գայ»

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Թեներիֆէ կղզիի պատմական հրապարակին վրայ հանդիպում ունեցաւ գաղթականներու ընդելուզման կառոյցներուն հետ՝ կոչ ընելով կանխելու անոնց տնտեսական ու ընկերային լուռ նաւաբեկութիւնը հասարակութեան մէջ: Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը խստօրէն դատապարտեց մարդկային տառապանքով հարստացող չարաշահողները՝ յորդորելով կաթողիկէ հաւատացեալները ընդլայնելու իրենց սրտերուն պարիսպները եւ գաղթականներուն մէջ տեսնել Քրիստոսի կենդանի դէմքը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Քանարեան կղզիներ տուած հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, ուրբաթ, 12 յունիսին, փոխադրուեցաւ Թեներիֆէ կղզիի
«Փլասա տէ Քրիսթօ»հրապարակը, ուր հանդիպում ունեցաւ գաղթականներու հասարակական ընդելուզման եւ ներառման գործով զբաղող կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Հրապարակ ժամանումին,, Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Սան Քրիսթոպալ տը Լա Լակունայի (Թեներիֆէ) թեմակալ առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Էլոյ Ալպերթօ Սանթիակօ Սանթիակօ եպիսկոպոսին կողմէ, ապա վկայութիւններով հանդէս եկան վենեզուելացի քահանայ հայր Տարուին Ռիվասը, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներէ ժամանած գաղթականներ՝ սենեկալցի Մպաքէն, մարոքցի Խալիտ Ալլատը եւ քոլոմպիացի Թալիա Ժոհանա Սալտարիական:

Առանց պարիսպներու քաղաք» եւ սրտերու բացուածք

Արտասանած պատգամին սկզիբը Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը յատուկ անդրադարձ կատարեց Սան Քրիսթոպալ տը Լա Լակունա քաղաքի պատմական առանձնայատկութեան՝ զայն որակելով որպէս «առանց պարիսպներու, բաց քաղաք», ընդծցելով որ ամենադժուար փլուզելի պատնէշները քարեղէն չեն, այլ՝ վախի, անտարբերութեան եւ կանխակալ հայեացքներու մէջ որդեգրուած արգելքները: «Մեզ շրջապատող ծովը յաճախ մեզի կը բերէ ցաւի, յոյսի եւ փնտռտուքի պատմութիւններ, զորս պէտք է սորվինք կարդալ մօտիկութեան լեզուով», նշեց Քահանայապետը՝ շեշտելով, որ աւետարանական ուսուցումը մեզ կը մղէ դէպի խորունկ ընկալում, որ կը ծնի համբերութենէն եւ օգնութեան հասնող ձեռքերէն:

Ընդունելութենէն դէպի լիարժէք համարկում

Քահանայապետը անդրադարձաւ բարեգործութեան եւ իրական ներառմում միջեւ տարբերութեան ըսելով. «Ընդունելութիւնը դուռը կը բանայ, իսկ ընդելուզումը կ'օգնէ անցնիլ շեմը: Առաջին օգնութիւնը սպեղանի կը դնէ վէրքին վրայ, իսկ ընդելուզումը կը վերակառուցէ ապագան»։ Ան յաւելեց, որ ներառել չի նշանակեր ջնջել գաղթականին անցեալն ու յիշողութիւնը, ոչ ալ ստեղծել իրարմէ անջատ զուգահեռ աշխարհներ: Ասիկա փոխադարձ ճանապարհ է. ժամանողը կը սորվի յարգել նոր երկրի օրէնքներն ու սովորութիւնները, իսկ ընդունող հասարակութիւնը կ'ընդլայնէ իր յարկը՝ առանց սեփական ինքնութիւնը կորսնցնելու:

Սրբազան Հայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Թեներիֆէի թեմակալ առաջնորդ Սանթիակօ եպիսկոպոսին, տեղական «Քարիթաս»-ին եւ գաղթականներով զբաղող գրասենեակներուն, որոնք կը գործեն ի նպաստ Մպաքէի, Խալիտի եւ Թալիայի նման գաղթականներուն, որոնք այսօր արդէն իրենց կարգին կամուրջ կը հանդիսանան ուրիշներու համար:

Կանխել լուռ նաւաբեկութիւնը

Դատապարտելով ծովային աղետալի նաւաբեկութիւնները՝ Լեւոն ԺԴ. Պապը ահազանգեց մէկ այլ վտանգի մասին. «Գոյութիւն ունի նաեւ լուռ նաւաբեկութիւն մը՝ կղզի հասնելէ ետք: Այն է՝ ինքնզինք առանձին գտնել օտար քաղաքի մէջ, առանց լեզուի, առանց կապերու ու աշխատանքի, ենթակայ շահագործումներու: Համարկումը կը նշանակէ կանխել այս երկրորդ նաւաբեկութիւնը»։

«Կեցէ՛ք, դարձի՛ եկէք»

Նորին Սրբութիւնը ապա կոչը ըրաւ մարդկային տառապանքով հարստացող մաֆիաներուն եւ շահագործողներուն.

«Կեցէ՛ք: Դարձի՛ եկէք: Այս եղբայրներուն արցունքներն ու արիւնը կ'աղաղակեն առ Աստուած: Աղքատներու խոցելիութենէն յափշտակուած դրամը պիտի չտայ ո՛չ խաղաղութիւն, ո՛չ պատիւ եւ ո՛չ ալ ապագայ: Իւրաքանչիւր կորսուած կեանքի, շահագործուած բանուորի եւ սպառնալիքի ենթարկուած կնոջ համար դուք պիտի կանգնիք Աստուածային արդարութեան առջեւ: Խորտակեցէ՛ք այդ շղթաները... վերադարձէ՛ք, քանի դեռ ժամանակ կայ»:

Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը յորդորեց կաթողիկէ հաւատացեալները՝ գաղթականներուն մէջ տեսնել Քրիստոսի կենդանի դէմքը եւ հայցեց Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին հովանաւորութիւնը, որ ժամանակին ինք եւս ստիպուած եղած էր փախչիլ Եգիպտոս՝ պաշտպանելու համար Մանուկ Յիսուսի կեանքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

12/06/2026, 12:49