Լեւոն ԺԴ. Պապին հանդիպումը Մատրիտի թեմական համայնքին հետ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 8 յունիսին, Սպանիա կատարած իր չորրորդ առաքելական ճամբորդութեան երրորդ օրուան աւարտին, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը Մատրիտի հռչակաւոր «Սանթիակօ Պեռնապէու» մարզադաշտին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Մատրիտի թեմական համայնքին հետ։ Յունիսեան տաք երեկոյի մը ընթացքին, Ռէալ Մատրիտի պատմական տան մէջ, աւելի քան 80 հազար հաւատացեալներու արտակարգ խանդավառութեան ներկայութեամբ, Սրբազան Հայրը սպանական մայրաքաղաքի Եկեղեցիին վստահեցաւ ոչ դիւրին առաքելութիւն մը:
«Այսօր Մատրիտի Եկեղեցին ընդմիշտ պատմական “կոլազօ- փառահեղ կոլ” մը նշանակեց», ըսաւ Սրբազան Հայրը՝ պատասխանելով մարզադաշտին մէջ տիրող ջերմ մթնոլորտին։ Ան հարցում մը ուղղեց ներկաներուն՝ արդեօք «այն, ինչ որ ենք եւ կը գործենք որպէս քրիստոնեայ» կը հասնի՞ քաղաքի սրտին, ապա կոչ արաւ «վերստին սորվելու ուշադրութեան հոգեւոր արուեստը»։
Եկեղեցին իբրեւ համերգ. Բազմաձայնութիւն եւ ոչ թէ միօրինակութիւն
Իր խօսքին սկիզբը, Քահանայապետը ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ Մատրիտի Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Խոսէ Քոպօ Քանոյի կողմէ առաջադրուած երաժշտական փոխաբերութեան։
«Մեր սիրտը կարիքն ունի երգելու, այսինքն՝ մեկնաբանելու դէպքերն ու իրավիճակները՝ միւսներուն հետ միասին տօնախմբելով անոնցմէ բխող իմաստը», նշեց Լեոն ԺԴ Պապը։
Ան ընդգծեց, որ քրիստոնէական մկրտութիւնը արդարեւ կը փոխէ մարդոց կեանքը, երբ անձնական տաղանդներն ու առաջնահերթութիւնները կը միանան Քրիստոսի մէջ՝ վերածուելով ընդհանուր բարիքին ծառայող ընծայի։ Այս գործընթացը չի ստեղծեր միօրինակութիւն, այլ կը հանդիսանայ «Բաբելոնի աշտարակի» հակապատկերը, ուր տիրեցաւ խառնաշփոթութիւնն ու անհասկացողութիւնը։
«Magnifica humanitas». Վերակառուցել քաղաքը լսողութեամբ
Յղում կատարելով իր «Magnifica humanitas» շրջաբերական նամակին՝ Պապը մատնանշեց Նէեմի կառավարիչի կերպարը, որ ամբողջ համայնքը ներգրաւեց Երուսաղէմի պարիսպներու վերակառուցման գործին մէջ։
«Վերակառուցել այսօր կը նշանակէ ընդունիլ, որ ձայներու եւ տեսակէտներու բազմազանութեան մէջ, որ երբեմն լեզուներու խառնաշփոթութիւնը կը յիշեցնէ, այսուհանդերձ կայ լուսաւոր կարելիութիւն մը՝ միասին կառուցելու», նշեց Նորին Սրբութիւնը՝ աւելցնելով, որ սինոդականութիւնը կը կանխէ բազմակարծութեան վերածումը անիշխանութեան, եւ քրիստոնեաներուն թոյլ կու տայ իրենց գործունէութիւնը ուղղել առ Աստուած։
