Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  

Լեւոն ԺԴ. Պապ. Գոհունակութիւն՝ ԱՄՆ-Իրան Համաձայնագիրին Համար, ցաւ՝ Ուքրանիոյ պատերազմի ընդլայնման դիմաց

Լեւոն ԺԴ. Պապը հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին իր խնդակցութիւնը յայտնեց ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ ձեռք բերուած «Իսլամապատի Յուշագիր» համաձայնութեան համար՝ զայն որակելով համբերատար երկխօսութեան արդիւնք։ Միաժամանակ, Սրբազան Քահանայապետը իր խոր ցաւը արտայայտեց Ուքրանիոյ պատերազմի ընդլայնման եւ Քիեւի պատմական Մայր Տաճարի հրկիզման համար՝ կոչ ուղղելով շիջեցնել ատելութիւնը եւ բանալ խաղաղութեան ուղիներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 17 Յունիսի, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը անդրադարձաւ միջազգային քաղաքականութեան եւ հակամարտութիւններու առանցքային երկու զարգացումներուն՝ մէկ կողմէ յայտնելով իր խնդակցութիւնը, իսկ միւս կողմէ՝ իր խոր մտահոգութիւնն ու ցաւը։

ԱՄՆ-Իրան «Իսլամապատի յուշագիրը»

Սրբազան Հայրը մեծ գոհունակութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան համար, որ ծանօթ է որպէս «Իսլամապատի Յուշագիր»՝ Փաքիստանի միջնորդական դերակատարութեան պատճառով։ Համաձայնագիրը պաշտօնապէս պիտի ստորագրուի Ուրբաթ, 19 Յունիսին, Զուիցերիոյ Լուցեռն լիճի մօտակայքը։

«Ասիկա երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու համբերատար աշխատանքի քաջալերական արդիւնքն է։ Կը մաղթեմ, որ այս համաձայնութիւնը նպաստէ Միջին Արեւելքի մէջ փոխադարձ վստահութեան, անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման»։

Քահանայապետը նաեւ շեշտեց հիւլէական զէնքերու վերացման եւ տնտեսական ու ընկերային խնդիրներու լուծման հրամայականը։

Ուքրանիոյ տագնապը եւ Քիեւի տաճարի հրկիզումը

Միւս կողմէ, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Ուքրանիայէն հասնող ցաւալի լուրերուն, ուր պատերազմը արդէն չորրորդ տարին ըլլալով կը շարունակէ ընդլայնուիլ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեց վերջին հրթիռակոծումը, որուն հետեւանքով զոհուած են անմեղ քաղաքացիներ եւ հրկիզուած է Քիեւի Սուրբ Աստուածածնի Ննջման Մայր Տաճարի տանիքը, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մաս կը կազմէ։

Լեւոն ԺԴ. Պապը իր հոգեւոր մօտիկութիւնը յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն՝ ուղղելով սրտագին կոչ մը.

«Բոլորը կը հրաւիրեմ աղօթելու, որպէսզի այս պատերազմը աւարտի։ Տիրոջմէ խնդրենք, որ բանայ երկխօսութեան ուղիներ, շիջեցնէ ատելութիւնը եւ հնարաւոր դարձնէ արդար ու տեւական խաղաղութիւն մը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

17/06/2026, 11:28