2026.05.11 S.E. il Signor Kamil Al-Tayeb Idris, Primo Ministro del Sudan

Լեւոն ԺԴ. ընդունեց Սուտանի վարչապետը. խաղաղութեան եւ զինադադարի կոչ

«Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ Սուրբ Աթոռի և Սուտանի միջև յարաբերութիւններու կարևորութիւնը, ինչպէս նաև տեղւոյն Եկեղեցւոյ նշանակալից աւանդը երկրի բարօրութեան գործին մէջ» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ եւ ընդգծուած թէ հանդիպման ընթացքին «անդրադարձ կատարուեցաւ նաև այն ծանր տագնապին, որ աւելի քան երեք տարիէ ի վեր կը հարուածէ պատերազմի մէջ գտնուող Սուտանը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երկուշաբթի, 11 Մայիսի առաւօտեան՝, Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Սուտանի Հանրապետութեան Վարչապետ՝ Տիար Քամիլ Էլ-Թայեպ Իտրիս Ապտելհաֆիզը, որ այնուհետև հանդիպում ունեցաւ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի՝ Նորին Սրբութեան Պետական Քարտուղարին հետ, ընկերակցութեամբ Գերապայծառ Միհայիցա Պլաժի՝ Պետութիւններու հետ Յարաբերութեանց Ենթաքարտուղար». Լուրը կը կարդան Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

«Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած ջերմ հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ Սուրբ Աթոռի և Սուտանի միջև յարաբերութիւններու կարևորութիւնը, ինչպէս նաև տեղւոյն Եկեղեցւոյ նշանակալից աւանդը երկրի բարօրութեան գործին մէջ» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ եւ ընդգծուած թէ հանդիպման ընթացքին «անդրադարձ կատարուեցաւ նաև այն ծանր տագնապին, որ աւելի քան երեք տարիէ ի վեր կը հարուածէ պատերազմի մէջ գտնուող Սուտանը»։

«Այս ծիրէն ներս վերահաստատուեցաւ զինադադարի հասնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը, ժողովուրդին օգնութիւն տրամադրելու և սուտանեան ազգի բոլոր հատուածներուն միջև անկեղծ երկխօսութիւն սկսելու կարևորութիւնը՝ նպատակ ունենալով վերջ դնել հակամարտութեան և միասնաբար կերտել խաղաղութիւնը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2026, 11:47