Լեւոն ԺԴ. Պապին հանդիպումը Սպանիոյ եպիսկոպոսներուն հետ. Ուխտագնացութեան հրաւէր եւ անկեղծ երկխօսութիւն

Սպանիա կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Պապը Մատրիտի մէջ հանդիպեցաւ տեղւոյն եպիսկոպոսներուն՝ յորդորելով զանոնք հրաժարիլ հինցած կառոյցներէն եւ դառնալ միութեան ու անկեղծ երկխօսութեան կենդանի վկաներ: Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը յատուկ անդրադարձ կատարեց դպրեվանքներու բարեկարգման, կոչումներու ճիշդ արժեւորման, ինչպէս նաեւ կղերականներու կողմէ գործուած չարաշահումներու զոհերուն լսելու եւ վէրքերը սպիացնելու հրատապ անհրաժեշտութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 8 յունիսին, Սպանիա կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը Մատրիտի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սպանիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն հետ։

Արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ եկեղեցական կեանքի ներկայ մարտահրաւէրներուն, կոչ ուղղելով հոգեւոր հովիւներուն՝ ըլլալու միութեան եւ երկխօսութեան կենդանի վկաներ։

Իր խօսքի սկիզբը, Սրբազան Հայրը ողջունեց Սպանիոյ եպիսկոպոսները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասի նախագահ՝ Գերպ Լուիս Խաւիէր Արկուէլլօ Կարսիային՝ անոր ուղղած բարի գալուստի խօսքերուն համար։ Ան կարեւորեց Սպանիոյ Եկեղեցւոյ կողմէ 2020-ին եւ 2025-ին կազմակերպուած համագումարները, որոնք կը քննարկէին թէ ինչպէ՛ս կարելի է դիմագրաւել արդի աշխարհի դժուարութիւնները եւ թէ ովքե՛ր են այդ առաքելութեան կոչուածները։

«Իրենց նիւթերը կը կեդրոնանան այս էական հարցումներուն վրայ․ ինչպէ՞ս կարելի է դիմագրաւել ներկայ մարտահրաւէրները, եւ ո՞վ կոչուած է ընդունելու այս մարտահրաւէրը», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, «Այս խորհրդածութեան բերած իմ ներդրումիս մէջ, մտածեցի ձեզի առաջարկել ճամբորդութեան մը պատկերը, որուն նպատակակէտը Աստուած է, որուն կ՚ուղղենք մեր հայեացքը։ Ասիկա իւրայատուկ ճամբորդութիւն մըն է, քանի որ նիւթապէս չենք շարժիր, այլ կ՚ուզենք թռցնել մեր սիրտը»։

Ուխտագնացութեան պատկերը. ձգել աւելորդ բեռները

Քահանայապետը ներկաներուն առաջարկեց եկեղեցական կեանքը պատկերացնել որպէս հոգեւոր ուխտագնացութիւն մը դէպի Աստուած։ Այս ծիրէն ներս, ան զգուշացուց երկու հիմնական վտանգներէ. «Ճամբորդութեան ընթացքին գայթակղութիւններէն մէկը անցեալի ձեւերուն ու կառոյցներուն կառչած մնալն է՝ առանց Սուրբ Հոգիի նորութեան բացուելու։ Միւսը՝ մեր ճամբորդութեան պայուսակաները անպէտք բաներով լեցնելն է, որոնք ի վերջոյ միայն բեռ կը դառնան»,- ըսաւ ան։ Պապը յորդորեց քաջութեամբ հրաժարիլ այն կառոյցներէն, որոնք այլեւս չեն նպաստեր աւետարանչութեան, միեւնոյն ժամանակ իբրեւ գանձ պահպանելով Սպանիոյ հարուստ քրիստոնէական ժառանգութիւնը, որ կրնայ խօսիլ նոյնիսկ անհաւատներու սրտին։

