Սուրբ Օգոստինոսի արձանը Սուրբ Օգոստինոսի արձանը 

Փաւիայի Օգոստինեանները կը պատրաստուին դիմաւորելու Լեւոն ԺԴ. Պապը

Փաւիայի Սուրբ Պետրոս «Ի Չիէլ Տ՛Օրօ» տաճարին մէջ աւելի քան հարիւր օգոստինեան կրօնաւորներ պիտի դիմաւորեն Լեւոն ԺԴ. Պապը, որ պիտի աղօթէ Սուրբ Օգոստինոսի մասունքներուն առջեւ եւ վերահաստատէ միութեան ու եղբայրութեան օգոստինեան պատգամը։ Տեղական համայնքը, որ կը պատրաստուի նաեւ Սուրբ Օգոստինոսի մահուան 1600-ամեակին, կը ձգտի միջազգային նոր շունչ հաղորդել իր հովուական առաքելութեան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յունիս 20-ին Լեւոն ԺԴ. Պապի Փաւիա կատարելիք հովուական այցելութեան առիթով, Սուրբ Պետրոս «Ի Չիէլ Տ՛Օրօ» պատմական տաճարին մէջ պիտի համախմբուին աւելի քան հարիւր օգոստինեան կրօնաւորներ։ Տաճարը, ուր ութերորդ դարէն ի վեր կը պահպանուին Սուրբ Օգոստինոսի մասունքները, վերջին տարիներուն դարձած է հազարաւոր ուխտաւորներու այցելութեան վայր, իսկ տեղի համայնքը կը ձգտի միջազգային նոր շունչ հաղորդել իր հովուական առաքելութեան։

Համայնքի վանահայր Հայր Ճանֆրանքօ Քազակրանտէ յայտնեց, թէ Պապի այցելութիւնը կը մարմնաւորէ երկար սպասուած երազ մը, որովհետեւ Օգոստինեան միաբանութենէն սերած Լեւոն ԺԴ. պիտի վերադառնայ Սուրբ Օգոստինոսի «տունը» եւ պիտի աղօթէ անոր գերեզմանին մօտ։ Ան ընդգծեց, որ օգոստինեան հոգեւորութիւնը հիմնուած է միութեան, հաղորդութեան, եղբայրութեան եւ խաղաղ համակեցութեան վրայ, եւ այդ արժէքները այսօր եւս կը կազմեն Սրբազան Քահանայապետի պատգամին առանցքը։

Պապին պիտի նուիրուի Սուրբ Օգոստինոսի դարձը պատկերող քանդակազարդ տախտակի եռաչափ պատճէն մը, ինչպէս նաեւ բրոնզէ ճրագ մը՝ երեք ձիթենիի ճիւղերով, որոնք կը խորհրդանշեն խաղաղութիւնը։ Նոյն ճրագը պիտի վառէ անձամբ Լեւոն ԺԴ.-ը եւ պիտի մնայ Սուրբ Օգոստինոսի մասունքներուն մօտ՝ որպէս խաղաղութեան պատգամի մնայուն յուշակոթող։

Այսօր ութ անդամներէ բաղկացած Փաւիայի օգոստինեան համայնքը, միջազգային նոր կազմաւորման միջոցով, կը պատրաստուի նաեւ 2030-ին նշուելիք Սուրբ Օգոստինոսի մահուան 1600-ամեակին։ Այդ նպատակով կը նախատեսուի երեքամեայ նախապատրաստական շրջան, որ պիտի համախմբէ Օգոստինեան հոգեւորութենէն ներշնչուած եկեղեցական, հասարակական եւ աշխարհական շրջանակները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ.

19/06/2026, 11:01