Մէկ վայրկեանով Սրբազան Պապին առաջին օրը Մատրիտի մէջ
«Վատիկան Մետիա»-ի (Vatican Media) բացառիկ պատկերները, որոնք կը պատմեն Լեւոն ԺԴ-ի ժամանումն ու հանդիպումները դէպի Սպանիա իր չորրորդ առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրը:
Վատիկան Նիուզ
Մեկնումը Ֆիումիչինոյի օդակայանէն դէպի Մատրիտ, թռիչքի ընթացքին ողջոյնի խօսքը լրագրողներուն, ժամանումն ու թագաւորական ընտանիքին կողմէ ընդունելութիւնը, եւ խօսքը՝ ուղղուած իշխանութիւններուն: Ասոնք են Լեւոն Պապին Սպանիոյ մէջ անցուցած առաւօտեան առաջին պահերը, իր չորրորդ առաքելական ճամբորդութեան առաջին հանգրուանին, որ պիտի ընդգրկէ նաեւ Պարսելոնան եւ Քանարեան կղզիները:
Յետմիջօրէին՝ ջերմ հանդիպում «Սետիա 24 Ժամ» ("Cedia 24 Horas") ընկերային ծրագիրի խնամարկեալներուն եւ աշխատակիցներուն հետ, իսկ երեկոյեան՝ աղօթքի հսկում աւելի քան 600 հազար երիտասարդներու հետ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.
07/06/2026, 08:00