8Մենք կոչուած ենք ըլլալու հաղորդութեան տեսանելի սկզբունքը, նախ եւ առաջ Քրիստոսի հետ հաղորդութեան, սիրով պահպանելով ստացած հաւատքը՝ հնազանդելով Աստուծոյ Խօսքին եւ Եկեղեցւոյ կենդանի Աւանդութեան․ ապա՝ հաղորդութեան մէջ Պետրոսի Յաջորդին եւ տիեզերական Եկեղեցւոյ հետ, քահանայական դասուն եւ սեփական թեմական համայնքին հետ, նուիրեալ կեանքին, շարժումներուն, միութիւններուն եւ ամէն վաւերական խարիզմի հետ, որ Սուրբ Հոգին կը պարգեւէ ի խնդիր ընդհանուր շինութեան։ Ձեր առաքելութիւնը կը պահանջէ պահպանել միութիւնը, խրախուսել երկխօսութիւնը, սպիացնել վէրքերը, եւ ընկերակցիլ ձեր խնամքին յանձնուած ժողովուրդի ճանապարհին։Այս ձեւով ապրուած հաղորդութիւնը ունի նաեւ առաքելական ուժ։ Ներքնապէս հաշտուած Եկեղեցի մը կրնայ աւելի մեծ ազատութեամբ խօսիլ քրիստոնէական այլ դաւանանքներու եւ այլ կրօններու եղբայրներուն հետ, անոնց հետ՝ որոնք չեն հաւատար, քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ բարի կամեցողութիւն ունեցող բոլոր մարդոց հետ, որոնք կը գործեն ի խնդիր ընդհանուր բարիքին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Կոչումներու տագնապը եւ կրթական համակարգը

Անդրադառնալով երիտասարդութեան եւ կոչումներու պակասին, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ կոչումներու հովուական ծառայութեան խնամքը չի կրնար վերածուիլ պարզ վիճակագրութեան կամ թիւերու որսի։

«Շատ մը երիտասարդներու մօտ, եւ ոչ միայն անոնց, «Որո՞ւ համար եմ» հարցումը կ՚արձագանգէ որպէս իմաստի, պատկանելիութեան եւ նուիրումի անկեղծ փնտռտուք մը։ Մարդկային սիրտը չի լեցուիր փորձառութիւններ, կարելիութիւններ կամ ժամանակաւոր երաշխիքներ կուտակելով․ ան կը լեցուի, երբ կը յայտնաբերէ կոչում մը, երբ կը հասկնայ, թէ կեանքը իր լիութեան կը հասնի միայն այն ատեն, երբ կը նուիրուի», ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնցնելով դպրեվանքներու վրայ յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապի այն յորդորը, որ դպրեվանքներու պահպանումը չի կրնար աւելի կարեւոր համարուիլ, քան թեկնածուներու որակեալ կազմաւորումը։ Դպրեվանքները պէտք է ապահովեն առողջ համայնքային կեանք, ունենան փորձառու հոգեւոր հայրեր եւ արդիական միջոցներով օժտուած աստուածաբանական կեդրոններ։

Եկեղեցւոյ վէրքերը եւ Սամարացիի դերը

Իր պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը անդրադարձ կատարեց Եկեղեցւոյ ներսը տեղի ունեցած չարաշահումներու զոհերուն. «Ամենացաւալի հանդիպումներէն մէկը անոնց հետ է, որոնք վիրաւորուած են այն անձերէ, որոնք պէտք է խնամէին իրենց՝ նոյնիսկ կղերականներուն կողմէ։ Այս վէրքին դիմաց, եկեղեցական համայնքը կոչուած է պատասխանելու մտիկ ընելով, ճշմարտութեամբ, արդարութեամբ, հատուցմամբ եւ կանխարգիլման ու խնամքի մշակոյթի հանդէպ աւելի վճռական յանձնառութեամբ»,- յայտարարեց Սրբազան Հայրը։

Պատմական օրինակներ եւ Սուրբ Յովհաննէս Աւիլացիի տարելիցը

Պապը ներկաներուն յիշեցուց, որ Սպանիան անցեալին եւս դիմագրաւած է դժուարին ժամանակաշրջաններ եւ ծնունդ տուած է աւետարանչութեան մեծ դէմքերու, ինչպէս՝ Երանելի Հերնանտօ դէ Թալավերան եւ Սուրբ Թուրիպիօ դէ Մոկրովեխոն։ Ան առանձնայատուկ կերպով նշեց Սպանիոյ կղերական դասի հովանաւոր սուրբ՝ Յովհաննէս Աւիլացիի քահանայական ձեռնադրութեան 500-ամեակը, զայն առաջարկելով իբրեւ տիպար «պարզ քահանայի», որ սիրահարուած է Քրիստոսի եւ մօտիկ է ժողովուրդին։

