Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Ամերիկեան Կաթողիկէ Համալսարաններու եւ Վարժարաններու պատուիրակութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապը եւ Ամերիկեան Կաթողիկէ Համալսարաններու եւ Վարժարաններու պատուիրակութիւնը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց Ամերիկեան Կաթողիկէ Համալսարաններու եւ վարժարաններու պատուիրակութիւնը. «Անհրաժեշտ է ուսանողներուն մէջ սերմանել ճշմարտութեան հանդէպ սէրը»

Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Ամերիկայի կաթողիկէ համալսարաններու պատուիրակութիւնը եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց գիտելիքի մասնատման դէմ պայքարելու ու ուսանողներուն դէպի քրիստոնէական ճշմարտութիւն առաջնորդելու կարեւորութիւնը: Սրբազան Պապը անդրադարձաւ նաեւ արհեստական բանականութեան բերած մարտահրաւէրներուն՝ յորդորելով կրթական մշակներուն որդեգրել ստեղծագործ մեթոտներ, իսկ երիտասարդներուն՝ զարգացնել Աստուծմէ տրուած քննադատական մտածողութիւնն ու կարողութիւնները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2026-ին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Կաթողիկէ Քոլէճներու եւ Համալսարաններու Ընկերակցութեան» (ACCU) նախագահներն ու տնօրէնները, որոնք Հռոմ կը գտնուին իրենց տարեկան գիտաժողովին առիթով։

Իր արտասանած ճառին մէջ, Սրբազան Հայրապետը կեդրոնացաւ արդի աշխարհի մէջ կաթողիկէ կրթութեան ունեցած հիմնական դերակատարութեան վրայ՝ յղում կատարելով իր վերջին «Magnifica humanitas» շրջաբերականին (Encyclical)։ Պապը մտահոգութիւն յայտնեց գիտելիքի աճող մասնատման վերաբերեալ։

«Այսօր դժուար չէ գտնել որոշակի մարզի մէջ մասնագիտացած փորձագէտներ, սակայն անոնցմէ շատեր դժուարութիւն ունին իրենց կեանքին ուղղութիւն տալու, որովհետեւ անկարող են իրար կապել տեղեկութիւններն ու գիտելիքները եւ չկորսնցնել կեանքի իմաստի հորիզոնը», յայտնեց քահանայապետը։


Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, որ կաթողիկէ համալսարաններու վեհ պարտականութիւնն է երիտասարդներուն առաջնորդել ոչ միայն լոկ վկայականներուն կամ ապագայ պաշտօններու ապահովման, այլեւ՝ փնտռելու եւ սիրելու ճշմարտութիւնը, որուն գերագոյն մարմնաւորումը Քրիստոս Ինքն է։

Արհեստական բանականութեան մարտահրաւէրները

Սրբազան Պապը չանտեսեց նաեւ արդի արհեստագիտական զարգացումները, յատկապէս արհեստական բանականութեան (AI) ներխուժումը կրթական համակարգ։ Քահանայապետը շեշտեց, որ ներկայ պայմանները կրթական մշակներէն կը պահանջեն ըլլալ ստեղծագործ եւ յաւելեալ ճիգ թափել՝ ապահովելու համար մարդկային ամբողջական դաստիարակութիւնը։ Ան յորդորեց, որ երիտասարդները սորվին դրականօրէն յարաբերիլ նոր արհեստագիտութեան հետ, միեւնոյն ատեն զարգացնելով Աստուծոյ կողմէ իրենց տրուած քննադատական մտածողութեան եւ յիշողութեան կարողութիւնները։

Ճառի աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Պապը յոյս յայտնեց, որ ամերիկեան կաթողիկէ հաստատութիւնները միշտ հաւատարիմ մնան Եկեղեցւոյ առողջ վարդապետութեան, ինչ որ ամուր հիմք պիտի հանդիսանայ թէ՛ ուսանողներու կեանքին եւ թէ՛ ազգի ապագային համար։

Քահանայապետը պատգամը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները աղօթելու «Հայր Մեր» Տէրունական աղօթքը, ապա շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը  բոլոր կրթական մշակներուն, ուսանողներուն եւ անոնց ներկայացուցած հաստատութիւններուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2026, 10:27