Լեւոն ԺԴ Պապ. «Մարդկային ընկերակցութեան տագնապը յաղթահարելու ուղին սիրոյ քաղաքակրթութեան կերտումն է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 30 Մայիս 2026-ին, առաւօտեան, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց «Centesimus Annus Pro Pontifice» հիմնադրամի վարչութիւնն ու անդամները, որոնք Հռոմ համախմբուած են 2026 տարուան Ընդհանուր ժողովի եւ Միջազգային համագումարի առիթով։ Հանդիպման ընթացքին արտասանած պատգամին մէջ Քահանայապետը անդրադառձաւ արդի աշխարհի մարտահրաւէրներուն եւ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան առանցքային դերին։
Լեւոն ԺԴ. Պապը բարձր գնահատեց հիմնադրամի հետեւողական գործունէութիւնը, ընդգծելով, որ այս տարուան համագումարի նիւթը՝ «Բեկորացած աշխարհ մը հոգեւորականութեան փնտռտուքի մէջ. Ազատութիւն եւ բազմակարծութիւն Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան լոյսին տակ», լիովին համահունչ է իր վերջերս հրատարակած «Magnifica Humanitas» շրջաբերական նամակին (Encyclical) հետ։
Ճգնաժամի դիմաց՝ ընդհանուր մարդկայնութիւն
Լեւոն ԺԴ Պապը նշեց, որ ներկայ մարդկութիւնը կը տառապի պատերազմներու, բեւեռացումներու, մշակութային եւ ընկերային բաժանումներու պատճառով։ Սակայն՝այս տագնապալի օրերուն է, որ կը սկսի նոր յոյս մը, որովհետեւ դժուարութիւնները մարդոց կը ստիպեն անդրադառնալ իրենց ընդհանուր արմատներուն եւ տալ հիմնական հարցումներ. «Ո՞ւր կ՚երթանք։ Դէպի ո՞ր նպատակը կ՚ուզենք ուղղուիլ»։
«Այս հարցումները մարդկութեան ճշմարտութեան փնտռտուքի յստակ արտայայտութիւնն են, որոնք կը ծնին Աստուծոյ եւ մնայուն իմաստի ծարաւէն», յայտնեց Սրբազան Հայրը։
Ազատութեան եւ երկխօսութեան իսկական իմաստը
Քահանայապետը յատուկ անդրադարձ կատարեց «ազատութիւն» հասկացողութեան՝ քննադատելով զայն սոսկ անհատապաշտական ձեւով ընկալելու արդի միտումները։ Յղում կատարելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի «Evangelium Vitae» գրութեան, ան յիշեցուց, որ իսկական ազատութիւնը կը կայանայ «ինքնանուիրումի եւ դէպի ուրիշները բացուելու» մէջ, այսինքն՝ սիրոյ ծառայութեան մէջ։
Անդրադառնալով Սուրբ Օգոստինոսի երկու քաղաքներու տեսութեան (Աստուծոյ Քաղաք եւ Մարդու Քաղաք), Պապը շեշտեց, որ ժողովրդավարութեան եւ բազմակողմանի դիւանագիտութեան ներկայ տագնապը իրականութեան մէջ մարդաբանական ճգնաժամ է, որ յառաջ եկած է Արարիչը մոռնալու հետեւանքով։
«Սիրոյ քաղաքակրթութիւնը չի ծնիր մէկ տպաւորիչ արարքով, այլ՝ փոքր ու հաստատուն հաւատարմութեան քայլերու հանրագումարով», ըսաւ ան։
Յարգանք եւ բազմակարծութիւն
Իր պատգամի աւարտին, Լեւոն ԺԴ ընդգծեց ճշմարտութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ կը յարգէ իւրաքանչիւր մարդու բնածին արժանապատուութիւնը։ Այս մօտեցումը, ըստ Սրբազան Հօր, թոյլ կու տայ յաղթահարել եսասիրութիւնն ու սեփական շահերը՝ ի նպաստ ընդհանուր բարիքին եւ խաղաղ համակեցութեան։
Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնադրամի անդամներուն իրենց առաքելութեան համար, խոստացաւ աղօթել անոնց յաջողութեան համար եւ սրտանց փոխանցեց իր հայրապետական օրհնութիւնը ներկաներուն ու անոնց ընտանիքներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