Մատրիտի նման մեծ քաղաքի մը մէջ, ուր կողք-կողքի կ՛ապրին տարբեր աւանդութիւններ ու «հոգիներ», անհրաժեշտ է տարբերութիւնը վերածել հարստութեան, իսկ մտիկ ընելն ու երկխօսութիւնը դարձնել այն ընդհանուր հողը, որուն վրայ կ՛աճին արդարութիւնն ու եղբայրութիւնը։ Այսպիսով, քրիստոնեաներու աւետարանական վկայութիւնը կրնայ ազատագրել լաւագոյն ուժերը այնպիսի մարդկութեան մը, որ «ռմբակոծուած է պատկերներով ու խօսքերով, բայց քաղցած է արդարութեան եւ ծարաւ՝ ճշմարտութեան»:
Հոգեւոր ուշադրութիւն, քահանաներ եւ ծխական խորհուրդներ
Մեծ քաղաքներու մէջ, ուր երբեմն կը թուի, թէ կորսնցուցած ենք կողմնորոշման քարտէսները, Պապը շեշտեց հոգեւոր ուշադրութեան կարեւորութիւնը՝ զգուշացնելով, որ առանց անոր՝ Աւետարանի քարոզչութիւնը կրնայ վերածուիլ մեքենական կրկնութեան՝ տեղի տալով հիասթափութեան:
Քահանայապետը յատուկ յորդորներ ուղղեց եկեղեցական կառոյցներուն, ծխական ու թեմական խորհուրդներուն, շեշտելով, որ անոնք պէտք չէ վերածուին սոսկ պաշտօնական դիւանակալական պարտականութիւններու, այլ պէտք է ըլլան փոխադարձ լսողութեան, հոգեւոր զատորոշման եւ համայնքային կեանքի վայրեր։ Իսկ քահանաներուն կոչ ուղղեց կանոնաւոր կերպով կանգ առնելու իրենց ժողովուրդին կողքին, վերլուծելու թաղամասերու կեանքը, մշակութային փոփոխութիւններն ու ընկերային լարուածութիւնները՝ Աւետարանի լոյսին տակ։
Աւետարանի ուրախութիւնը. «Ոչինչ ձեզ թող վրդովեցնէ»
Պապը յորդորեց ներկաները Աւետարանը վկայել Մատրիտի մէջ, որ ոչ միայն կարեւոր հաստատութիւններու կեդրոն է, այլեւ՝ «նոր հնարաւորութիւններ փնտռող միլիոնաւոր այցելուներու եւ եղբայրներու ու քոյրերու հանգրուան»:
«Ձեր ուրախութիւնը պիտի ըլլայ վարակիչ, եթէ պահ մը տեւող յոյզէ վերածուի կայուն կենսակերպի», աւելցուց Ան՝ քաջալերելով հաւատացեալները չվախնալու արդի աշխարհի մարտահրաւէրներէն։ «Ոչինչ ձեզ թող վրդովեցնէ, ոչինչ ձեզ թող վախցնէ», ըսաւ Ան՝ լիայոյս յիշեցնելով, որ այսօր եւս մարդիկ կրնան վերադառնալ հաւատքին կամ առաջին անգամ ըլլալով ճանչնալ զայն չափահաս տարիքի մէջ։
«Եղէ՛ք բաց Աստուածաշունչ մը»
Իր խօսքի աւարտին, Լեւոն ԺԴ անդրադարձաւ հսկումի երեկոյեան ընթացքին հնչած վկայութիւններուն, յատկապէս Փերուէն Մատրիտ ժամանած եւ հոն ջերմ ընդունելութիւն գտած գաղթական ընտանիքի պատմութեան։
«Քիչերուն բարութիւնը կրնայ յաղթել շատերու վախին: Բոլորին համար եղէ՛ք բաց Աստուածաշունչի մը նման. ձեր դէմքերուն եւ ձեր կեանքին մէջ թող հանդիպի Աստուծոյ Խօսքը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
«Սէրը, արդարեւ, այն լեզուն է, որ բոլորը տան մէջ կը զգացնէ», եզրափակեց Քահանայապետը՝ կոչ ուղղելով ներկաներուն ըլլալու «բաց գիրք մը»՝ ուրիշներուն համար Աստուծոյ Սէրը տեսանելի դարձնելու նպատակով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