«Այս ճամբուն վրայ ձեզի կ՚ընկերակցի նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Աւիլացին՝ սպանական կլերի հովանաւոր սուրբը, այս տարուան ընթացքին, երբ կը յիշատակենք անոր քահանայական ձեռնադրութեան հինգերորդ հարիւրամեակը։ Սուրբ Պօղոս Զ. զայն բնորոշեց իբրեւ «հոգեւոր կեանքի վարպետ մը՝ նախախնամող ու իմաստուն. եկեղեցական կեանքի եւ քրիստոնէական բարքերու օրինակելի նորոգիչ մը» եւ, միեւնոյն ժամանակ, «պարզ քահանայ մը»։ Այս սուրբ վարդապետին մէջ, Եկեղեցին կը ճանչնայ քահանայական այն կեանքը, որ իւրաքանչիւր եպիսկոպոս կոչուած է պահպանելու եւ աճեցնելու իր սեփական քահանայական դասուն մէջ։

Անոր նայելով՝ կը մտածեմ անոնց մասին, որոնք այս ճամբորդութեան ընթացքին եպիսկոպոսներուն ամենամօտիկ ընկերակիցներն են, այսինքն՝ այդ «պարզ քահանաներուն»՝ բառին ամենաբարձր եւ ամենապահանջկոտ տեսանկիւնէն։ Անոնց հետ մեր քալելը պէտք է փոխանցէ այդ էութեան արժէքը. ըլլալ Քրիստոսի սիրահարուած քահանաներ՝ արմատացած աղօթքի մէջ, հաւատարիմ Եկեղեցւոյ, մօտիկ ժողովուրդին եւ ընդունակ՝ միացնելու հաստատուն վարդապետութիւնը, առաքելական նախանձախնդրութիւնն ու հովուական սէրը։ Քահանաներ, որոնք եպիսկոպոսին մէջ կը գտնեն ոչ միայն ճանչցուած հեղինակութիւն մը, այլ հայր մը, որ կ՚ընկերակցի իրենց. իսկ միւս քահանաներուն մէջ՝ եղբայրներ, որոնց հետ կրնան բաժնել հանդիպումներով լեցուն այս ուխտագնացութեան նեղութիւններն ու ուրախութիւնները, ուր բոլորս ալ կը փնտռենք Քրիստոսը»։

Իր խօսքի աւարտին, Քահանայապետը կոչ ուղղեց եպիսկոպոսներուն՝ ըլլալու հայրեր իրենց քահանաներուն համար եւ միասնաբար աղօթելու Սուրբ Յովհաննէս Աւիլացիի բառերով. «Տէ՛ր, մեզի Քու սիրտդ տուր», որպէսզի Եկեղեցին կարենայ յառաջանալ սիրով, համբերութեամբ եւ ուրախութեամբ։

«Այս հոգեւոր ճամբորդութիւնը աւարտենք սուրբ վարդապետին մէկ աղօթքով, որ մեզի կը յիշեցնէ, թէ եկեղեցական ամէն նորոգութիւն կը ծնի Քրիստոսի կերպարանքին վերածուած սիրտէ մը. «Եթէ Զիս կ՚ուղարկես, Տէ՛ր, ընելու այն ինչ որ Դուն ըրիր, ինծի Քու սիրտդ տուր» (Քարոզ 57,20)։ Ասիկա թող ըլլայ նաեւ մեր աղօթքը. Տէ՛ր, մեզի Քու սիրտդ տուր, սիրտ մը՝ ընդունակ հայեացքը դէպի Քեզ բարձրացնելու, ճամբայ ելլելու, մտիկ ընելու, զատորոշելու, ծառայելու, սիրով սրբագրելու, հանգարտութեամբ սպասելու եւ ուրախութեամբ աւետելու։ Որովհետեւ այն Եկեղեցին, որ կը ստանայ Քրիստոսի սիրտը, իրեն հետ կը տանի կրակէ սիւնը, որ զինք կը առաջնորդէ, կը զօրակցի, կը պաշտպանէ ու կը մխիթարէ. այն անհրաժեշտ ժառանգութիւնը՝ որեւէ մարտահրաւէր դիմագրաւելու համար։

Աստուած ձեզ օրհնէ։ Շատ շնորհակալ եմ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

08/06/2026, 12:06