Որոնել

Մէկ վայրկեանի մէջ Պապին Սպանիայի առաքելական ճամբորդութեան ամփոփումը

Փոքրիկ անակնկալով մը — «Իպերիա»-ի Airbus A320 օդանաւի շարժիչի անսարքութեամբ, որ պէտք է Քահանայապետը Թեներիֆէէն Հռոմ վերադարձնէր, Սպանիոյ Ֆիլիփ Զ թագաւորին տրամադրած ռազմական «Ֆալքըն» (Falcon) օդանաւով, աւարտեցաւ Լեւոն ԺԴ Պապին առաքելական ճամբորդութիւնը Սպանիոյ մէջ։

Վատիկան Նիւզ - Հայկական բաժանմունք

«Վատիկան Մետիա»-ի բացառիկ պատկերները կը վերապրեցնեն Սպանական թերակղզիին մէջ Քահանայապետին ութօրեայ կեցութեան իրադարձութիւնները՝ Մատրիտի, Պարսելոնայի եւ Քանարեան կղզիներու միջեւ։ Սանթիակօ Պեռնապէու մարզադաշտին մէջ թեմական համայնքին հետ հանդիպումէն մինչեւ Սակրատա Ֆամիլիա պազիլիքայի «Յիսուս Քրիստոսի Աշտարակ»-ի բացումը՝ պատկերներ, որոնք տարածուեցան ամբողջ աշխարհը։ Բացի այդ, կղզեխումբին մէջ տեղի ունեցան յուզիչ հանդիպումներ գաղթականներու եւ անոնց ընդունելութեամբ զբաղող կառոյցներու հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

13/06/2026, 10:17