Որոնել

carrots

«Իրենց սուրերը խոփեր պիտի ձուլեն եւ իրենց նիզակները՝ մանգաղներ» (Ես. 2, 4)

Արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային աղօթքի օրուան 2026-ի բնաբանը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ի սպաս Ծառայութեան Վերատեսչութիւնը Հրատարակեց Լեւոն ԺԴ. Պապին Արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային աղօթքի օրուան պատգամին բնաբանը` որ քաղուած է Եսայի Մարգարէի գիրքէն. «Իրենց սուրերը խոփեր պիտի ձուլեն եւ իրենց նիզակները՝ մանգաղներ» (Ես. 2, 4)։

Վերոնշեալ Վերատեսչութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ «Սրբազան Քահանայապետին պատգամը՝ Արարչագործութեան խնամքի համաշխարհային աղօթքի յառաջիկայ օրուան առթիւ, որ աւանդութեան համաձայն կը նշուի Սեպտեմբեր 1-ին, կը շեշտէ զինուած ընդհարումներու եւ բնապահպանական վատթարացման միջեւ եղած կապը»:

«Այսպիսի վատթարացում մը, մէկ կողմէն, արարչագործութեան հանդէպ հոգ տանելու մեր պարտականութեան ծանր խախտում մըն է, իսկ միւս կողմէն՝ երկարատեւ սպառնալիք մը՝ հարիւրաւոր միլիոնաւոր մարդոց կեանքին համար: Պատերազմի եւ բնական պաշարներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ կապերու այժմու տարածուած գիտակցութիւնը չէ յանգեցուցած համապատասխան հաստատութիւններու ստեղծման, ոչ ալ պատասխանատու որոշումներու՝ միտուած հակամարտութիւնները կանխելու եւ վէճերը խաղաղութեամբ լուծելու: Խորագիրը, որ Եսայիի տեսիլքն է՝ մարգարէանալով զէնքերու վերածումը երկրագործական գործիքներու, յստակօրէն կը հրաւիրէ նախապատուութիւնը տալու զարգացման եւ կայունութեան՝ փոխան բռնութեան եւ կործանման» նշուած է միշտ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2026, 13:00