Լեւոն ԺԴ Պապը եւ ROACO-ի ժողովի մասնակիցները Լեւոն ԺԴ Պապը եւ ROACO-ի ժողովի մասնակիցները  (ANSA)

Լեւոն ԺԴ.․ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժառանգութիւնը հարստութիւն է ամբողջ Եկեղեցւոյ համար

Լեւոն ԺԴ. Պապը, ընդունելով ROACO-ի տարեկան ժողովի մասնակիցները, ընդգծեց Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու հարուստ ժառանգութեան պահպանման եւ հոգեւորականներու կազմաւորման կարեւորութիւնը՝ յայտարարելով, որ Եկեղեցւոյ միութիւնը չի նշանակեր միակերպութիւն։ Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց պատերազմներու եւ անկայունութեան պատճառով Արեւելեան քրիստոնեաներու զանգուածային արտագաղթին առնչութեամբ եւ միջազգային հանրութիւնը կոչ ուղղեց գործելու յանուն խաղաղութեան, արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 18 յունիսին, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Արեւելեան Եկեղեցիներու օգնութեան գործակալութիւններուն, «ROACO»ի տարեկան լիագումար ժողովի մասնակիցները։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները։

Քահանայապետը ընդգծեց, որ Արեւելեան Եկեղեցիներուն օգնութիւն ցուցաբերելը միայն նիւթական միջոցներ տրամադրել չի նշանակեր, այլ նաեւ անոնց ինքնութեան եւ աւետարանական առաքելութեան ամրապնդում՝ յատկապէս հոգեւորականներու եւ վանականներու պատշաճ կազմաւորման միջոցով։ Ան ողջունեց ROACO-ի այս տարուան քննարկումներուն կեդրոնացումը ճեմարաններու եւ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ ապագայ հոգեւոր սպասաւորներու պատրաստութեան վրայ։

Պապը յիշեցուց, որ Կաթողիկէ Եկեղեցին միացեալ է, բայց ոչ միակերպ, եւ որ Արեւելքի բազմազան աւանդութիւնները՝ իրենց ծէսերով, աստուածաբանական մտածողութեամբ եւ հոգեւոր ժառանգութեամբ, հարստութիւն կը ներկայացնեն ամբողջ Եկեղեցւոյ համար։ Ան վերահաստատեց նաեւ Երկրորդ Վատիկանի Տիեզերական Ժողովի ուսուցումը, ըստ որուն Արեւելքի եւ Արեւմուտքի տարբեր աստուածաբանական արտայայտութիւնները փոխլրացնող են եւ ոչ թէ հակադրուող։

Լեւոն ԺԴ. յատուկ կերպով շեշտեց Արեւելեան քրիստոնէական աւանդութեան ճանաչման եւ ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ այդ ժառանգութեան անտեսումը կը նշանակէ Եկեղեցւոյ աղքատացում։ Ան կոչ ուղղեց շարունակելու ներդրումները հոգեւորականներու կազմաւորման եւ Արեւելքի հոգեւոր գանձերու փոխանցման գործին մէջ։

Իր խօսքին մէջ Սրբազան ՀԱյրը անդրադարձաւ նաեւ ներկայ միջազգային իրավիճակին՝ խորը մտահոգութիւն յայտնելով պատերազմներու հետեւանքով շարունակուող մարդկային տառապանքներուն համար։ Ան հակադրեց մարդասիրական աջակցութեան գործը պատերազմներուն վրայ վատնուող հսկայական միջոցներուն՝ նշելով, որ մինչ բարեսիրական կազմակերպութիւնները կեանք կը ստեղծեն, պատերազմ հրահրողները մահ կը սերմանեն։

Պապը առանձնայատուկ կերպով խօսեցաւ Արեւելեան քրիստոնեաներու զանգուածային արտագաղթի մասին, որու հիմնական պատճառը պատերազմն ու անապահովութիւնն են։ Ան ներկայացուց «անկայունութիւն» երեւոյթը որպէս Արեւելքի Եկեղեցիները արիւնաքամ ընող նոր աղէտ՝ մատնանշելով պետական հաստատութիւններու տկարացումը, զինեալ խմբաւորումներու ազդեցութիւնը, քաղաքական կախուածութիւնները եւ տնտեսական անորոշութիւնը։

«Վախն ու անապահովութիւնը կը տիրէն բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Աշխատանքը, առողջապահութիւնը եւ կրթութիւնը յաճախ կը գտնուին ժամանակաւոր ու անկայուն վիճակի մէջ, իսկ այս ամէնը առաջին հերթին կը հարուածէ ընտանիքները, երիտասարդները, ծերերն ու հիւանդները»,– նշեց ան։

Վերջապէս, Լեւոն ԺԴ. Պապը միջազգային հանրութեան կոչ ուղղեց լրջօրէն անդրադառնալու պատերազմներու եւ անկայունութեան հետեւանքներուն՝ ընդգծելով, որ անոնք ճակատագրական անխուսափելիութիւն չեն, այլ մարդկային ընտրութիւններու հետեւանք։ Ան հրաւիրեց աղօթելու խաղաղութեան համար եւ արթնցնելու մարդկային խիղճը՝ յանուն արդարութեան, մարդկային արժանապատուութեան եւ քաղաքակրթական պատասխանատուութեան։

Հանդիպման աւարտին Քահանայապետը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ROACO-ի անդամներուն եւ բոլոր բարերարներուն, որոնք Աւետարանի ոգիով կը շարունակեն աջակցիլ կարիքաւոր համայնքներուն եւ հաւատարիմ կը մնան քրիստոնէական սիրոյ առաքելութեան։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

18/06/2026, 11:36