Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօն. «Վառ պահենք հաւատքի հանրային վկայութիւնը»
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 3 Յունիս 2026-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Լեւոն ԺԴ. Պապը հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքերուն մէջ, յորդորեց աշխոյժութեամբ ապրիլ Յիսուսի Սուրբ Սրտին նուիրուած ամիսը՝ Յունիս ամիսը, մօտենալով Աստուծոյ ողորմութեան ու գթասրտութեան, «որպէսզի Տէրը փոխակերպէ սրտերը՝ զանոնք դարձնելով աւելի համբերատար, առատաձեռն եւ կարեկից» ըսաւ Քահանայապետը։
Ան ապա յատկապէս դիմելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն՝ յիշեց այս օրերուն յիշատակուող Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան հանդիսաւոր տօնը՝ ընդգծելով Սուրբ Հաղորդութեան արժէքը` որպէս Քրիստոսի սիրոյ նշան՝ «բեկանուած եւ բաշխուած հաց» բոլորին համար։
Սրբազան Պապը քաջալերեց պահպանել ու յառաջ մղել քաղաքներու եւ գիւղերու փողոցներուն մէջ տեղի ունեցող աւանդական Սուրբ Հաղորդութեան թափօրները՝ զանոնք որակելով որպէս հաւատքի թանկագին արտայայտութիւն եւ համայնքներու կեանքէն ներս Քրիստոսի ներկայութեան հանրային վկայութիւն։
Իր ողջոյնի խօսքերուն մէջ Քահանայապետը յատուկ խօսք մը ուղղեց Միջին Արեւելքի Քահանաներուն ու կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներուն ըսելով թէ ինք աղօթքով եւ իր օրհնութեամբ կ՛ընկերանայ անոնց առաքելութեան ու անոնց երկիրներու ձգտումներուն եւ սպասումներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
