Որոնել

Խաչ նահատակութեան նշան Խաչ նահատակութեան նշան 

Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի 20 նահատակ քահանաներ պիտի հռչակուին երանելի

Լեւոն ԺԴ. Պապը արտօնեց Իսպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին հաւատքին համար նահատակուած Իպիցայի եւ Ֆորմենթերայի 20 քահանաներու երանացման հրամանագիրերու հրապարակումը։ Միեւնոյն ժամանակ, հինգ հոգեւորականներու եւ կրօնաւորուհիներու հերոսական առաքինութիւնները ճանչցուեցան, եւ անոնք հռչակուեցան Աստուծոյ ծառաներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը արտօնեց Սուրբերու Դատի վերատեսչութեան հրապարակելու նոր երանելիներուն վերաբերող հրամագիրերը, որոնցմով կը ճանչցուի Իսպանիոյ Իպիցա եւ Ֆորմենթերա կղզիներու 20 թեմական քահանաներու նահատակութիւնը։ Անոնք սպաննուած էին քրիստոնէական հաւատքին հանդէպ ատելութենէ մղուած՝ 1936 թուականի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, եւ շուտով պիտի հռչակուին երանելի։

Նահատակներուն գլխաւոր դէմքը երիտասարդ քահանայ Խուան Թորես Թորեսն է, որ իր 19 ընկերակիցներուն հետ կը կազմէր տեղական հոգեւորականութեան մօտաւորապէս կէսը։ Այդ տարիներուն Իպիցայի մէջ կրօնական ազատութիւնները խիստ սահմանափակուած էին, եկեղեցիներու դէմ յարձակումներ տեղի ունեցած էին, իսկ հետապնդումը նպատակ ունէր ամբողջութեամբ վերացնել կղզիներու կաթողիկէ ինքնութիւնը։ Չնայած հալածանքներուն, նահատակներուն յիշատակը կենդանի մնացած է տեղական եկեղեցւոյ մէջ։

Նոյն ժամանակ, Պապը ճանչցաւ նաեւ հինգ անձերու հերոսական առաքինութիւնները, որոնց շնորհուեցաւ «Աստուծոյ ծառայ» տիտղոսը։ Անոնց շարքին են Մալյորկայի միստիկ կրօնաւորուհի Մայր Քլարա Անտրէու ի Մալֆերիտը, Պելճիքացի միսիոնար եւ մի քանի միաբանութիւններու հիմնադիր հայր Ժուլիօ Էմիլիօ Ալպերտօ տէ Լոմբաերտը, Տոսքանայի տոմինիկեան միանձնուհի Քոյր Մարիա Փեթրա Ճորտանոն, Նիւ Եորքի մէջ ծնած եւ «Անարատ Մարիամի Ծխական Այցելուհիներ» միաբանութեան հիմնադիր Մայր Մարիա Թերեզա Թալոնը, ինչպէս նաեւ Ֆլորենցիայի ծնունդ Մայր Մարիա Ագնէս Թրիպպիոլին, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն փրկած էր հրեաներ եւ հետագային արժանացած «Ազգերու Արդար» կոչումին։

Այս որոշումները կը վկայեն Եկեղեցւոյ շարունակական գնահատանքը այն անձերուն նկատմամբ, որոնք իրենց կեանքը ապրեցան հաւատքի, հնազանդութեան, առաքելական ծառայութեան եւ ողորմածութեան ոգիով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

18/06/2026, 12:44