Magnifica Humanitas - հեռաձայնային հաղորդակցութիւն Քահանայապետին եւ Քանատայի վարչապետ Քարնիի միջեւ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Մայիս 29-ի կէսօրէն ետքը, տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ընդմէջ Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Քանատայի վարչապետ Մարք Քարնիի, Նորին Սրբութեան Magnifica Humanitas շրջաբերական նամակի հրատարակութեան առիթով։
Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ քննարկուած է արհեստական բանականութեան զարգացման շուրջ երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ բարոյագիտական հայեցակէտով եւ մարդակեդրոն մօտեցումով։ Զրոյցի ընթացքին արծարծուած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային գետնի վրայ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթեր՝ յատուկ անդրադարձ կատարելով ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան հաստատման յանձնառութեան, յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ պարագային։
Հանդիպումը՝ քահանայապետական գահակալութեան Սուրբ Պատարագի աւարտին
Քանատայի վարչապետ Քարնի Լեւոն ԺԴ. Պապին հանդիպած էր Վատիկանի մէջ, 18 Մայիս 2025-ին, քահանայապետական գահակալութեան պաշտօնական Սուրբ Պատարագի աւարտին։ Քարնի, որ կաթողիկէ է, Հռոմ ժամանած էր իր ընտանիքին հետ։ 2025-ի Մարտէն ի վեր վարչապետի պաշտօնը վարող 61-ամեայ գործիչը տնտեսագէտ է, դրամատան կառավարիչ, տնօրէն եւ քաղաքագէտ՝ Քանատայի Ազատական կուսակցութեան ղեկավարը։ Ամուսնացած է Տայանայի հետ եւ ունին չորս զաւակներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
